Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Բաղդատելով ամիսներ առաջ ռուս-հրեայ լրագրող Ալեքսանտր Լափշինի ձերբակալութեան եւ Ատրպէյճանի յանձնման գործողութեան հետ, չորս թուրք մտաւորականներու Արցախ կատարած այցելութեան ստեղծած թնճուկը տարբեր է։
Դէպքերը այնպէս կրնան ընթանալ, որ այս չորս յանդուգն այլախոհները իրենց կարգին արտայանձնուին Պաքուի, սակայն ի՞նչ պայմաններու տակ եւ ապա ինչպիսի՞ դատավարութեամբ: Հարցադրումներն ու հնարաւոր անակնկալները բազմաթիւ են։
Լափշին Պելոռուսիոյ քաղաքացի չէր եւ զինք Ատրպէյճանի յանձնելու խոչընդոտներ չկային՝ Ատրպէյճանի եւ Պելոռուսիոյ օրէնսդրութեամբ: Հաւանաբար քանի մը մտերմիկ հեռաձայնային խօսակցութիւններու եւ բջիջային հեռաձայնով զրոյցներ բաւարար եղան շուտով որոշում տալու, որպէսզի Ատրպէյճանի Հանրապետութեան խնդրանքին ընդառաջ երթային եւ վերջինիս կողմէ տրամադրուած պետական օդանաւով մը` «յանցապարտ»ը յանցաւոր երկիրը փոխադրուէր։
Պաքու արդէն իսկ յատուկ թղթածրար մը պատրաստած պէտք է ըլլայ այս չորս անբաղձալի տարրերուն առնչութեամբ, իսկ Անգարա զանազան աղբիւր-լծակներու միջոցաւ իր կարգին գործի լծուած է:
Այսպէս, Թուրքիոյ ծայրայեղ ազգայնամոլ «Ազգայնական Շարժում» կուսակցութեան երեսփոխան Աթիլա Քայանը զանոնք դաւաճան նկատած է: Այս արտայայտութիւնը ցոլացումն է շատ աւելի բարձր մակարդակի անձնաւորութեան մը՝ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Նուրետին Ճանիքլիի մէկ յայտարարութեան Պաքուի մէջ, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ զինեալ ուժերու միացեալ ռազմափորձերուն ընթացքին, շեշտելով, որ երկու երկիրներուն զինեալ ուժերը միշտ սերտօրէն կը գործակցին, այնքան՝ որ Ատրպէյճանի ուժը Թուրքիոյ ուժն է, իսկ Թուրքիոյ ուժը` Ատրպէյճանինը:
Ան քայլ մըն ալ անդին յառաջանալով, շեշտած է, որ երկու երկիրները կը միաւորեն իրենց ջանքերը բոլոր բնագաւառներուն մէջ եւ որ անոնք ո՛չ միայն եղբայրական պետութիւններ են, այլ նաեւ իրարու կարիքը ունին:
Նոյնիսկ Ճանիքլի յատուկ կերպով շեշտած է, որ Ատրպէյճանի ժողովուրդին ցանկութիւնը թուրք ժողովուրդին համար հրաման է, հետեւաբար՝ կը ձեռնարկեն անհրաժեշտ քայլերու, որոնց կարգին՝ Ատրպէյճանին մաս կազմող Արցախի ազատագրումը: Ան ամենայն յոխորտանքով նշած է, թէ այդ տարածքները ուշ կամ կանուխ պիտի ազատագրուին հայկական բռնագրաւումէն:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ կոչ ուղղած է երկրի քաղաքացիներուն, որ Արցախ չայցելեն, նշելով թէ առանց Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն արտօնութեան` գրաւեալ տարածքներ այցելութիւնը ո՛չ միայն կը հակասէ միջազգային իրաւունքին, այլեւ կ՛առաջնորդէ շարք մը պատժամիջոցներու` համաձայն ատրպէյճանական (…կամ թրքական) օրէնքներուն:
Յառաջիկայ օրերը նորութիւններով հարուստ պիտի ըլլան Պաքուի ստեղծած «սեւ ցանկ»ին վրայ գտնուող անբաղձալի չորս թուրք այլախոհներուն՝ լրագրողներ Ալի Պայրամօղլուի եւ Էրոլ Քաթըրճիօղլուի, գրող Սայիտ Չեթինօղլուի եւ քաղաքական գործիչ Ուֆուք Ուրասի համար:
hairenikweekly.com