Վերջերս լոյս տեսաւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակի նոր հրատարակութիւնը՝ «Հայ Ուսանողութիւնը Արցախի Համար» գրքոյկը (տպագրութիւնը Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան, Պէյրութ), որմով իր լրումին հասաւ «Հայ Ուսանողութիւնը Արցախի Համար» մրցանքի առաջին թողարկումը (2024թ): Նշենք, որ այս ծրագիրը ուսանողական ուսումնասիրութիւններու եւ առաջարկներու ներկայացման մրցոյթի ծրագիր մըն է, որ կը նպատակադրէ համախմբել աշխարհասփիւռ հայ ուսանողութիւնը, եւ անոր մասնագիտական ներուժը ծառայեցնել Արցախի եւ արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան:
Առաջին մրցանքի նիւթերը կը վերաբերին Արցախի 2020թ պատերազմին եւ անոր յաջորդած հայաթափման աղէտին եւ Ազրպէյճանի ցեղասպանական քաղաքականութեան: Ուսանողներուն աշխատանքներուն վերահսկեցին հանրայայտ խորհրդատուներ՝ Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքէն: Այս գրքոյկին մէջ տեղ գտած են երեք մրցանակի եւ երկու գնահատանքի արժանացած 4 ուսանողներու եւ մէկ ուսանողական խմբակի ուսումնասիրութիւնները:
Արդէն սկսած է «Հայ Ուսանողութիւնը Արցախի Համար» երկրորդ մրցանքը 2025թ, կեդրոնական նիւթ ունենալով Արցախ վերադարձի իրաւունքը:
Ուսանողները կրնան դիմել այցելելով studentsforartsakh.am կայքէջը, ուր նաեւ կարելի է կարդալ սոյն գրքոյկը: Այս ծրագրի հերթական թողարկումով, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակը կը վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը՝ համախմբելու հայ ուսանողութիւնը եւ մղելու, առաւելագոյն մասնագիտական մօտեցումներով, ընդհանրապէս Հայ Դատի ծառայելուն եւ մասնաւորաբար արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան:
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակ
Մարտ 2025