Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Այսօր, սեպտեմբեր 18 2014ին, ջախջախիչ մեծամասնութեամբ Եւրոպական Խորհրդարանը հաստատելով իր նախորդ բանաձեւերը՝ որդեգրեց բանաձեւ մը, դատապարտելով Ազրպէյճանը մարդկային իրաւունքներու պաշտպանողնները հալածանքի ենթարկելուն դէմ եւ կոչ ուղղեց թիրախային պատժամիջոցներու Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ռեժիմին դէմ, ինչպէս նաեւ վիզա ստանալու արգելման ` ճնշումներուն անմիջական պատասխանատու որոշ անձերու հանդէպ:
Ազրպէյճանը խիստ քննադատութեան ենթարկուեցաւ Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորներու կողմէ, որոնք դիտել տուին Ազրպէյճանի անհեթեթ իրականութիւնը` Մարդկային Իրաւունքներու եւ Ազատութեան արժէքները պահպանող Եւրոպայի Խորհուրդի Նախարարաց Խորհուրդի հերթագայող նախագահութիւնը վարելուն, մինչ «վերջին տարիներու ընթացքին Ազրպէյճանի մէջ Մարդկային Իրաւունքներու մթնոլորտը վատթարացած է, կառավարութեան կողմէ բանեցուած ճնշումներու լուրջ թեժացմամբ, ճնշումներ եւ վախ ուղղուած հասարակակա կազմակերպութիւններուն դէմ, քաղաքացիական հասարակութեան ակտիւիստներու, լրագրողներու եւ մարդկային իրաւանց պաշտպաններու դէմ:»
Եւրոխորհրդարանի պատգամաւոր Մարի-Քրիստին Վերժիա (Եւրոպայի Միացած Ձախի- Նորտիք Կանաչներ Համադաշնային Խումբ, Ֆրանսա) ըսաւ թէ Ազրպէյճանի եւ Ալիեւ ռեժիմի անպատժելիութիւնը պէտք է դադրի, թէ ԵՄն պէտք է քարիւղի եւ կազի վրայ չկեդրոնանայ միայն, եւ թէ Ազրպէյճանի հետ Ասոցացման Համաձայնագիրը պէտք չէ յառաջ մղուի:
Եւրոխորհրդարանի պատգամաւոր Ալեքսանտր Կրաֆ Լամպստորֆ (Եւրոպայի համար Ազատականներու եւ Ժողովրդականներու Դաշինքի Խումբ, Գերմանիա) շեշտեց Ազրպէյճանի քաղաքացիական հասարակութեան սարսափելի իրավիճակը՝ բռնատիրական ռեժիմին կողմէ շինծու եւ քաղաքական նպատակներ ունեցող շարունակական եւ դաժան հետապնդումներէն ետք: Եւրոխորհրդարանի անդամներու խօսքերուն ընթացքին, նշուեցաւ թէ մի քանի ամիս առաջ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Եւրոպայի Խորհուրդի բեմէն իրեն քննադատողներուն անուանեց ստախօս եւ ժխտեց ամէն տեսակի քննադատութիւն մինչ այդ իրականութեան մէջ Ազրպէյճանի իրավիճակը երթալով վաթտարացած է:
Եւրոպական Խորհրդարանի բանաձեւը «կը դատապարտէ Ազրպէյճանի կառավարութեան կողմէ առնուած այդ գործողութիւնները, որոնց նպատակն է զսպել Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի քաղաքացիական հասարակութիւններու եւ երիտասարդ ակտիւիստներու եւ մտաւորականներու կապերը, որոնք հսկայական կարեւորութիւն ունին երկու երկիրներու միջեւ երկարատեւ թշնամութիւնը կամրջելու մէջ. այս առումով կը յիշեցնէ Լէյլա Եունուսի եւ իր ամուսնոյն Արիֆի տարած կարեւոր աշխատանքը»։
