կարևոր
2791 դիտում, 1 տարի առաջ - 2022-12-20 19:06
Աշխարհ

Հասկացողին շատ բարեւ …

Հասկացողին շատ բարեւ …

Միացեալ Նահանգներու նախորդ նախագահը` Տանըլտ Թրամփ, Երկուշաբթի, 19 Դեկտեմբերին, պաշտօնապէս եւ անառարկելիօրէն ամբաստանուեցաւ իբրեւ ոճրագործ, իբրեւ Սահմանադրութիւնը ոտնակոխելու, իշխանութիւնը կամայականօրէն բռնագրաւելու փորձ կատարելու, այդ նպատակով խռովութիւն հրահրելու, մեղսակիցներ որսալու եւ նմանօրինակ յանցանքներու, մեղքերու շարքով մը:

Ամբաստանագիրը միաձայնութեամբ որդեգրուեցաւ 6 Յունուար 2021-ի ծանօթ դէպքերուն շուրջ քննութիւն կատարող` ամերիկեան Ազգային ժողովի յանձնախումբին կողմէ, որ բաղկացած է թէ՛ դեմոկրատ եւ թէ հանրապետական անդամներէ, թիւով ինը: Ուղղակի պատկերասփռուած նիստի մը պահուն, որ իր աշխատանքին աւարտը կը նշէր, խորհրդարանական յանձնախումբը հրապարակեց մօտաւորապէս մէկ ու կէս տարի տեւած իր հարցապնդումներուն եւ քննութիւններուն եզրակացութիւնները եւ ՄԻԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՄԲ որդեգրեց ծանրագոյն ամբաստանութիւնները պարունակող բանաձեւը, յայտարարելով, որ հիմա գնդակը կը գտնուի իրաւական համակարգի դաշտին մէջ, այսինքն՝ արդարադատութիւնը պէտք է վճռէ, թէ նման ծանր յանցանքներ կատարող մը ինչպիսի՞ պատիժի (պատիժներու) արժանի է: (Հաւանաբար մեղսակիցներն ալ չեն անտեսուիր):

Աւելի քան մէկ ժամ տեւած նիստին, հերթաբար խօսք առին յանձնախումբի բոլոր անդամները, որոնք թուեցին «նարնջագոյն մարդուն» գլխաւոր յանցանքները, անարդարանալի արարքներն ու ՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ հարուածելու, վարկաբեկելու, մինչեւ իսկ անոր լինելութիւնը վտանգելու խաղքութիւնները: Նախկին նախագահին կուսակցութեան անդամներ եւ ընդդիմադիրներ՝ չքմեղանքի, յանցանքները մեղմացնելու ո՛չ մէկ բառ արտասանեցին: Անոնք նաեւ քաղուածքներ ներկայացուցին իրենց մէկտեղած վկայութիւններէն, որոնց ճամբով, Թրամփի բազմաթիւ սերտ գործակիցներ անգամ զայն անվարան նստեցուցին մեղապարտի աթոռին: Իրողական մեղադրականներ հնչեցին մինչեւ իսկ… Թրամփ ընտանիքի անդամներու բերնէն:

Փաստարկուած է, որ մարդուկը անձամբ ղեկավարած է ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ դէմ գործողութիւնները (նախապատրաստելով, հրահրելով, առաջնորդելով եւ ձեռնածալ մնալով), երբ հազարաւոր հրոսակներ յարձակում գործեցին խորհրդարանի շէնքին վրայ, ծանր վնասներ պատճառեցին, սպաննեցին ու վիրաւորեցին ոստիկաններ ու պաշտօնեաներ, սպառնացին խորհրդարանականներու եւ այլոց կեանքին (օրինակ, կը պահանջէին կախաղան հանել Թրամփի շուքը եղող փոխ նախագահ Փենսը կամ մահուան գիրկը ղրկել Նէնսի Փըլոսին): Փաստարկուած է, որ շուրջ 3 ժամ տեւած խռովութիւններու պահուն, Թրամփ մերժած է անսալ ամէնէն սերտ գործակիցներու թախանձանքին, որպէսզի զսպէ վայրագութիւնները, չէ դիմած ապահովութեան որեւէ ուժի միջամտութեան: Աւելին՝ նախագահական ընտրութիւններէն ետք, 6 Յունուարէն շա՜տ առաջ, բազմաճիւղ ճնշումներու ենթարկած է գործակիցներ, նահանգներու կառավարիչներ եւ այլ պաշտօնակատարներ, որպէսզի ապօրինի միջոցներու դիմեն եւ զինք յաղթական հռչակեն, վստահեցնելով, որ ինք պիտի ստանձնէ բոլոր օրինազանցութիւններուն պատասխանատութիւնը: (Յաջողելու պարագային, ան ալ կրնար ըսել՝ պատասխանատուն ես եմ, բայց մեղաւոր չեմ…)

