Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Յախճապակեայ դղեակին մէջ ապաստանած, ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան չի տեսներ կամ չ՚ուզեր ընդունիլ իրականութիւնը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան մասին։ Կապանի մէջ իր այսօրուան ասուլիսի ընթացքին, ան դարձեալ ապացուցեց թէ կտրուած է այս իրականութենէն։ Ան կրկին անգամ յայտնեց իր այն «ցանկալի մտածողութիւնը» («wishful thinking”), թէ «եթէ կայ հակադրութիւն, ապա Դաշնակցութեան այն (այսինքն՝ Հայաստանեան) հատուածի եւ կառավարութեան միջեւ է։»
Առ այդ, վարչապետը վերադառնալով իր հնամաշ յանկերգին, թափեց իր հերթական բայց երեւակածին սպառնալիքը, յայտարարելով, «Մեզ համար խնդիր է ռազմավարական համահայկական ներուժի համախմբումը՝ ազգային, պետական հարցերի լուծման շուրջ: Համոզուած եմ, որ Դաշնակութեան հետ, որպէս համահայկական կառուցի, մենք կարող ենք կառուցողական երկխօսութիւն սկսել: Բայց իմ կարծիքը զուտ հայաստանեան կառուցի մասով մնում է նոյնը: Եթէ այդ արձանագրումը, փոփոխութիւնը տեղի չունենայ, Հայաստանում Դաշնակցութեան քաղաքական ապագան շատ մշուշոտ կը դառայ։»
Վարչապետը կը յամառի չհասկնալ, թէ Հայաստանի Դաշնակցութեան կազմակերպութիւնը համայն Դաշնակցութեան կազմակերպութիւնն է։ Անոր հետապնդած վարքագիծն ու գործունէութիւնը համայն Դաշնակցութեան վարքագիծն ու գործունէութիւնն է։
Համայն Դաշնակցութեան կողմէ Հայաստանի Դաշնակցութեան կառոյցը համայն Դաշնակցութեան գործակցութեան ձեռքը միշտ երկարած կը պահէ Հայաստանի կառավարութեան։ Այս մեր հայրենիքն է, մեր պետութիւնն է, մեր ժողովուրդն է։
Իր համայն կառոյցներով Դաշնակցութեան գործակցութիւնը գործակցութի՛ւն կառավարութեան հետ, ոչ թէ կառավարութեան «գրպանը» ըլլալ է։
Հաւանաբար տեղ մը «մշուշոտ ապագան» պիտի գայ մէկու մը համար։ Բայց այդ մէկը Դաշնակցութիւնը չէ։ Այս մասին իմանալու համար լաւ կ՚ընէ վարչապետը հարցնելու բոլշեւիկներուն...։
Սեդօ Պոյաճեան
Յունուար 25, 2020
Լոս Անճելըս