Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Աղբյուրը` Kanstasar
Գամիշլիահայութիւնը աննախընթաց խանդավառութիւն մը ապրեցաւ՝ ներկայ գտնուելով ազգային-ժողովրդական երգերու մեկնաբան Ներսիկ Իսպիրեանի եւ «Տարօն» նուագախուբի համերգին։ Պատերազմի դառնութիւնը ապրած գամիշլիահայութիւնը ոգեւորիչ պահեր ապրեցաւ, հոգեփոխուեցաւ, երբ իւրաքանչիւր երգի հետ թեւածեց դէպի Հայրենիք, պատմական Հայաստան, դէպի Արցախ ու ծափողջոյններով իր երախտագիտութիւնը յայտնեց սիրուած երգիչ Ներսիկ Իսպիրեանին ու անոր ընկերակցող արհեստավարժ նուագախումբին։ Հանդիսութիւնը նուիրուած էր Հ.Յ.Դ.128 եւ ՀՀ Անկախութեան 100-ամեակներուն։ Ձեռնարկը կը հովանաւորէր Ճէզիրէի Հայոց Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ.Ռուբէն Աբղ.Նալպանտեան, կազմակերպուած էր ՍԵՄ-ի «Նիկոլ Դուման» Մասնաճիւղին կողմէ։ Ներկայ էին Հայ Կաթողիկէ եւ Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւոր հայրերը, Պատկան Մարմինի, միութիւններու եւ ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներ։ Հանդիսավար բժշկհ.Մարի Մելքոնեան-Պետրոսեան բացումը կատարելով ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս՝ յարգելու հայ ժողովուրդի նահատակներուն յիշատակը։ Ապա հնչեցին Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգները։ Բացման խօսք արտասանեց Նայիրի Խաչատուրեան- Թէօքմէճեան։ Ան անդրադառնալով ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնադրութեան եւ գործունէութեան՝ շեշտեց, որ Դաշնակցութիւնը եղաւ հայ քաղաքական միտքին դարբնոցը, մշտարթուն դրօշակիրը ազգային գաղափարներուն, ուստի պիտի շարունակէ տիրական իր ներկայութիւնը՝ յանուն միացեալ հայութեան եւ ամբողջական ու անկախ հայրենիքի համազգային ուխտի կատարման։ Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ «Տարօն» նուագախումբը եւ հայկական երաժշտութեան կատարումով բոցավառեց սրտերը։ Այնուհետեւ բուռն ծափողջոյններու ներքոյ բեմ բարձրացաւ երգիչ Ներսիկ Իսպիրեան եւ երեք ժամ անդադար երգելով մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց։ Ելոյթին մասնակցեցաւ նաեւ ՀՄԸՄ-ի աստիճանաւորական կազմին յառաջացուցած պարախումբը, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ պարուսոյցներ՝ Նանար Սարգիսեանի եւ Նուշիկ Տիգրանեանի։ Հանդիսութիւնը աւարտին հասաւ «Արիւնոտ դրօշ» երգի համաժողովրդային կատարումով։