Փոխարժեքներ
08 05 2025
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.25 |
EUR | ⚊ | € 439.39 |
RUB | ⚊ | ₽ 4.7251 |
GBP | ⚊ | £ 516.22 |
GEL | ⚊ | ₾ 141.96 |
aztagdaily.com- Սուրիական բանակը, ահաբեկչական շարք մը զինեալ խմբաւորումներուն դէմ մղած բուռն բախումներէ ետք, վերատիրացաւ Համայի հիւսիսարեւմտեան գիւղական շրջանին մէջ գտնուող Հմէյմաթ գիւղին ու անոր ռազմավարական բլուրներուն:
Սուրիական բանակը Ժապհաթ Նուսրայի, Թուրքմենական իսլամական կուսակցութեան, չեչեն եւ չին մասնայատուկ ուժերու բուռն յարձակումին դիմաց գիւղէն դէպի անոր մերձակայ պաշտպանողական դիրքեր նահանջելէն մէկ օր ետք հակայարձակումի դիմեց:
Ասայեպ Համրա փաղանգները Ժապհաթ Նուսրայի մասնայատուկ ուժերն են, որոնց շարքերուն մէջ կը գտնուին ասիական, եւրոպական եւ արաբական ծագում ունեցող զինեալներ:
Հմէյմաթ գիւղը կը գտնուի ռազմավարական Մահրատաթ Սքայլապիայի ճամբուն վրայ, որ կը գտնուի Համայի հիւսիսարեւմտեան գիւղական շրջանին Մահրատա եւ Սքայլապիա գիւղերուն միջեւ: