Փոխարժեքներ
23 04 2025
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.56 |
EUR | ⚊ | € 444.14 |
RUB | ⚊ | ₽ 4.7117 |
GBP | ⚊ | £ 518.15 |
GEL | ⚊ | ₾ 141.74 |
Մէկ դար եւ աւելի է անցած 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութենէն, երբ Օսմանեան Թուրքիան՝ պետական ծրագիրով, բնաջնջեց մէկուկէս միլիոն հայեր՝ նպատակ ունենալով հայաթափել մեր պատմական հայրենիքը, վերացնել հայկական հետքը եւ վերջ տալ հայ ժողովուրդի գոյութեան՝ իր բնիկ հողերուն վրայ։
Սակայն Ցեղասպանութիւնը չաւարտեցաւ 1915-ին։ Ան շարունակուեցաւ Սումկայիթի, Պաքուի, Մարաղայի մէջ։ Իսկ այսօր՝ ան հասած է իր արիւնալի գագաթնակէտին՝ ամբողջական Արցախի մէջ։ Նոյն օսմանցի արիւնարբուն է որ հասաւ Արցախ:
2023-ին, Ազրպէյճանը՝ Թուրքիոյ բացայայտ աջակցութեամբ, իր աւարտին հասցուց Արցախի հայաթափումը։ Այսպիսով նորագոյն ցեղասպանութիւն մը իրագործելով միջազգային լռութեան, եւ՝ աւելին սարսափելիօրէն՝ Հայաստանի իշխանութիւններու դաւաճան ու անպատասխանատու քաղաքականութեամբ։ Արցախը մնաց անպաշտպան, ժողովուրդը լքուեցաւ, նոյնիսկ պարզ մարդկային իրաւունքները՝ մոռացութեան մատնուեցան։ Երբ իշխանութիւնները յայտարարեցին թէ «Արցախը Ազրպէյճան է», փաստօրէն վաւերացուցին 1915-ի ուրացման հռետորաբանութիւնը։
Սա՝ բառացիօրէն, մեր ինքնութեան ջնջումն է՝ պետական մակարդակով՝ ազգակործան ու հայադաւ իշխանութեան ձեռամբ, եթէ ոչ թուրք-ատրպէյճանական քաղաքականութեամբ պայմանաւորուած ծրագիր` ուղղուած մեր ազգային գոյութեան ոչնչացմանը։
Այո՛, Հայոց Ցեղասպանութիւնը չէ աւարտած։ Ան կը շարունակուի՝ երբ թուրքը կը ժխտէ, երբ ազերին կը սպառնայ, բայց՝ ամէնէն վտանգաւոր ձեւով, երբ հայ իշխանաւորը կը դաւաճանէ, կը մոռնայ, կը լռէ։
Ի՞նչ է հայկական պետութեան առաքելութիւնը, եթէ ոչ՝ պատմական ճշմարտութիւնը պաշտպանելը, Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, հայոց պահանջատիրութեան եւ հատուցման ուղղութեամբ հետեւողական ու անդադրում պայքար մղելը։ Սակայն մենք կ՛արժանանանք հակառակ պատկերին,
_ երբ պետական մակարդակով կը հրաժարին Ցեղասպանութեան ճանաչումէն,
_ երբ «պահանջատիրութիւն» բառը կը զտուի պետական եւ պաշտօնական յայտարարութիւններէն,
_ երբ խաղաղութեան կեղծ օրակարգով կասկածի տակ կը դրուի պատմական Հայաստանը եւ Սուրբ Նահատակներու արիւնով սրբացած մեր իրաւունքը։
Սա՝ ոչ միայն ուրացում է, այլ՝ փաստացի մեղսակցութիւն ցեղասպանութեան։
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Գանատայի Լաւալի «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէն կը դատապարտէ ուրացման ամէն դրսեւորում՝ ըլլայ ան Թուրքիոյ պաշտօնական քաղաքականութիւնը, օտար պետութեան զիջողութիւնը, հայ ազգին ու ժողովուրդին նկատմամբ կատարուածին շուրջ կրաւորական կեցուածքը, թէ՝ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն կատարեալ ձախողութիւնը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Արցախեան ոճիրի հանդէպ պատշաճ պատմական եւ ազգային դիրքորոշում որդեգրելու մէջ։
Այսօր, երբ կը խոնարհինք մեր նահատակներու յիշատակին առջեւ, մենք՝ որպէս պատասխանատու ժառանգորդներ, կը բարձրացնենք մեր ձայնը՝ ընդդէմ ուրացման, ընդդէմ լռութեան, ընդդէմ պատմութեան աղաւաղման։
Որովհետեւ ուրացումը ինքնին յանցանք է։ Ան ոչ միայն կը պղծէ նահատակներու յիշատակը, այլ կ՛ուրուագծէ ապագայ ցեղասպանութիւններու ճանապարհը։
Ուստի կը յայտարարենք․
Ո՛չ ոք իրաւասու է հրաժարելու մեր պատմական իրաւունքէն։
Ո՛չ ոք կրնայ ցեղասպանութիւնը դարձնել բանակցութեան նիւթ։
Ո՛չ ոք կրնայ լռութեան դիմաց ընտրել ստորացումի “խաղաղութիւնը”։
Մեր պահանջը կը մնայ անփոփոխ՝
ՃԱՆԱՉՈՒՄ – ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒՄ – ՀԱՏՈՒՑՈՒՄ։
Մենք կը կոչենք մեր համայնքին եւ ժողովուրդին ՝ մնալ միախորհուրդ, հպարտ ու պայքարող եւ կը հրաւիրենք՝ միանալու Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակի ձեռնարկներուն՝ յանուն արդարութեան, հատուցման եւ պատմական ճշմարտութեան վերահաստատման։
Մենք հաւատարիմ պիտի մնանք մեր նահատակներուն, մեր սրբազան պատգամներուն, եւ պիտի շարունակենք մեր պայքարը՝ մինչեւ վերջ, մինչեւ արդարութեան յաղթանակը։
ՀՅԴ Լաւալի «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէ
Գանատա