Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 31-ամեակը ամբողջ հայութիւնը կը գտնէ գերլարուած վիճակի մէջ, երբ ատրպէյճանական զինեալ ուժերը սանձազերծած ըլլալով լայնատարած ռազմական գործողութիւններ, կը սպառնան Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան ու անոր փխրուն անկախութեան վրայ։
Հայաստանի միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններուն վրայ կատարած իրենց յարձակումներով, որոնք նաեւ յանգեցան քանի մը քիլոմեթր Հայաստանի հողերուն վրայ թափանցելուն, ատրպէյճանական ուժերը այլեւս կը փորձեն իրականացնել այն սպառնալիքը, որ երկար ժամանակէ ի վեր կախուած կը մնայ Հայաստանի վրայ՝ բռնի ուժով եւ ռազմական միջոցներով Սիւնիքը պոկել Հայաստանի գիրկէն եւ ստեղծել համաթուրանական կամուրջին ծառայող միջանցքին այն կարեւոր բաժինը, որ ցամաքային երկարութեամբ պիտի կապէ Ատրպէյճանը Նախիջեւանի ու Թուրքիոյ հետ։
Այս բոլորի իրականութեան դիմաց, հայրենի քաղաքական ղեկավարութիւնը փոխանակ ոտքի հանելու հայ ժողովուրդը, կ՚ապակողմնորոշէ զայն, մանաւանդ երբ Ատրպէյճանի համընդանուր յարձակումի ստեղծած վտանգաւոր իրադրութեան մէջ, երկրի վարչապետը Ազգային ժողովի ամպիոնէն Հայաստանի ու Արցախի ժողովուրդի զգայնութիւններու լարերը գրգռելով, կը խօսի փաստաթուղթի մը ստորագրման մասին, նոյնիսկ ամբողջ պատասխանատուութիւնը իր վրայ վերցնելով։ Ու երբ կը նշմարէ, թէ իր վտանգաւոր արտայայտութիւնները կը բախին հայրենիքի ու Արցախի հայութեան բուռն հակազդեցութեան, ապա ժողովուրդը Երեւանի ու Ստեփանակերտի մէջ ճամբաները կ՚ողողէ, ինքն ու իր շուրջինները կը փորձեն շրջել կացութիւնը, նոյնիսկ պատճառաբանել, թէ օտար ոչ բարեկամական ուժեր կը խաթառեն Հայաստանի ազգային քաղաքականութիւնը եւ կը խեղաթիւրեն վարչապետի արտայայտած միտքերը։
Աւելին, անտեսելով, թէ թշնամիին ուժերը արդէն ներխուժած են Հայաստանի ինքնիշխան տարածքները, անտեսելով ցարդ յայտարարուած հայկական կողմի զոհերու արեան գինը, հարիւրաւոր վիրաւորներու կացութիւնը, հազարաւոր տեղահանուածներու ճակատագիրը, յարձակում ստացած քաղաքներու եւ գիւղերու կառուցային ծանր վնասները, այսօրուան վարչախումբի ներկայացուցիչները կը յամենան խօսիլ թշնամիին հետ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութեան գործընթացի զարգացման մասին, որ, ըստ իրենց, կրնայ քանի մը ամիսէն յանգիլ այսպէս կոչուած «խաղաղութեան» հաստատման։
Այսօր, հայ քաղաքական միտքը եւ հայրենի քաղաքական իրականութիւնը նախանձելի վիճակ չեն ներկայացներ, ընդհակառակը, անորոշութեան մէջ գործելով, նոյն անել կացութեան մէջ մատնած են նաեւ հայ ժողովուրդի ապագան ու անոր ինքնորոշման ճանապարհը։ Աւելին, քաղաքական կեանքը այսօր բեւեռացման վտանգաւոր ուղիներու մէջէն կը քալէ, երկիրը ու ժողովուրդը նետած ըլլալով ռուսամէտութեան կամ արեւմտամէտութեան յորձանուտին, արտաքին ուժերու մէջ փնտռելով հայրենիքի փրկութեան լաստը։
