Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Պարզ զուգադիպութեամբ Կովկասի մէջ ռազմական լայնածաւալ բախումներու երկու իրադարձութիւնները, Վրաստան-Ռուսիա 2008 եւ Ապրիլի առաջին շաբթուան ընթացքին՝ Արցախի արեւելեան ճակատի երկայնքին, որոնք իրաւամբ յատկանշուեցան որպէս «պատերազմ», տեւեցին հինգ օր եւ արդէն ծանօթ են որպէս հնգօրեայ պատերազմներ: Առաջին պարագային, սակայն, Կովկասեան տարածաշրջանի ռազմաքաղաքական կացութիւնը փոխուեցաւ: Վրաստանի այն ժամանակուան նախագահ Սահակաշվիլիի արկածախնդրութիւնը, որուն դրդապատճառներու յետին ծալքերը այնպէս ալ դեռեւս յստակ չեն, սուղ նստաւ երկրին վրայ. Հարաւային Օսեթիայի ուղղութեամբ սկսած վրացական յարձակողանը շատ արագ կասեցուեցաւ ռուսական ուժերուն կողմէ, որոնք հակայարձակողականի անցնելով մտան վրացական հողատարածք եւ յառաջացան Թբիլիսիի ուղղութեամբ: Թէ ի՞նչ ուժեր այն ատեն Սահակաշվիլիին վստահեցուցած էին, թէ Մոսկուային մարտահրաւէր ուղղելու պարագային պիտի ունենար Արեւմուտքի նեցուկը, ծանօթ չէ, յաջորդ օրերու իրադարձութիւնները եկան ցոյց տալու, որ օրին Ճորճ Պուշի վարչակարգին մէջ ջղագրգռութիւն կար, ինչ որ նշան էր շատ աւելի անզօրութեան եւ հակազդեցութեան այլընտրանքներու անորոշութեան:
Եւրոպական Միութիւնը, սակայն, օրուան նախագահ Սարքոզիի ակտիւ միջամտութեամբ յստակ դարձուց, որ կը բացառէ Ռուսիոյ հետ առճակատման երթալու որեւէ ռիսք: Մոսկուա, իր կարգին, հնգօրեայ պատերազմի իր կայծակնային յաղթանակը շատ շուտով քաղաքական ձեռքբերումի վերածեց. Մետվետեւ-Փութին կառավարութիւնը ի լուր աշխարհի ցոյց տուաւ տարածաշրջանին մէջ իր տիրակալութիւնը, յստակացուց ՆԱԹՕի յառաջընթացի «կարմիր գիծեր»ը եւ առիթ չկորսնցուց Միացեալ Նահանգներու եւ իր եւրոպացի կարգ մը դաշնակիցներու միակողմանի կերպով նոյն տարուան Փետրուարին Քոսովոյի անկախութեան ճանաչման պատասխանը տալու՝ իր կողմէ միակողմանիօրէն ճանչնալով Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ անկախութիւնները: Թէ որքանո՞վ Մոսկուա անուղղակիօրէն կը փափաքէր այս անհրաժեշտ եւ հաշուարկուած ռիսքով կարճ պատերազմը եւ հետեւաբար անոր մղիչ ուժն էր, ինչպէս սադրանքային տրամաբանութեան ամաթէօրները պիտի պնդեն, քննարկելի հարց է: Յստակ է, որ Մոսկուա պատրաստ էր արագօրէն դիմագրաւելու վրացական յարձակում մը, որովհետեւ իր ուժերը արդէն կուտակած էր ճակատին վրայ եւ ձախողուց այն, ինչ կը թուէր ըլլալ վրացական ռազմավարութիւնը՝ զինուորական յառաջխաղացքը շարունակել առնուազն քառասունութ ժամեր, որոնց ընթացքին կացութիւն կը փոխուէր տարածաշրջանին մէջ, եւ Թբիլիսի տարբեր դիրքերէ կրնար բանակցիլ Հարաւային Օսեթիոյ եւ Աբխազիայի հարցերով: Մէկ խօսքով, Կովկասի առաջին հնգօրեայ պատերազմին Ռուսիա դերակատար էր:
Արցախի արեւելեան ճակատի երկայնքին ատրպէյճանական լայնածաւալ յարձակումը տարբեր գնահատանքի արժանացաւ Մոսկուայի կողմէ, եթէ հետեւինք Մետվետեւի հրապարակային յայտարարութիւններուն: Կացութեան փոփոխութեան հարց չկայ հոս, որովհետեւ որքան ալ ծանրակշիռ եւ ահազանգային եղաւ զինադադարէն ի վեր աննախընթաց այս ռազմական բախումը, Կովկասի երկրորդ հնգօրեայ պատերազմը, ի վերջոյ, նոյն սթաթուս քուօն է: Յառաջապահ դիրքերու իրավիճակի մանրամասնութիւնները, որքան ալ զինուորական իմաստով կարեւորուին, թէ երկուստեք զոհերու քանակը վերջին հաշուով քաղաքական գնահատանք պիտի ստանայ ներքին թէ արտաքին ճակատներու վրայ՝ երկու կողմերուն առաջ տարած յարաբերական եւ քարոզչական աշխատանքներուն արդիւնքով: Այլ խօսքով՝ հնգօրեայ պատերազմին շարունակութիւնը պիտի ըլլայ արդէն սկսած քաղաքական պայքարը: Պատերազմի մասին իր հանրածանօթ ուսումնասիրութեան մէջ պրուսիացի զինուորական Գլաուսեւից պատերազմը բանաձեւած է որպէս քաղաքականութեան շարունակութիւն:
Արցախեան պատերազմը այն պարագաներէն է, որ Գլաուսեվիցի բանաձեւումը պէտք է ընկալուի հակառակ իմաստով. քաղաքականութիւնը դեռ չաւարտած պատերազմի շարունակութիւնն է: Կացութիւնը այդպէս ընկալած է Ատրպէյճան, որ շահագրգռուած է սթաթուս քուոյի խախտումով, եւ եթէ նման մօտեցում չունենայ նաեւ Հայաստանը, ապա եւ քաղաքական գետնի վրայ տեղի պիտի տայ, եւ յոռեգոյն պարագային, օր մը նաեւ կրնայ պատերազմը կորսնցնել, թէկուզ եւ առանց ոչ մէկ փամփուշտ կրակելու… Այս կը նշանակէ, որ եթէ մէկ կողմէ հայ ժողովուրդը ցոյց տուաւ, ի հեճուկս սուլթան Ալիեւի այն համոզումին, որ նման կացութիւններ յուսալքութեան կը տանին, վերապրումի առողջ բնազդով պատրաստ է հայրենիքը պաշտպանելու: Արցախը պահելու կենսական անհրաժեշտութեան գիտակցութիւնը հարցականի տակ չի դրուիր: Բայց նաեւ պետական-քաղաքական շրջանակներուն մէջ ալ ստատուս քուոյի առաւելութիւնը պէտք է այլեւս հարցականի տակ դրուի: Որքան ալ Մոսկուայի դիրքը Արցախեան հարցով հարիւր տոկոսով տարբեր է Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ պարագաներէն, այդ մասին հրապարակային իր յայտարարութիւնները բարացուցական են: Մոսկուա գիտակի՞ց է սթաթուս քուոյի ռիսքին: Եթէ Մետվետեւի «ափ-աշկարա» (բացայայտ-Խմբ.) խոստովանութեան հետեւինք, ապա յստակ կը դառնայ, որ Մոսկուա ոչ միայն գիտակից է այդ ռիսկին, պարզ եւ մէկին՝ պատերազմական գործողութիւններու վերսկսումին, այլեւ շահագրգռուած է անով, որպէսզի շարունակէ երկու կողմերուն զէնք վաճառել: Այլապէս, ըստ «Ռէօթըրզ»ի, Ռուսիոյ վարչապետը ըսած է՝ Մոսկուա շուկայ կը կորսնցնէ, քանի որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը պիտի շարունակեն զէնք գնել ուրիշներէ: Նման պատերազմներն ալ առիթ կ՛ընծայեն, որպէսզի իր նոր զէնքերու որակը փորձարկուի գործնական գետինի վրայ…
Մեքսիքացիները յաճախ գանգատած են, որ իրենց երկիրի դժբախտութիւնը՝ Աստուծմէ այնքան հեռու եւ Միացեալ Նահանգներուն այնքան մօտ ըլլալն է: Պահ մը մէկ կողմ դնելով Աստծոյ մօտ ըլլալ կամ չըլլալու հարցը, կարծես թէ Հայաստանի համար ալ Ռուսիոյ այսքան մօտ ըլլալը, կամ տասնիններորդ դարէն ի վեր Ռուսիոյ այսքան մօտենալը Հայաստանին նմանօրինակ գնահատանքի պէտք է արժանացնել… Կը մնայ, որ ի տարբերութիւն Մեքսիքայի, որ թերեւս կրնար Միացեալ Նահանգներէն «հեռանալու» համար աւելի համարկուիլ իր լատինամերիկեան շրջապատին հետ, ինչ որ, ի դէպ, ի վերջոյ չըրաւ եւ 1995ին մաս կազմեց հիւսիս-ամերիկեան Ազատ առեւտուրի համաձայնագիրին, Հայաստանը չունի այն շրջապատը, ուր կրնայ այլընտրանքային ելք տեսնել: Հետեւաբար, թէկուզ եւ լաւ իմանանք, որ ցարերը խորքին մէջ ուզած են Հայաստան մը առանց հայու, որ կոմիսարները չեն վարանած «համաշխարհային յեղափոխութեան» սեղանին զոհաբերել Արցախն ու Նախիջեւանը, դեռ առանց խօսելու Սեւրի դաշնագիրին եւ Արեւմտահայաստանին մասին, այսօր զէնքի վաճառական օլիկարգները թքած ունին Ատրպէյճանին իրենց վաճառած զէնքով սպաննուած հայ մանուկին վրայ, լափալիսեան ճշմարտութիւն է, որ դեռեւս պիտի նայինք դէպի հիւսիս՝ ցարական, համայնավարական թէ դաշնակցային հանրապետութեան դիմակով հանդէս եկող կայսրութեան:
