Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Աղբյուրը՝ «Գանձասար»
Վարշաւիոյ մէջ Երկուշաբթի, 18 Սեպտեմբեր 2017-ի յետմիջօրէին, տեղի ունեցաւ Տոմինիքեան Վանական Միաբանութեան Սուրբ Եացէք եկեղեցւոյ մուտքի պատին վրայ զետեղուած «Հայկական Նրբափողոց» վերնագրով ցուցանակի բացման արարողութիւնը: Վարշաւիոյ մէջ հայերու ներկայութիւնը յուշող նման ցուցանակներ տեղադրուած են Լվովի եւ Լեհաստանի Կտանսք քաղաքներուն մէջ, իսկ այս վերջինը իր լեհերէն եւ անգլերէն արձանագրութեամբ կը վերյիշեցնէ XV-րդ դարէն ի վեր հայկական ներկայութիւնը Վարշաւիոյ մէջ, այս ծրագրի իրագործման մէջ նշանակալից դեր ունեցած է Վարշաւիոյ Լեհահայոց Մշակոյթի եւ Ժառանգութեան Հիմնարկութիւնը: Ցուցանակի արձանագրութեան մէջ մէջբերուած են Տոմինիքեաններուն հետ հայկական յարաբերութիւնները հաստատող կարեւոր փաստեր: Շօշափելի ու ակնյայտ ապացոյց է նաեւ այս եկեղեցւոյ խորանին ձախ կողմի պատին վրայ զետեղուած` XVII-րդ դարէն գրաբար արձանագրութեամբ տապանաքարը: Ցուցանակի բացման հանդիսութեան ներկայ էին Լեհաստանի մէջ ՀՀ Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան Էտկար Ղազարեան, Լեհաստանի հայ եւ լեհական զանազան միութիւններու ներկայացուցիչներ, լեհ կղերականներ, պետական անձնաւորութիւններ, ծագումով հայեր եւ հայասէր լեհերու հոծ բազմութիւն մը: Ցուցանակի բացումէն ետք, նոյն եկեղեցւոյ մէջ հայ կաթողիկէ պատարագ մատուցեց լեհ քահանայ փրոֆ. Եուզէֆ Նաումովիչ, որ կը ծառայէ հայ կաթողիկէ համայնքի հաւատացեալներուն: Պատարագին իրենց մասնակցութիւնը բերին լեհ կղերականներ վրդ. Հենրիք Պուաշչիք եւ հայր Մարէք Միուավիցքի: Պատարագի երգեցողութիւնը կատարուեցաւ 7 հոգինոց արական երգչախումբի մը կողմէ, խմբավարութեամբ Եագուպ Քոբչինսքիի, որ Վարշաւիոյ մէջ հայ կաթողիկէ պատարագներուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ տարիներէ ի վեր: Ցուցանակի բացման արարողութեան ու պատարագին ներկայ էին նաեւ Պրուքսէլի ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան, Յարութ Շիրինեան եւ Լեհաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամներ: Պատարագէն ետք, ներկաները հիւրասիրութեան հրաւիրուեցան:
Երեքշաբթի, 19 Սեպտեմբեր 2017-ին, Լեհաստանի Հանրապետութեան Ծերակոյտի, Լեհաստանի Արուեստի եւ Գիտութեան Ակադեմիոյ եւ Լեհահայոց Մշակոյթի եւ Ժառանգութեան Հիմնարկութեան համագործակցութեամբ, Լեհաստանի Ծերակոյտին մէջ բացումը կատարուեցաւ «Լեհահայեր` 7 Դարերու Գոյատեւում» համագումարին, որ նուիրուած էր լեհահայ սփիւռքի կազմաւորման 650-ամեակին:
1367-ին, լեհ Քաժիմէժ Մեծ թագաւորին կողմէ Գրիգոր Եպիսկոպոսին շնորհուած արտօնագիրը լեհահայ համայնքին ու Լվովի մէջ հայկական եպիսկոպոսութեան ներկայութեան իրաւական առաջին վաւերագիրն է: Քաժիմէժ Մեծ թագաւորի արտօնութիւնը միակը չէ որ լեհահայերը պատմութեան ընթացքին ստացած են լեհական իշխանութիւններէն:
