Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Աղբյուրը՝ armenianorthodoxchurch
Շաբաթ, 26 Յունուար 2019-ի առաւօտեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Անթիլիասի Մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Թուրքիոյ Խորհրդարանի հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլանը, ընկերակցութեամբ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Ալեքսան Քէօշկէրեան եւ Լիբանանի շրջանի Վարիչ Մարմնի ատենապետ Մարտիկ Ժամկոչեան։
Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպան քննարկումներուն առանցքը, բնականաբար, հայ-թրքական յարաբերութիւնները, Ցեղասպանութեան հարցը, Սիսի Կաթողիկոսարանին դատը, Թուրքիոյ հայութեան պարզած ներկայ վիճակը եւ այլ յարակից խնդիրներն էին։ Նշեալ հարցերուն գծով Կարօ Փայլան անհրաժեշտ տեղեկութիւնները փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետին, միաժամանակ իր տեսակէտները յայտնելով։ Նորին Սրբութիւնը, իր կարգին, կարեւորութեամբ անդրադարձաւ Ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման եւ այդ ծիրէն ներս Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձի դատին։
Ապա, երեսփոխան Կարօ Փայլանը, Կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական Բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեանի առաջնորդութեամբ, այցելեց Մայրավանքի շրջափակին մէջ գտնուող Սրբոց Նահատակաց յուշարձան եւ իր յարգանքը մատուցեց Ցեղասպանութեան զոհ 1.5 միլիոն սրբացեալ նահատակներու յիշատակին։