կարևոր
0 դիտում, 7 տարի առաջ - 2017-09-15 12:55
Աշխարհ

ՀՅԴ Կենտրոնական կոմիտեն հանդիպել է հունահայոց նորընտիր առաջնորդի հետ

ՀՅԴ Կենտրոնական կոմիտեն հանդիպել է հունահայոց նորընտիր առաջնորդի հետ

Աղբյուրը՝ «Ազատ օր»

Գերշ. Տ. ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեա­նի ­Յու­նա­հա­յոց ­Թե­մի Ա­ռաջ­նոր­դի պաշ­տօ­նի ստանձ­ման ա­ռի­թով, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէն Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի դահ­լի­ճին մէջ՝ ­Չո­րեք­շաբ­թի 13 ­Սեպ­տեմ­բեր 2017ին, հան­դի­պում ու­նե­ցաւ նո­րըն­տիր Ա­ռաջ­նոր­դին հետ։

Կեդր. ­Կո­մի­տէն բա­րի գալս­տեան եւ պաշ­տօ­նի ստանձ­ման իր ջերմ շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­նե­րը փո­խան­ցեց թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նոր­դին ու ի­րեն մաղ­թեց ա­ռաջ­նոր­դա­կան բե­ղուն շրջան մը ­Յու­նաս­տա­նի թե­մէն ներս։

Մօտ եր­կու ժամ տե­ւած հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին, ա­ռի­թը ըն­ծա­յո­ւե­ցաւ զրու­ցե­լու յու­նա­հայ գա­ղու­թի ազ­գա­յին, ե­կե­ղե­ցա­կան, կրթա­կան եւ ըն­կե­րա­յին ի­րա­կա­նու­թեան մա­սին, յու­նա­հա­յու­թեան դի­մագ­րա­ւած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն հա­մար, ինչ­պէս նաեւ մեր ժո­ղո­վուր­դը ա­ւե­լիով մաս­նա­կից դարձ­նե­լու մա­սին գա­ղու­թա­յին կեան­քին, Յու­նաս­տա­նի հա­յա­շատ բո­լոր շրջան­նե­րէն ներս։

Եր­կուս­տեք կա­րե­ւո­րու­թեամբ ընդգ­ծո­ւե­ցաւ նո­րըն­տիր Ա­ռաջ­նոր­դի դերն ու ներդ­րու­մը յու­նա­հա­յու­թեան ազ­գա­յին կեան­քի հզօ­րաց­ման ու ծաղ­կաց­ման ու­ղիին վրայ, ժո­ղո­վուր­դին մօտ հո­գեմ­տա­ւոր եւ ըն­կե­րա­յին կա­րիք­նե­րու գո­հաց­ման հա­մար, մեր կրթա­կան հաս­տա­տու­թեանց մէջ ու­սա­նող մատ­ղաշ սե­րուն­դին մօտ ազ­գա­յին ո­գիի հզօ­րաց­ման մա­սին, ինչ­պէս նաեւ ե­րի­տա­սարդ տա­րի ներգ­րաւ­ման անհը­րա­ժեշ­տու­թեան մա­սին՝ գա­ղու­թա­յին կազ­մա­կերպ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ։

Հան­դիպ­ման ա­ւար­տին, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը իր շնոր­հա­կա­լու­թիւն­նե­րը յայտ­նեց Հ.Յ.Դ. ­Կեդր. ­Կո­մի­տէին՝ հան­դիպ­ման եւ բա­րե­մաղ­թանք­նե­րուն հա­մար, ինչ­պէս նաեւ իր վստա­հու­թիւ­նը ար­տա­յայ­տեց գա­ղու­թա­յին գոր­ծու­նէու­թեան յա­ջո­ղու­թեան հա­մար։