Համագումարի նախաձեռնողն էր լեհ պատգամաւոր փրոֆ. Եան Ժարի: Պատմական բնոյթ ունեցող այս համագումարին բացումը կատարեց Լեհաստանի Ծերակոյտի նախագահ Սթանիսուաւ Քարչեվսքի: Բացման արարողութեան իրենց սրտի խօսքը արտասանեցին նաեւ լեհական մշակոյթի նախարար եւ փոխվարչապետ փրոֆ. Բիոթր Կլինսքի ու Ծերակոյտի պատգամաւոր Եժի Ֆելիքս Ֆետորովիչ:
Բացման խօսքով հանդէս եկան նաեւ հետեւեալ հրաւիրեալները` ՀՀ Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան Էտկար Ղազարեան, ՀԲԸՄ Եւրոպայի վարիչ Նատիա Գործունեան, Պրուքսէլի ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան եւ Լեհաստանի մէջ հայ փոքրամասնութեան ներկայացուցիչ ծագումով հայ Եդուարդ Միէր Ենտժէյովիչ: Այս տարի Լեհաստանի զանազան քաղաքներուն մէջ, լեհահայ համայնքի 650-ամեակի դարաւոր ներկայութեան նուիրուած, իրագործուած թէ ծրագրուած զանազան նախաձեռնութիւններու, մշակութային յայտագիրներու, համերգներու, ցուցահանդէսներու թէ ընկերային ծրագիրներու կողքին, հայ համայնքի պատուաբեր ներկայութիւնը ապացուցող կարեւորագոյն իրադարձութիւնն էր Լեհաստանի նախագահ Դոկտ. Անտժէյ Տուտայի հրաւէրով 29 Մարտ 2017-ին հայկական համայնքը ներկայացնող հայկական միութիւններու ներկայացուցչութիւններու, անձնաւորութիւններու հետ հանդիպումը: Այս համագումարը կը հանդիսանայ լեհական պետութեան բարձրագոյն մարմնի մակարդակով հայ համայնքի թանկարժէք ներդրումը ապացուցող երկրորդ իրադարձութիւնը:
Պատմական սոյն համագումարին մասնակցեցան հայ թէ լեհ բանասէրներ, մտաւորականներ եւ հրաւիրեալներ: Արեւելահայերէնով, անգլերէնով ու լեհերէնով ներկայացուեցան 13 դասախօսութիւններ` լեհահայ դարաւոր պատմութեան, մշակոյթին, լեհահայերու լեզուին, եկեղեցիներու, հոգեւորականներու կեանքին ու գործունէութեան, լեհահայ համայնքի իրաւական, կազմակերպչական կառոյցին, հայերու կամ ծագումով հայերու դիւանագիտական, քաղաքական, մտաւորական, երաժշտական պերճաշուք ներդրումներուն մասին նիւթեր:
Համագումարի դասախօսութիւնները ներկայացուցին` պատմագէտ Քլոտ-Արմէն Մութաֆեան, Տաթեւիկ Սարգսեան, Քշիշթոֆ Սթոբքա, Անտժէյ Ժիէնպա, Փիրուզ Մնացականեան, Անտժէյ Փիսովիչ, Եուզէֆ Նաումովիչ, Ֆրանչիշէք Ժէյքա, Հռիփսիմէ Մամիկոնեան, Բավէլ Սքիպինսքի, Եացէք Խչոնշչեվսքի, Ֆրանչիշէք վասիլ եւ Եագուպ Օշեցքի: Համագումարի եզրափակիչ խօսքը արտասանեց պատգամաւոր փրոֆ. Եան Ժարի: Պէտք է յիշել, որ լեհական տեղւոյն բազմաբնոյթ մամուլն ալ անդրադարձաւ ձեռնարկին` ծանօթացնելով լեհահայոց բազմադարեան պատմութիւնը:
Վարշաւիոյ մէջ 11-22 Սեպտեմբեր 2017-ին, տեղի ունեցան Եւրոպայի Անվտանգութեան ու Համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ – OSCE) շրջանակին մէջ գործող մարդկային չափանիշերու իրականացման համաժողովի (HDIM)ի համագումարին հանդիպումները, HDIM կը համարուի Եւրոպայի Մարդկային Իրաւունքներու մեծագոյն համաժողովը: Համաժողովի տարեկան այս համագումարի քննարկումներուն շրջագիծին մէջ, ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը` գլխաւորութեամբ Գասպար Կարապետեանի, Եւրոպական խորհրդարանի կապերու ներկայացուցիչ Հեղինէ Էվինեանի, համագործակցութեամբ Լեհաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբին, Վարշաւիոյ OSCE-ի կեդրոնին մէջ Հայ Դատի պատուիրակութիւնը քարոզչական լայնածաւալ աշխատանք տարաւ` արծարծելու ու քննարկելու արցախահայութեան մարդկային իրաւունքներու հարցը, արցախեան հակամարտութեան ներկայ վիճակը եւ Ատրպէյճանի հակահայ արշաւին ուղղութիւնները: 20 Սեպտեմբեր 2017-ին համագումարի հանդիպումներուն` Հ. Էվինեան իր ելոյթին ընթացքին ներկայացնելով արցախահայութեան մարդկային իրաւունքները շեշտեց. «Չլուծուած հակամարտութիւնը կարելի չէ արդարացնել ատրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ Արցախի ժողովուրդին պարտադրուած քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային մեկուսացումով: Հիմնական իրաւունքները նոյնն են բոլորին համար եւ կախեալ չեն երկրին կարգավիճակէն»: HDIMի հանդիպումներու յայտագիրին ընթացքին արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան շրջագիծին մէջ, Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամները ԵԱՀԿի անդամ պետութիւններու պատուիրակութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումներ, խորհրդակցութիւններ ունեցան ու լուսաբանեցին Արցախի հակամարտութեան հիմնահարցը, արցախահայութեան պահանջատիրութիւնը:
Հարկ է յիշել որ ԵԱՀԿը կազմուած է Եւրոպայի, Կեդրոնական Ասիոյ եւ Հիւսիսային Ամերիկայի 57 անդամ պետութիւններէ: Այս կազմակերպութեան գործունէութիւնը կ`ընգրկէ 3 հիմնական ուղղութիւն` ռազմաքաղաքական, տնտեսական, բնապահպանական եւ մարդասիրական: Վերոյիշեալ (HDIM)ի հանդիպումներուն զուգահեռ, Հինգշաբթի 21 Սեպտեմբեր 2017-ին Վարշաւիոյ OSCEի կեդրոնին մէջ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը կազմակերպած էր փաստավաւերագրական «Պաշարուածները» շարժանկարին ցուցադրութիւնը, որ կը պատմէ 1991-92 թուականներուն Ստեփանակերտի պաշարման եւ տեղւոյն բնակչութեան կեանքի դժուար կացութեան մասին: Սոյն նախաձեռնութեան ներկայ էր նաեւ ՀՀ Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան Էտկար Ղազարեան:
Ֆիլմի ցուցադրութենէն ետք, տեղի ունեցաւ արցախահայութեան հիմնահարցի քննարկում ու կարծիքներու փոխանակում անգլերէնով: Քննարկման ընթացքին ելոյթ ունեցան ԼՂՀ վարչապետի մամլոյ քարտուղար` Արտակ Բեգլարեան, Լեհ հանրածանօթ հայագէտ, պատմաբան, Քրաքովի Յակելոնեան համալսարանի ազգաբանութեան եւ մշակութային մարդաբանութեան ուսումնարանի Եւրոպայի էթնիք յարաբերութիւններու ամպիոնի վարիչ Անտժէյ Ժիէնպան ու նոյն համալսարանի դասախօս Եագուպ Օշեցքին:
Վարշաւիոյ մէջ լեհահայութեան 650-ամեակին եւ արցախեան հարցին նուիրուած միջազգային նախաձեռնութիւնները անգամ մը եւս կ՛ամրապնդեն հայութեան պատմական ներկայութիւնը եւ անոր ներկայ գործուն դերակատարութիւնը Եւրոպայի մէջ:
Դոկտ. Արա Սայեղ