կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-03-22 10:59
Քաղաքական

ՀՅԴ Ամ. Ամերիկայի Հայ Դատի հանձնախումբը հանդիպել է Կալիֆոռնիայի փոխնահանգապետի հետ

ՀՅԴ Ամ. Ամերիկայի Հայ Դատի հանձնախումբը հանդիպել է Կալիֆոռնիայի փոխնահանգապետի հետ

18 Մարտին, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի  Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան եւ անձնակազմի ներկայացուցիչները արդիւնաբեր հանդիպում մը ունեցան Քալիֆորնիոյ փոխնահանգապետ Էլանի Քունալաքիսի հետ, նահանգի մայրաքաղաքին մէջ։

«Նկատի ունենալով անոր յունական ծագումը, փոխնահանգապետը լաւապէս ծանօթ է հայոց պատմութեան եւ ամերիկահայ համայնքին քաղաքական նախապատուութիւններուն», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան՝ աւելցնելով. «Ուրախ ենք, որ առիթը ունեցանք անոր հետ հանդիպելու եւ կ՛ակնկալենք աւելի մօտէն գործակցիլ անոր եւ անոր գրասենեակին հետ, իրականացելու համար երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող նախաձեռնութիւններ»։

Հանդիպման ընթացքին քննուեցան ամերիկահայութիւնը եւ Հայ Դատը յուզող շարք մը հարցեր։

Քունալաքիս իր զօրակցութիւնը յայտնեց Հայկական Հարցին, յոյժ կարեւոր համարելով ամերիկահայութեան հետ սերտ համագործակցութիւնը։

Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան ներկայացուցիչները։