կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-05-14 14:52
Հասարակություն

Հեծանվային արշավ և ոգեկոչում` Արցախյան ազատամարտի լիբանանահայ նահատակ Վիգեն Զաքարյանի հիշատակին

Հեծանվային արշավ և ոգեկոչում` Արցախյան ազատամարտի լիբանանահայ նահատակ Վիգեն Զաքարյանի հիշատակին

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան Քարոզչական յանձնախումբին, կիրակի, 12 մայիսի առաւօտեան ժամը 7:30-էն սկսեալ, Պուրճ Համուտի մէջ տեղի ունեցաւ արցախեան ազատամարտի լիբանանահայ նահատակ, ԼԵՄ-ական եւ ՀՄԸՄ-ական հեծելանւորդ Վիգէն Զաքարեանի յիշատակին հեծելարշաւի մրցում մը` ներկայութեամբ Վիգէն Զաքարեանի հարազատներուն եւ մասնակցութեամբ շուրջ 40 երիտասարդներու:

Այս առիթով խօսք առաւ Գէորգ Եագուպեան, որ լուսարձակի տակ առաւ Վիգէն Զաքարեանի յատկանիշները, յատկապէս` ազգասիրութիւնը եւ մահուան գնով հայրենիքին նուիրուելու պատրաստակամութիւնը, ինչպէս նաեւ Բաբգէն Սիւնիի, Արմէն Գարոյի եւ Լիզպոնի 5 քաջարի մարտիկներուն ճամբով Արցախ մեկնելու եւ հոն նահատակուելու հանգամանքը:

Ապա Գ. Եագուպեան խօսեցաւ նահատակութեան կարեւորութեան ու վեհութեան մասին` շեշտելով, որ անիկա անմահութիւն է, իսկ Վիգէն Զաքարեան մեր ազգի հերոսներու փաղանգին միանալով ու մարմնաւորելով տիպար հայու ու տիպար դաշնակցականի նկարագրային գիծերը, դարձաւ իտէալ մը բոլոր հայ երիտասարդներուն համար` կոչ ուղղելով անոնց, որ համակերպումով ու ստրկամտութեամբ երբեք կարելի չէ հասնիլ մեր գերագոյն նպատակներուն եւ մեծ երազին` ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանին: Ան նշեց, որ` նկատի ունենալով Վիգէն Զաքարեանի գործունէութիւնը ԼԵՄ-ի եւ ՀՄԸՄ-ի մէջ, նաեւ այն, որ ան մաս կազմած է ՀՄԸՄ-ի հեծելարշաւի խումբին, ԼԵՄ-ը նախաձեռնած է այդ հեծելարշաւին` նուիրուած Վիգէնի նահատակութեան 27-ամեակին:

Իր խօսքը եզրափակելով` Գէորգ Եագուպեան հաստատեց, որ իրենք հաւատարիմ պիտի մնան Վիգէն Զաքարեաններու ուղիին, ինչպէս նաեւ միշտ վառ պիտի պահեն հերոս նահատակներուն յիշատակը:

Անկէ ետք յուշանուէր մը յանձնուեցաւ Վիգէն Զաքարեանի քրոջ` Հուրի Զաքարեանին:

Մրցումին առաջին հանդիսացաւ Բեկոր Եագուպեան, երկրորդ` Մեսրոպ Յովհաննէս, իսկ երրորդ` Սէրուժ Խանճիհանեան:

 

Անկէ ետք հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ արցախեան պայքարի լիբանանահայ ազատամարտիկ Վիգէն Զաքարեանի նահատակութեան տարելիցին առիթով, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ սուրբ պատարագի: Հոգեհանգիստէն ետք ներկաները ուղղուեցան ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» ակումբ, ուր յիշատակի ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ ակումբին «Սարգիս Ազնաւուրեան» սրահին մէջ:

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղին անունով բացման խօսք արտասանեց Մեսրոպ Յովհաննէս, որ լուսարձակի տակ առաւ Վիգէն Զաքարեանի նկարագրային գիծերն ու անոր կեանքին ընթացքը, որոնք օրինակելի են յառաջիկայ սերունդներուն, յատկապէս ԼԵՄ-ականներուն համար, որոնց համար ներշնչման աղբիւր է նահատակ ԼԵՄ-ականը: Ան աւելցուց, որ նման ազատամարտիկներու նահատակութիւնը ինքնին պատգամ կ՛ուղղէ հայ երիտասարդներուն, որոնք եւս պէտք է պատրաստ ըլլան նուիրուելու իրենց ազգին ու հայրենիքին:

Այս առիթով իր սրտի խօսքը արտասանեց նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ազատամարտիկներու հարցերու յանձնախումբի պատասխանատու գնդապետ Արտաշէս Մխիթարեան, որ ողջունեց ԼԵՄ-ականները, անոնց նախաձեռնութիւններն ու տարած աշխատանքը` դիտել տալով, որ երիտասարդութիւնն է ազգին ապագան, ուստի պէտք է ունենանք այնպիսի երիտասարդներ, որոնք գիտակից ըլլան հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն, նահատակներուն կտակը իբրեւ փարոս ունենան եւ դէպի ապագայ ընթանան խրոխտ ու պայքարի կամքով զինուած:

aztagdaily.com


 

 

 

 

 



«Վիգէնը` զրահը մեր պայքարին, շտապեց Արցախ, որովհետեւ ղարաբաղեան ոսկուն արտերուն ծիլերը կը տրորուէին ազերի սմբակներուն տակ, որովհետեւ Թարթառ գետին ջուրերը կը պղծուէին թշնամիին բռնադատումներէն, որովհետեւ թրքանուն հայկական գիւղերը կարօտը ունէին միւռոնացեալ մկրտութեան», ըսաւ ան: