կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-01-11 16:04
Հասարակություն

ՀՅԴ Հունաստանի Կենտրոնական կոմիտեն ամանորյա հավաք է հրավիրել

ՀՅԴ Հունաստանի Կենտրոնական կոմիտեն ամանորյա հավաք է հրավիրել

Աղբյուրը` arfd.am

Նոր Տարո­ւան աւանդական գաթան կտրելու սովորութիւնը յունահայութեան մօտ միշտ ալ առիթ եղած է մեր ազգային-միութենական-կուսակցական կեանքը նոր տրամադրութեամբ դիմաւորելու եւ նոր սկսող տարեշրջանին համար՝ հեռանկարային ու նոր թիրախներ ընտրելու։

Այս իմաստով՝ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէն, Չորեքշաբթի՝ 9 Յունո­ւար 2019ի երեկոյեան, իր նստավայրէն ներս հրաւիրեց իր կառոյցներն ու ուղեկից միութիւններու Շրջանային Վարչութիւնները, որպէսզի միասնաբար կտրեն ամանորեայ գաթան, ուրախ ու տօնական մթնոլորտի մէջ։

Ներկայ էին Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամուհի ընկ. Լիզա Աւագեան, Հայ Կապոյտ Խաչի, «Համազգային»ի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի Շրջանային Վարչութիւնները, Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը, Հ.Յ.Դ. Պատանեկան Միութեան Ընդհանուր Վարիչ Մարմինը, Հայ Դատի Յանձնախումբը, Աթէնքի շրջանի Հ.Յ.Դ. երեք Կոմիտէները, ինչպէս եւ Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչի պաշտօնը նախապէս վարած ընկերները եւ «Ազատ Օր»ի խմբագրութեան լրիւ անձնակազմը։

Հաւաքին բացումը կատարեց Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Սերգօ Գույումճեան՝ բարեմաղթանքներ փոխանցելով եւ շնորհաւորելով բոլորի Նոր Տարին։

Ան խօսեցաւ մեր գաղութի կազմակերպ կառոյցներու եւ ազգային հաւաքական կեանքի զարգացումերուն մասին՝ գործակցութեան, աշխոյժ ու թիրախային գործունէութեան, նոր նախաձեռնութիւններու եւ համարձակ, վճռակամ ու լաւատես չափորոշիչներով յառաջանալու մասին, ի շահ՝ մեր գաղութի գոյատեւման ու զարգացման։ Կարեւորութեամբ նշեց, իւրաքանչիւր կառոյցի գործունէութեան մէջ յաւելեալ ճիգ ու աշխուժութիւն ծաւալելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի բոլորին դերն ու գործունէութիւնը ընդլայնո­ւին եւ արդիւնաւորո­ւին։

Ապա՝ հերթաբար խօսք առին բոլոր կառոյցներու պատասխանատուները, բարեմաղթանքներ փոխանցելով եւ իրենց ներդրումը բերելով հաւաքին։ Գաթան կտրելու հրաւիրո­ւեցան Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչի պաշտօնը նախապէս վարած ընկերները՝ Քերոբ Էքիզեան, Գէորգ Գոլանեան, Շահան Ֆարաճեան, Գեղամ Եաղճեան, Միհրան Քիւրտօղլեան եւ Գրիգոր Էրջէնեան, Դաշնակցութեան շարունակականութեան եւ հարազատ աւանդութեանց խորհրդանշական փաստը տալով։

Մտերիմ զրոյցներու եւ տօնական մթնոլորտի մէջ շարունակո­ւեցաւ երեկոն, իսկ օրո­ւան բախտաւորը ստացաւ գեղեցիկ նո­ւէր մը, որ տրամադրո­ւած էր Ռաֆֆի Գազարեան եւ Կոստան Եզեկիէլեան ընկերութեան կողմէ։