Իր 31-ամեայ պատմութեան մէջ, Հայաստանի անկախութեան գաղափարը եւ մեր ժողովուրդի ինքնիշխանութեան խորհուրդը չեն կրնար սակարկութեան առարկայ դառնալ։ Որքան ալ արտաքին եւ մեծապետական ուժերու բախումները տարածաշրջանին մէջ հայրենի նաւը փոթորկալից ալիքներու մէջ կը մղեն, որքան անոնց շահերը հայ ժողովուրդի ճակատագիրին վրայ դառն խաղեր կը սարքեն, հայ ժողովուրդը պէտք չէ կորսնցնէ անկախ ու անկաշկանդ ապրելու ուժի զօրութիւնը, այն որ անցեալին Արցախի հերոսապատումը իրականացուց, այն որ 31 տարի շարունակ կանգուն կը պահէ վերանկախացեալ Հայաստանի գոյութենական երթն ու բարգաւաճման իրաւունքը։
Սփիւռքը եւս իր շուարումի մթնոլորտէն դուրս գալու հրամայականին մէջ կը գտնուի։ Կը թուի, թէ Սփիւռքը վաղուց վար դրած է իր կարելիութիւններու զէնքը, տեղի տալով նաեւ պառակտիչ ձայներու եւ արձագանգներու, որոնք կը ջլատեն իր կարողականութիւնը եւ կը ստիպեն մնալ կրաւորական դիրքի մէջ։ Սփիւռքներու յատկանիշն է զօրաւոր հայրենասիրութեան արտայայտութիւնը եւ այդ գաղափարին կառչելու անծայր հաւատարմութիւնը։ Յատկանիշներ, որոնք այսօր տժգունած կը թուին ըլլալ, քանի որ Արցախի մեծ մասի կորստեան եւ այժմ Հայաստանի վրայ ներխուժման ու տարածքներու գրաւման ստեղծած հիասթափութիւնը հեռու կը պահեն սփիւռքահայ մարդը ազգային գերագոյն գաղափարներու պահպանողի աւանդական դերէն։
Սփիւռքը մէկ աւելի պէտք է գիտակցի, թէ հիմնական դերակատարութիւն ունի Արցախի ինքնորոշման միջազգային ճանաչումի գործընթացին մէջ, միաժամանակ հայրենակերտումի ու պետականութեան ամրացման համար իր կարողականութիւնը վճռորոշ կը դառնան։ Այդպէս եղած է վերջին 31 տարիներուն ընթացքին, հայ ժողովուրդի ապագան նոյնը կը պահանջէ այսուհետեւ։
Իսկ հայրենիքի մէջ, հարկ է որ ժողովուրդին մէջ ստեղծուին քաղաքականօրէն եւ պետականօրէն ազատ շնչելու, մտածելու եւ գործելու նպաստաւոր այն պայմանները, որոնց մէջէն պիտի վերարժեւորուի անկախութեան, ինքնորոշման եւ պետականութեան հիմերու ամրապնդումը ու պետական շէնքի կառուցումը։ Ոչ մէկ ատեն, ոչ մէկ պարագային, որեւէ իշխող խումբ իրաւունք ունի սակարկելու հայութեան՝ ապրելու եւ իր իրաւունքներուն տէր կանգնելու ձգտումը։
Այսօրուան իշխանական խաւը այլեւս ոչ մէկ շունչ կրնայ փչել հայրենի ժողովուրդի երազներուն թռիչք տալու յոյսին։ Աւելի քան չորս տարի շարունակ, այդ շունչը օրէ օր կը սպառի, մինչ ամէն կողմ «յանցաւորներ» փնտռելու իշխանական վարքագիծը ցոյց կու տայ այն վտանգաւոր ուղին, որու ականապատ անցքերէն կը փորձուի մղել հայ ժողովուրդի ապագան։
Հայաստանի անկախութեան 31-րդ տարեդարձի անբարենպաստ պայմաններուն տակ, հայ ժողովուրդը պարտի վերագտնել վերազարթնումի ուժն ու կարողականութիւնը, նախ շրջանցելու համար այսօրուան անել քաղաքական իրավիճակը ու իշխանաւորներու ստեղծած անյոյս կացութիւնները, ապա, քաղաքական եւ ընկերային «նոր դաշինքի» մը կնքումով վերահաստատելու անկախութեան ամրապնդման ու հողային ամբողջականութեան մարտունակ ոգին։
31 տարիներու ընթացքին ձեռք բերուած եւ աչքի լոյսի նման պահուող անկախութեան փորձառութեան իրականութեան տակ, Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնը կը պահանջէ, որ ժողովուրդը դարձեալ տէր կանգնի իր ազգային եւ քաղաքական կարողականութեան։
«Ազատ օր»-ի խմբագրական