Կը մնայ որ այս ճշմարտութիւնը, գոնէ անկախութենէն ետք, ո՛չ ճակատագրապաշտութիւն կը նշանակէ, ոչ ալ Ռուսիայէն մեր փրկութիւնը սպասելու խաբկանք: Տասնիններորդ դարու հայ քաղաքական մտածողութիւնը, որ կազմաւորուեցաւ հայութեան երկու կայսրութիւններուն միջեւ բաժնուած պատմական իրավիճակի պայմաններուն մէջ, նման խաբկանք չէ ունեցած: Ստեփան Ոսկանէն մինչեւ Քրիստափոր Միքայէլեան, ռուսական նպատակներուն նկատմամբ վերապահութիւնը բացայայտ եղած է, որովհետեւ անոր կայսերական բնոյթը վստահութիւն չէ ներշնչած երբեք: Բայց այլընտրանքը չէ եղած «Միութիւն Թուրքերի Հետ», ինչպէս Քրիստափոր խորագրած է իր յօդուածներէն մէկը այս նիւթին մասին, «Դրօշակ»ի մէջ: Այսօր նման այլընտրանք չկայ, ոչ ալ, ինչպէս որոշ շրջանակներ կը հաւատան, Ռուսիա կամ Արեւմուտք այլընտրանք: Հայաստանի աշխարհաքաղաքական պայմանաւորումները յստակ են։ Այն, ինչ պէտք է յստակացնել, ազգային շահերն ու առաջնահերթութիւններն են: Երբ ատենին Հայաստան վերանորոգեց ռուսական զինուորական խարիսխներու պայմանագիրը քառասուն տարիներու վրայ, հանգուցեալ Վահան Յովհաննիսեանն էր, որ հարցականի տակ դրաւ առնուած քայլին իմաստութիւնը: Այսօր նախագահ Սարգիսեանն ու վարչապետ Աբրահամեանն են, որոնք Մոսկուայի մեր «ռազմավարական» դաշնակիցին հարց կու տան, թէ ինչո՛ւ Ատրպէյճանին զէնք կը վաճառէ, եւ կը ստանան Մետվետեւի անբարտաւան պատասխանը, որուն մասին շատ հաւանաբար արդէն իսկ կասկած չունէին:
Աշխարհաքաղաքական իր կացութեան բերումով, Երեւան այսօր քիչ հաւանականութիւն ունի իր դաշնակիցը համոզելու, որ մէկ կողմ դնէ զէնքի վաճառականի իր տրամաբանութիւնը, երբ խնդիրը Կովկասի նման տարածաշրջանի մը պայթունավտանգութիւնն է: Անիրապաշտութիւն է Հայաստանի՝ Ռուսիայէն կախուածութեան իրավիճակին ժխտումը: Բայց այս մէկը խնդիր է, որուն լուծումի փնտռտուքը առաջնահերթային է: Ինքզինք պէտք չէ խաբել, որ Եւրոպական Միութիւնը կամ Միացեալ Նահանգներ կրնան Ռուսիոյ փոխարինել որպէս դաշնակից. վտանգաւոր ցնորք է միայն: Բայց պէտք է մտահոգուիլ, որ հարիւր հազարաւոր քաղաքացիներ իրենց կենսական գոյութեան թէ կենսամակարդակի բարելաւման համար Ռուսիոյ կը նային որպէս փրկութեան լաստ, երբ կարելի է օլիկարգներուն ընչաքաղցութեան բանական սահմաններ ճշդել եւ ձգտիլ ընկերային աւելի արդար կարգերու: Հնգօրեայ պատերազմը երեւան հանեց հայ ժողովուրդի հայրենասիրութիւնը եւ ազգային յանձնառութեան մակարդակը: Պատմական առիթ ստեղծուած է, որ այս մոմենթը (պահը-Խմբ.) հաստատագրուի, եւ հայրենիքի համար զոհուելու պատրաստ քաղաքացին, հայը՝ ընդհանրապէս, հոն նաեւ տեսնէ արժանապատիւ կեանքի եւ իրերայաջորդ սերունդներու ապագայի կարողականութիւնը: Այլապէս, եթէ այս մոմենթը անցնի, եւ երկրի տնտեսական քաղաքականութիւնը նպաստէ մէկ տոկոսի յաւելեալ հարստացման, դէպի Ռուսիա արտագաղթելու ստիպուած քաղաքացին շուտով պիտի մոռնայ Մետվետեւի յայտարարութիւնը: Ռուսիոյ վարչապետին շատ ալ հոգը չէ այս մէկը, բայց Ալիեւի ուզածն է. այդ մասին հրապարակային կերպով յայտարարած է եւ այդ նպատակով ալ շղթայազերծած է այս վերջին հնգօրեայ պատերազմը:
Խաչիկ Տէր Ղուկասեան
asbarez.com