1915 մայիս 25 Քէմախի կիրճին մօտ դաշտի մը մէջ իջեւանած էինք. ժանտարմաներ դրացի վրանի մը տակ գեղանի Արմինէն յափշտակելու համար մորթեցին անոր հայրը. եղբայրը եւ եղբօրորդիները: Արմինէ չվերադարձաւ:
Մայիս 26 նոյն տեղը երկու ժանտարմա սուինահար սպաննեցին Արամ Գասպարեանը եւ անոր կինը առին. վեց տարեկան տղան երբ իր հօր արիւնթաթախ դիակին վրայ կուլար, ետեւէն ձողի մը անցուցին, եւ ժողովուրդին ցուցադրելով պօռացին. Ահա ձեր դրօշակը:
Մայիս 27 Արաբկիրի մօտ ժանտարմա մը մեզ վրանէն հանելով, ամայի տեղ մը քշեց, ուր զաւակս Լեւոնը մորթեց աղջկանս ծունկերուն վրայ, յետոյ աղջիկս առեւանգեց:
Քէմախ չի հասած, կին մը ճամբան կը ծննդաբերեր. ոստիկան մը երեխան մօրը արգանդէն դուրս քաշեց. սուինով երկուքի բաժնելով ըսաւ.- Տես, հիմա երկորեակ մը ունեցար. մայրը երկու ժամ վերջ մեռաւ: