կարևոր
0 դիտում, 2 տարի առաջ - 2022-04-25 23:13
Հասարակություն

Տունը Չես Կրնար Մոռնալ

Տունը Չես Կրնար Մոռնալ

Պուրճ Համուտի մէջ հաւաքուած է հոծ բազմութիւն մը։ Նպատա՞կը։ Քայլարշաւ դէպի Անթիլիասի կաթողիկոսարան՝ ոգեկոչելու հայոց Ցեղասպանութեան 107-րդ յիշատակը։

Բազմութեան մէջ կային բարեկամներ եւ հարազատներ։ Շատ հաճելի էր դարձեալ հաղորդակցիլ բոլորին հետ։ Չուշացաւ բարեկամի մը ակնարկութիւնը. «Հաճելի է քեզ հոս տեսնել»։ «Տունը սիրելի է», ըսի։  «Տունը կարելի չէ մոռնալ»։ Տունը՝ Պէյրութ, Լիբանան։ Հոն ուր ծնայ, մեծցայ եւ ստացայ ուսում եւ դաստիարակութիւն։ Ապրեցայ իր քաղցր օրերը եւ նոյնքան բաժնեցի անոր ցաւը։ Բայց մինչեւ այսօր ինծի համար Պէյրութը տուն է։ Ան սիրելի է եւ կարելի չէ որ մոռնամ։

Այսօր կրկին տեսայ, թէ տունը հաստատ է եւ ամուր, անկախ որ Լիբանան կ'ապրի տնտեսական եւ քաղաքական սուր ճգնաժամ։ Տեսայ, թէ լիբանանահայութիւնը ինչքան հաստատ է եւ վճռական։ Հայորդիներ՝ իրենց առօրեայ մտահոգութիւնը մէկ կողմ դրած, հաւաքուած էին նորոգելու իրենց ուխտը։ Այս քայլարշաւը ցոյց տուաւ, թէ գաղութը կ'ապրի իր ազգային ինքնութեամբ եւ պահանջատիրութեան գիտակցութեամբ։ Տեսայ, թէ անոնք վճռակամ են եւ պիտի շարունակեն իրենց երթը եւ միշտ պիտի յիշեն եւ պահանջեն։ Բոլորս ալ քալեցինք մինչեւ Անթիլիասի կաթողիկոսարան յիշելով մեր նահատակները եւ նոյնքան նաեւ պահանջելով։ Քալեցինք հպարտութեամբ։ Քալեցինք աննկուն կամքով եւ վճռակամութեամբ:

Կաթողիկոսարանին մէջ տեղի ունեցած հաւաքը եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հայրապետական պատգամը եկաւ ամրացնելու այս բոլորը։ Թէ՝ Տունը, Լիբանանը եւ լիբանանահայութիւնը տոկուն է։ Ան իր հազար ու մէկ մտահոգութիւններուն եւ տագնապներուն մէջէն կը կենայ հաստատ։ Ան չ'ուզէր սակարկել իր ինքնութեան պատկանելիութիւնը եւ պահանջատիրութեան գործընթացքը։

Ազգովին  կ'ապրինք մեր պատմութեան մէկ դժուար եւ բախտորոշ ժամանակահատուածին մէջ։ Բայց պիտի շարունակենք քալել։ Ազգային պահանջատիրութեան  ՅՈՅՍԸ տակաւին զօրաւոր է։ Պիտի շարունակենք քալել՝ դուն, ես, եւ իւրաքանչիւր հայ աշխարհով մէկտեղ։

Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան

Ապրիլ 24, 2022, Պէյրութ