Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Երեւանի «Արամ Մանուկեան» երիտասարդական կեդրոնէն ներս օրերս տեղիունեցաւ Հայ Օգնութեան Միութեան Հայաստանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած առաջին «Գարնանային բարեգործական ցուցհանդէս-վաճառք»-ը, որուն իրենցմ ասնակցութինը բերին ՀՕՄ-ի Հայաստանի աւելի քան քառասուն մասնաճիւղեր։ Ցուցահանդէսի նպատակն էր մեկտեղել ու ցուցադրել Հայաստանի տարբեր մարզերուն բնորոշ կերակրատեսակներ, հայ մշակոյթը ներկայացնող ձեռագործներ, զարդեր, խեցեգործութեան նմոյշներ: Ցուցահանդէսին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Սուրիայէն եւ Պարսկաստանէն ՀՕՄ-ի անդամներ, որոնք ներկայացուցին իրենց բնակավայրերուն յատուկ ճաշատեսակներ, համեմներ ու անուշեղէններ։
Ցուցահանդէս-վաճառքի աւարտին տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Հայաստանի միաւորին կողմէ կազմակերպուած վիճակահանութեան վիճակաձգութիւնը, որ դարձեալ առաջին անգամ ըլլալով կը կազմակերպուէր այս մասշտապով։ Անցնող մի քանի ամիսներուն վիճակահանութեան տոմսեր վաճառուածէին թէ՛ Հայաստանի բոլոր մարզերուն, թէ արտերկրիզ անազան շրջաններու մէջ։ Վիճակաձութեան արդիւնքով ոսկեայ զարդեր շահեցան Հայաստանէն երեք ու Գանատայէն երկու անձնաւորութիւններ։
Ցուցահանդէս-վաճառքի եւ վիճակահանութեան ամբողջ հասոյթը պիտի յատկացուի ՀՕՄ-ի Հայաստանի միաւորի աշխատանքներուն։
Հայ Օգնութեան Միութեան Հայաստանի Շրջանային Վարչութիւն