Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շաբաթավերջին այցելութիւն մը տուաւ Հայաստանէն արտագաղթելով քաղաքս հաստատուած Սարգիս եւ Արփինէ ամոլին։ Հարկ է նշել, որ շուրջ երկու շաբաթ առաջ Արփինէն Սամաթիոյ իր բնակարանին մէջ դաշունահարուած էր։ Այս ցաւալի եւ սարսափելի դէպքին հետեւանքով Սարգիսը եւ Արփինէն ներկայիս կ՚ապրին վախու մէջ։ Մատնուած ըլլալով խոր մտահոգութեան անոնք լքած են Սամաթիոյ իրենց բնակարանը եւ ներկայիս կը հիւրընկալուին ուրիշ տան մը մէջ։ Սամաթիոյ մէջ պատահած այս դէպքը այսքան ժամանակէ ի վեր նոյնիսկ մասամբ չէ լուսաբանուած։ Արփինէն իր բնակարանին մէջ դաշունահարուած է երկու ծայրայեղականներու կողմէ։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այցելութեան ընթացքին իր հայրական օրհնութիւնն ու բարոյական զօրակցութիւնը յայտնեց Սարգիս եւ Արփինէ ամոլին։ Նորին սրբազնութիւնը հետաքրքրուեցաւ դէպքի մանրամասնութիւններով եւ յաջորդած իրադարձութիւններով։ Ընդհանուր փոխանորդը միեւնոյն ատեն աղօթք արտասանեց Արփինէին վրայ, որպէսզի ան կարենայ յաղթահարել այս մեծ ցնցումը։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այցի ընթացքին ընդգծեց, որ Պատրիարքական Աթոռը կը շարունակէ Անվտանգութեան տնօրէնութեան հետ շփման մէջ մնալ եւ իրադարձութիւններուն պիտի հետեւի՝ մինչեւ որ յանցագործները հաշիւ տան օրէնքի առջեւ։ Միւս կողմէ, Սարգիս եւ Արփինէ ամոլը արդէն որոշած են մօտ օրէն վերադառնալ Հայաստան։
«Ժամանակ»