կարևոր
2380 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-06-13 15:50
Քաղաքական

Հ.Յ.Դ. Յու­նաս­տա­նի 85-րդ Շր­ջա­նա­յին Ժո­ղո­վ

Հ.Յ.Դ. Յու­նաս­տա­նի 85-րդ Շր­ջա­նա­յին Ժո­ղո­վ

Շա­բաթ, 10 եւ Կի­րա­կի, 11 Յու­նիս 2023-ին, Ա­թէն­քի մէջ գու­մա­րո­ւե­ցաւ Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան Յու­նաս­տա­նի 85-րդ Շր­ջա­նա­յին ժո­ղո­վը, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցան Յու­նաս­տա­նի տա­րած­քի զա­նա­զան շրջան­նե­րու պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը եւ Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ըն­կե­րը։

Ժո­ղո­վը քննեց անց­նող եր­կա­մեայ գոր­ծու­նէու­թեան ծա­ւա­լը ու հա­մա­պա­տաս­խան գհա­հա­տում­ներ կա­տա­րեց։ Յա­ջոր­դա­բար, օ­րա­կար­գի ընդգր­կուն մա­սե­րով, ժո­ղո­վը քննու­թեան ա­ռար­կայ դար­ձուց կազ­մա­կերպ­չա­կան, Հայ դա­տի հե­տապնդ­ման եւ քա­րոզ­չու­թեան, մա­մու­լի, ազ­գա­յին գա­ղու­թա­յին կեան­քի կա­րե­ւոր բնա­գա­ւառ­նե­րը եւ ո­րո­շում­նե­րու յան­գե­ցաւ։

Այս ծի­րէն ներս քննար­կում կա­տա­րո­ւե­ցաւ Հայ դա­տի հե­տապն­դում­նե­րու կազ­մա­կերպ եւ ու­ժեղ հնչե­ղու­թեամբ կա­տա­րո­ւած աշ­խա­տանք­նե­րուն մա­սին։ Յա­տուկ անդրա­դարձ ե­ղաւ Հ.Յ.Դ. կազ­մա­կերպ կա­ռոյ­ցի ու­ժա­կա­նու­թեան եւ ան­կէ բխած յա­ւե­լեալ պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րու ար­դիւ­նա­ւոր­ման, ինչ­պէս նաեւ Հ.Յ.Դ. ա­ռա­ջադ­րանք­նե­րը մեր ժո­ղո­վուր­դին հա­ղոր­դ դարձ­նե­լու ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թեան։

Նոյն շրջա­գի­ծին մէջ, կա­րե­ւո­րու­թեամբ ընդգ­ծո­ւե­ցաւ Ար­ցա­խի հիմ­նա­հար­ցին շուրջ Հ.Յ.Դ. ար­տա­յայ­տած սկզբուն­քը, թէ մեր­ժե­լի են բո­լոր այն փոր­ձե­րը, ո­րոնք Ար­ցա­խը կը տես­նեն Ատրպէյ­ճա­նի «հո­ղա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան» մէջ։ Այս հիմ­նա­կան կէ­տին վրայ ժո­ղո­վը կա­րե­ւոր նկա­տեց հա­յու­թեան ի­րա­զեկ­ման աշ­խա­տան­քը եւ Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի կող­քին ըլ­լա­լու գե­րա­գոյն պար­տա­կա­նու­թիւ­նը, ո­րուն գա­ղա­փա­րին շուրջ պէտք է յա­ջողց­նել ամ­բողջ հա­յու­թեան հա­մախմ­բու­մը եւ ար­ծուա­բոյն Ար­ցա­խի ա­զատ ու ան­կաշ­կանդ ապ­րե­լու ձգտու­մը։

Շր­ջա­նա­յին ժո­ղո­վը իր ա­ւար­տին ընտ­րեց նոր Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէ յա­ջորդ եր­կա­մեա­կին հա­մար, որ կը բաղ­կա­նայ հե­տե­ւեալ ըն­կեր­նե­րէն.-

· Հ­ռիփ­սի­մէ Յա­րու­թիւ­նեան
· Կա­րօ Նա­տեան
· Յա­րու­թիւն Սե­րո­բեան
· Ռաֆ­ֆի Գա­զա­րեան
· Սեր­գօ Ման­կո­յեան
· Յա­րու­թիւն Ս­պար­թա­լեան
· Տիգ­րան Չի­չէ­քեան

Հ.Յ.Դ. Յու­նաս­տա­նի 85-րդ Շր­ջա­նա­յին Ժո­ղո­վի դի­ւան