Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Աղբյուրը՝ Aztagdaily
Հայր Աստուած, մեր հայրը, որ երկինքն ես, տէր Յիսուս, որդի Աստուծոյ, փրկիչ աշխարհի, գլուխն եկեղեցիի, հոգին սուրբ Աստուած, մեր կենարար առաջնորդը, մխիթարիչը, սրբացնողը, տէրը եւ կեանք պարգեւողը, քեզի կը նուիրենք աղօթքի այս տունը:
17 յունուար 2016-ին հրթիռակոծման պատճառով նիւթական մեծ վնասներու ենթարկուած էր Հալէպի Հայ աւետ. Էմմանուէլ եկեղեցին եւ փուլ եկած էր անոր կղմինտրածածկ առաստաղը: Եկեղեցիի բարեպաշտ ժողովուրդը, ստիպուած, երկու տարի իր կիրակնօրեայ պաշտամունքը ունեցաւ եկեղեցիի ներքնասրահին մէջ: Հալէպն ու շրջակայքը իրենց ապահովութիւնը արդէն վերագտած են, իսկ ժողովուրդը կը փորձէ թօթափել պատերազմի հետքերն ու վերացնել սպիները:
Փառք կու տանք Աստուծոյ, որ կարելի եղաւ վերականգնել Հայ աւետ. Էմմանուէլ եկեղեցին` ներդրումով Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան եւ զանազան նուիրատու կողմերու, հովանաւորութեամբ ՄԱՀԱԵ միութեան Կեդրոնական մարմինին, ջանքերով Հալէպի հայ աւետ. եկեղեցիներու տեղական մարմիններուն եւ անխոնջ նուիրումով Սուրիոյ Հայ աւետ. համայնքի համայնքապետ վեր. Յարութիւն Սելիմեանի:
Եկեղեցւոյ նաւակատիքը տեղի ունեցաւ կիրակի, 2 դեկտեմբեր 2018, ժամը 12:30-ին, ներկայութեամբ` սուրիական պետական մարմիններու բարձրաստիճան ղեկավարներու, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի եւ Հալէպի Հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Պետրոս Միրիաթեանի, Քրիստոնեայ տարբեր համայնքներու համայնքապետներու եւ իսլամ կրօնապետներու, հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու եւ մեծ թիւով հայ աւետ. եւ քոյր եկեղեցիներու ժողովուրդին: Այս առիթով յատուկ պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ ՄԱՀԱԵ միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի, Կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի եւ անդամներու, ուրբաթ, 30 նոյեմբերին ժամանած էին Հալէպ, եւ իրենց ներկայութեամբ ու յորդորներով զօրակցութիւն կը յայտնէին ժողովուրդին եւ փառք կու տային կատարուած աստուածահաճոյ աշխատանքին համար:
Վեր. Յարութիւն Սելիմեանը արաբերէնով ողջունեց ներկաները, երախտագիտական խօսքեր արտասանեց պետական մարմիններուն` իրենց ցուցաբերած զօրակցութեան համար եւ Աստուծոյ փառք տուաւ, որ ԱՀԱԸ-ի եւ ՄԱՀԱԵ միութեան միասնական ջանքերով կարելի եղաւ երազները իրականացնել եւ հասնիլ այս սպասուած օրին:
Պաշտամունքի ընթացքին ցուցադրուեցաւ Ալին Փանոյեանին պատրաստած տեսերիզը, ապա պատուելի Սիմոն Տէր Սահակեանը պաշտամունքի կոչը կատարեց, իսկ վեր. Սողոմոն Քիլաղպեանը` Աստուածաշունչի ընթերցումը: Էմմանուէլ եկեղեցիի երեք անդամներ կարդացին փառաբանութեան աղօթքը: Հալէպի Հայ աւետ. եկեղեցիներու միացեալ երգչախումբը, առաջնորդութեամբ Գայեանէ Սիմոնեան-Տէրեանի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ Պեթի Հաթեմի, կատարեց «Մեծ է հաւատարմութիւնդ», «Եկեղեցի ընդհանրական» հոգեւոր երգերը, իսկ Արամ Խաչատուրեան, դաշնակի ընկերակցութեամբ Ժաք Պոզեագալեանի, կատարեց «Եկեղեցին հիմնեալ է» երգը:
Վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը կատարեց բեմի Աստուածաշունչի նուիրումը բանալով 119-րդ սաղմոսը եւ զետեղելով զայն հաղորդութեան սեղանին վրայ: Նաեւ ան ՄԱՀԱԵ միութեան Կեդրոնական մարմինին ողջոյնի եւ գնահատանքի խօսքը ուղղեց Հալէպի Հայ աւետ. եկեղեցիներու ժողովուրդին, սուրիահայութեան եւ վեր. Յարութիւն Սելիմեանին:
Վերանուիրման պաշտամունքի պատգամաբերն էր ՄԱՀԱԵ միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանը: Ան նախ ընդգծեց, որ եկեղեցին մարդկային կառոյց մը ըլլալէ աւելի, տէր Յիսուս Քրիստոսի կողմէ շինուած էութիւն մըն է` կազմուած մարդոցմով եւ մարդոց մէջ: Ապա աւելցուց. «Որպէս ժողովուրդներու մէջէն զատուած հաւաքականութիւն` եկեղեցիին անդամները իւրացուցած պէտք է ըլլան զատուած ըլլալու այդ որակը, ինչ որ զիրենք կ՛առաջնորդէ տարբեր ձեւերով ապրելու իրենց կեանքերը, որոնք պիտի յատկանշուին Քրիստոսի շնորհած հաւատքով եւ զայն իրենց անձերուն մէջ աճեցնելու ջանքով»: Հուսկ, վեր. Գարակէօզեանը ըսաւ. «Հաւատքը, առաջնորդուած` տէր Յիսուս Քրիստոսի սորվեցուցած սկզբունքներով, պիտի վերածուի քրիստոնավայել կեանքի` Քրիստոսի կեանքին նմանութեամբ եւ որակով, որ պիտի փոխանցուի յաջորդ սերունդներուն` որպէս իրաւ ժառանգորդներու, քանի որ աւանդը այդ որակն է , եւ ոչ ֆիզիքական կառոյցը կամ հարստութիւնը»:
Հայ աւետ. Էմմանուէլ եկեղեցւոյ ժողովուրդին եւ պատասխանատու մարմիններուն անունով Յովիկ Գերպապեան շնորհակալութիւն յայտնեց համայնքապետին եւ իրեն յանձնեց շնորհակալական յուշանուէր մը:
Պաշտամունքը իր աւարտին հասաւ Տէրունական աղօթքի երգեցողութեամբ եւ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի Առաքելական օրհնութեամբ:
5 դեկտեմբեր 2018