Թրամփի դէմ վկայութիւն տուողներու շարքին եղած են իր նախարարներէն, Սպիտակ Տան բարձրաստիճան պաշտօնակատարներէն եւ արդարադատութեան բաժանմունքէն մարդիկ, որոնք նախընթաց փուլին բացայայտօրէն յանձն առած էին նախագահին ուսապարկի դերը, սակայն տեղ մը կանգ առած են եւ ետդարձ կատարած՝ կործանարար ընթացքէն: Անշուշտ փոքրաթիւ խմբակ մը հաւատարիմ մնացած է (այսօր ալ է) ուսապարկի դերին: Այս տրամաբանութեամբ ալ, յանձնախումբին եզրակացութիւնները կրնան մեկնաբանուիլ իբրեւ նախագահին կարգ մը գործակիցները սպիտակով, ուրիշներ սեւով ներկելու արարողութիւն մը:

Բազում մեղադրանքներուն շարքին, մէկ քանին աղաղակող են: Թրամփ ինքզինք դրած է պետութենէն գերիվեր տեղ մը, յայտարարած՝ որ եթէ իր վերընտրութիւնը չապահովուի, հանրապետութիւնն ու պետութիւնը գոյութիւն պիտի չունենան: «Ես եմ քու տէր-նախագահդ, ինձմէ զատ նախագահ պիտի չունենաս», պատգամած է նոր օրերու Եհովան (ինչպէս որ ուրիշ մարդուկ մը յայտարարած էր. կա՛մ ես վարչապետ կ’ըլլամ, կամ…):

Քննիչ յանձնախումբին խարանող եզրակացութիւնները այս հարցին ճամբուն պայթած նորագոյն ռումբը եղան, իրենց վրայ կեդրոնացուցին ամերիկացիներուն եւ ամբողջ աշխարհի ուշադրութիւնը, լուսարձակները շատ արագ խլելով ճիշդ օր մը առաջ վերջ գտած «Մոնտիալ»էն: Վաղը, պիտի ծագին հազար ու մէկ նոր լուսարձակներ. Թրամփի հակադրեալներ՝ հանրապետական թէ դեմոկրատ, նոր վառելանիւթ պիտի ապահովեն իրենց արշաւանքներուն՝ խորտակելու համար թեկնածու ներկայանալու անոր երազները, իսկ նախկին նախագահին հաւատարիմ կոյրեր եւ խուլեր պիտի շարունակեն պաշտպանել անպաշտպանելին, պիտի հռչակեն, թէ չեն կրնար հրաժարիլ անոր ուսապարկը մնալու «վայելքներէն»:

***
Թրամփի դէմ արձակուած ամբաստանագիրը նորութիւն չէ: Անոր յանցապարտութիւնը ակներեւ էր նոյնինքն 6 Յունուար 2021-ին: Կարելի է մինչեւ իսկ մտածել, որ այս խառն յանձնախումբը պարզապէս ժամանակ վատնեց, փաստեր եւ վկայութիւններ մէկտեղելու համար անծածկելիին մասին, որոնք բացայայտ էին նոյնինքն դէպքին օրը եւ յաջորդող քանի մը օրերուն:

