Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Շարքային զինծառայող Սեւակ Պալըքճըի 24 Ապրիլ 2011-ին իր ծառայած զօրագունդի մէջ սպանութեան դատավարութիւնը կը շարունակուի։ 18 Յունիսին Պաթմանի Առաջին եղեռնադատ ատեանի մէջ կայացած դատավարութեան ներկայ գտնուեցան ոճրագործ Քվանչ Աղաօղլու, այդ շրջանի զինծառայող Մեթին Էօզթիւրք։ Դէպքի ժամանակ ոճրագործը պնդած էր թէ իր զէնքը ինքնիրեն կրակած էր, ինք դիտումնաւոր կերպով չէր կրակած Սեւակին։ Սակայն կատարուած թեխնիքական ուսումնասիրութիւնները ջրեցին Աղաօղլուի պնդումները՝ յայտնելով թէ զէնքին ինքնիրեն աշխատութեան պատճառ դարձող խանգարում մը չէ նկատուած։
Այսպէսով դատախազութիւնը գիտակցաբար մարդասպանութեան մեղադրանքով մինչեւ 9 տարի բանտարկութեան պատիժ պահանջած էր։ Դատավարութեան առաջին փուլը աւարտած էր 26 Մարտ 2013 թուականին եւ դատարանը գիտակցաբար մարդասպանութեան մեղադրանքով 4 տարի 5 ամիս եւ 10 օրուայ բանտարկութեան վճիռ արձակած։ Սակայն Զինուորական վճռաբեկ ատեանը մերժած էր դատարանի այս որոշումը եւ պահանջած էր որ դատավարութիւնը վերսկսի ի սկզբանէ։
Դատավարութիւնը պիտի շարունակուի 19 Սեպտեմբեր 2019-ին։
Ակօս