Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Աղբյուրը՝ Kantsasar
Գամիշլիի «Կիւլպէնկեան» սրահէն ներս շքեղ տօնակատարութեամբ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին նուիրուած եզրափակիչ հանդիսութիւնը, հովանաւորութեամբ Ճէզիրէի Հայոց Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տէր Ռուբէն Աբղ. Նալպանտեանի, ներկայութեամբ Արժ.Տ Պսակ Քհնյ.Պէրպէրեանի, հայ կաթողիկէ համայնքի քահանայ Տէր Յովսէփ Քհնյ. Պետոյեանի, ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. Վրչ.ներկայացուցիչ եղբ. Զաւէն Գասպարեանի, Պատկան Մարմինի եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն։
Հանդիսավարներ՝ Անի Սագիսեան եւ Սօսէ Խաչատուրեան-Մանուկեան ներկաները հրաւիրեցին մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը մեզմէ առ յաւէտ բաժնուած ՀՄԸՄ-ական ննջեցեալներուն եւ նահատակներուն, որմէ ետք հնչեցին Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգները։
Բացման խօսք արտասանեց մասնաճիւղի ատենապետ Անդրանիկ Սարգիսեան, որ համառօտ կերպով ներկայացուց ՀՄԸՄ-ի հարիւրամեակին նուիրուած ձեռնարկները, յայտնելով որ ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան100-ամեակին նուիրուած ոգեկոչական նախաձեռնութիւնները անկրկնելի առիթներ կը հանդիսանան մարմնակրթական այս ռահվիրայ կազմակերպութեան մէկդարեայ պատմութեան էջերը թերթատելու, ուսանելի դասեր քաղելու, ապա վերանորոգ ուխտով, հաստատաքայլ շարունակելու դէպի նոր հորիզոններ բացուող անոր յաւերժական երթը՝ նոյն հաւատքով ու վճռակամութեամբ։
ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան խօսքը արտասանեց Զաւէն Գասպարեան։ Ան նախ շնորհաւորեց ՀՄԸՄ-ը իր 100-ամեայ երթին առիթով, անոր մաղթելով նորանոր ամեակներու նուաճում։ Ապա շեշտեց հետեւողական աշխատանքի անհրաժեշտութիւնը ու ըսաւ. «Այսօր, աւելի քան երբեք, ՀՄԸՄ-ական քոյր եղբայրներէն կ՚ակնկալուի առաւել աշխատանք, առաւել նուիրում եւ առաւել ստեղծագործութիւն՝ յաղթահարելու միութեան դէմ ցցուող բոլոր դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները»։
Ազգային-հայրենասիրական փունջ մը երգերով ելոյթ ունեցան քոյր Եւա Մանուկեան-Սելիմեան, եղբ. Ատուր Ադամեան, եղբ. Ռաֆֆի Օհանեան։
«Գալէ՛, Գայլի՛կ» քերթուածը ասմունքեց բժշկհ. Մարի Մելքոնեան-Պետրոսեան, որմէ ետք եղբ. Աբիկ Քեհեայեան ներկայացուց ՀՄԸՄ-ի պատմութիւնն ու առաքելութիւնը, անդրադառնալով անոր խորիմաստ նշանաբանին ու վսեմ գաղափարին։
Փակման խօսքը արտասանեց եղբ. Խաչիկ Մելքոնեան, որ նախ բարձրօրէն գնահատեց ՀՄԸՄ-ի վարչութեան միամեայ աշխատանքը, ապա շնորհաւորեց ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը՝ անոր մաղթելով նորանոր նուաճումներ։
««Պատուաբեր անցեալէն յաղթական ապագայ» կարգախօսով ծառայելու, պայքարելու եւ գոյատեւելու վճռակամութեամբ, օրհնութեամբ լեցուն, լուսաւոր ճանապարհ կը մաղթենք ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին», ըսաւ ան։
Աւելցնենք, որ հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում։ Ապա հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Յառաջ Նահատակ» քայլերգով։