Այսուհանդերձ, կայ կէտ մը, որ կ’արդարացնէ այս գործընթացը: Եղած յանցագործութիւնը անմիջական, երեւութական թուացող դէպքերու հիմամբ չէ, որ կը դատուի ու կը դատապարտուի, այլ՝ կարելի ամէնէն մանրամասն քննութիւններէն ետք, որպէսզի թագաւորին մերկութիւնը ծածկող տերեւ մը իսկ չմնայ: Այս աշխատանքը իրականացած է այլապէս իրարու կոկորդ սեղմող, մինչեւ այսօր ալ սուր մրցակցութիւն վարող կուսակցութեանց ներկայացուցիչներուն կողմէ, որոնք սակայն տեղ մը ահաւասիկ ՄԻԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՆ կը հասնին, երբ կը տեսնեն որ անձերէն անդին՝ երկիրն ու ՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ վտանգի տակ են, անհատի մը կողմէ խաղալիք դառնալու վիճակին կը մատնուին: Թրամփի դէմ վկայութիւն տուողները (մինչեւ իսկ եթէ սա կամ նա քաղաքական հաշիւը կը հետապնդեն) իրենց շարքին կը հաշուեն այնպիսիներ, որոնք նախընթաց փուլերուն պաշտպանած են իրողական խեղկատակ-խամաճիկին աղաղակող այլ սայթաքումները, օրինազանցութիւնները, սակայն տեղ մը տեսած են կարմիր գիծը, չեն անցած անկէ անդին, չեն ըսած, որ իրենց պոսը կը պահանջէ նշաձողը իջեցնել ու անոր վրայ ասֆալթ փռել, պետութեան ու երկրին-ժողովուրդին հաւատարմութեան փոխարէն՝ հաւատարիմ մնալ անոր անձին, աթոռին:

Յստակ է, որ Թրամփի պատմական գայթակղութեանց հետեւանքով, Միացեալ Նահանգներ հողային կորուստներ չունեցավ, հազարաւոր կեանքեր չկորսուեցան, աղէտալի աւեր, բռնագաղթեր տեղի չունեցան, այլ մարդիկ՝ ժողովուրդէն ալ պատկառելի զանգուած մը՝ սորվեցան, թէ նշաձող իջեցնելն ալ ունի ի՛ր սահմանները, տրամաբանութիւնը…

(Այս բոլոր արձանագրելով, նպատակ չունինք իտէալականացնելու նախորդ կամ այժմու նախագահներու, ամերիկեան կամ որեւէ այլ գերուժի այլապէս անընդունելի վարմունքները, արարքները, սակայն այսօր վէճ չկայ, թէ Թրափի ըրածը աննախընթաց յանցանք էր, համազօր՝ պետական մակարդակի ոճիրի, Սահմանադրութեան վրայ իր տուած երդումին դաւաճանութեան):

***
Եթէ երկրի ու պետութեան շահերու պաշտպանութեան դիտանկիւնէն՝ այս բոլորը փոխադրենք «ժողովրդավարութեան պասթիոն» Հայաստան եւ յանձնենք իշխանաւորին ուսապարկերուն ու «մանտաթ տուողներուն» ուշադրութեան (յուսանք ամերիկացի նոր նշանակեալ դեսպանը այս թղթածրարին ամփոփումը տանի Երեւան), առարկայական մօտեցումով զատորոշենք բաղդատելին ու անբաղդատելին, յիշենք, որ 44-օրեայ պատերազմին շուրջ սպասուած քննութիւնը չէ բացուած (այսօր ո՞վ է անկէ ետք եղած կորուստներուն մասին քննութիւն պահանջողը), իսկ Ապրիլեանին շուրջ քննութիւնն ալ տարօրինակ խայտառակութիւններու դուռ բացած է, կրնանք մէկ բան արձանագրել անվարան. ՀԱՍԿՑՈՂԻՆ ՇԱՏ ԲԱՐԵՒ, յուսալով, որ հասկցողները բազմանան թէ՛ Հայաստանի եւ թէ հայաշխարհի տարածքին:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