Բանաձեւը կը շեշտէ թէ իր հաւանութիւնը Ազրպէյճանի հետ գործընկերային համաձայնագրին ստորագրման առնչութեամբ պիտի ըլլայ պայմանական մինչեւ վերեւ նշուած պահանջնքներու գոհացուցիչ արտացոլումը, մարդկային իրաւանց պաշտպաններու ազատ արձակումը, անկախ քաղաքացիական հասարակութեան գործողութիւնը սահմանափակող օրէնսդրութեան յետս կոչումը, եւ հասարակական, անկախ ԶԼՄ, ընդիմութեան ուժերու, մարդկային իրաւանց պաշտպաններու եւ երիտասարդ եւ ընկրային ցանցերու ակտիւիստներու դէմ ուղղուած հալածանքի եւ վախի դադրեցումը:
Եւրոխորհրդարանի անդամներ նշեցին թէ Ազրպէյճան պէտք է հաշուետու ըլլայ իր երկրին մէջ տեղի ունեցող գործողութիւններուն վերաբերեալ եւ թէ Մարդկային Իրաւունքները պէտք է ԵՄի արտաքին քաղաքականութեան անբաժանելի մասն ըլլան: Բանաձեւը կ'ողբայ ոեւէ մէկ էական յառաջդիմութեան չարձանգրած ԵՄ-Ազրպէյճան մարդկային իրաւունքներու երկխօսութեան մասին: Երկրի մարդկային իրաւունքներու իրավիճակը նկատի առնելով կոչ կ'ընէ ԵՄի Արտաքին գործերու ծառայութեան, որ աշխուժացնէ այս երկխօսութիւնը նպատակ ունենալով այն դարձնելու արդիւնաւէտ եւ արդիւնք ձգող, պարբերաբար զեկուցումներ ներկայացնէ Խորհրդարանին, ինչպէս նաեւ կոչ կ'ուղղէ ԵՄ Խորհուրդին եւ անդամ-պետութիւններուն, որ պահանջեն Ողիմպիական Միջազգային Կոմիտէէն կոչ ուղէ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն ճնշումները դադրեցնելու եւ իրենց հասկցնէ թէ կ'ակնկալէ որ, որպէս յաջորդ տարի տեղի ունենալիք Եւրոպական Ողիմպիական Խաղերու հիւրընկալող երկիր պաշտպանէ Ողիմպիական Կանոնագրի` ԶԼՄներու ազատութեան պայմանը:
Ամենէն կարեւորը՝ Եւրոպական Խորհրդարանը կը յիշեցնէ իր 24 Մայիս 2012ի դիրքաւորումը եւ կոչ կ'ընէ ԵՄի Խորհուրդին որ քննարկէ թիրախային պատժամիջիցներ որդեգրելու հնարաւորութիւնը մարդկային իրաւունքներու խախտումներու պատասխանատուներուն համար, եթէ անոնք շարունակուին` իրականութիւն դառնան։ Գասպար Կարապետեան՝ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահ, ըսաւ թէ վերջապէս Եւրոպական Միութիւնը կը խօսի Պաքուի ճնշողական ռեժիմին դէմ եւ թէ Յանձնակատար Նեւեն Միմիցայի միջամտութիւնը ճիշտ ուղութեան վրայ է:
«Կ'ողջունենք Եւրոպական Խորհրդարանի սոյն բանաձեւը: Բանաձեւ մը որ կը պաշտպանէ Եւրոպական Միութեան իսկական արժէքները, բանաձեւ՝ որ կը շեշտէ Պաքուի ռեժիմին դէմ պատժամիջոցներու անհրաժեշտութիւնը:
Մարդկային Իրաւունքները նկատի պիտի առնուին Արտաքին Քաղաքականութեան բոլոր ոլորտներէն ներս իսկ ուժանիւթի հոսքը պիտի չկուրացնէ ԵՄը Մարդկային Իրաւունքներու եւ հիմնական ազատութիւններու խախտման պարագաներուն» ըսաւ Կարապետեան եւ եզրակացուց «Ազրպէյճանի իսկական ժողովրդավարութիւնը միակ բանալին է Արցախի երկարատեւ հիմնահարցի լուծման ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ Հարաւային Կովկասի ժողովուրդներու խաղաղ համակեցութեան ուղղութեամբ»: