կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-11-04 20:12
Հասարակություն

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը 2019-2023 քառամեակի իր երկրորդ լիագումար նիստերը կատարեց Երեւանի մէջ

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը 2019-2023 քառամեակի իր երկրորդ լիագումար նիստերը կատարեց Երեւանի մէջ

Երկու տարուան առցանց հանդիպումներէ ետք, 26-29 Հոկտեմբերին, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը 2019-2023 քառամեակի իր երկրորդ լիագումար նիստերը կատարեց Երեւանի մէջ, Հայաստան։

Քառօրեայ նիստերը ընդհանուր քննարկման ենթարկեցին միութեան գործունէութիւնը եւ հաստատեցին, որ հակառակ քորոնայի համաճարակին, Միջին Արեւելքի տագնապալի պայմաններուն եւ Արցախի ու Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն, ՀՄԸՄ կը մնայ աշխոյժ եւ կենսունակ, հաւատարիմ՝ նորահաս սերունդներու ազգային առողջ դաստիարակութեան իր առաքելութեան։

Լիագումար նիստերուն յատուկ օրակարգով մասնակցեցան ՀՄԸՄ-ի Արցախի, Թիֆլիսի եւ Մոսկուայի Մեկուսի Շրջաններու ատենապետները եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան ներկայացուցիչները, որոնց հետ առանձնաբար արծարծուեցան յիշեալ շրջաններու գործունէութեան զարգացման առնչուող հարցեր։ Լիագումարը իր  գնահատանքը արձանագրեց չորս շրջաններու նկատառելի գործունէութեան համար՝ նորանոր ծրագիրներ մշակելով յառաջիկայ երկամեակին համար։

Լիագումար նիստերը առիթ մը եղան արժեւորելու անցնող երկամեակի գլխաւոր աշխատանքները, որոնք առցանց ըլլալով հանդերձ կարողացան թափ տալ միութեան համահայկական գործունէութեան.- համա-ՀՄԸՄական խմբապետական համագումար, «Արարատեան» կարգի դաստիարակչական ծրագիր, մարզական Ա. սեմինար, մարզական միջ-ցամաքամասային հանդիպումներ, հեռակայ մարզախաղեր, սկաուտական JOTI բանակում եւ այլն։

Լիագումարը հանգամանօրէն քննեց Արցախեան պատերազմի, Լիբանանի տնտեսական տագնապի եւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի օրերուն միութեան աշխարհատարած մասնաճիւղերուն կատարած բարեսիրական աշխատանքները եւ շեշտեց, որ իբրեւ «կամաւոր բանակ» ՀՄԸՄ ամէնուր իր բովանդակ կարողականութիւնները ի սպաս կը դնէ հայութեան, Հայաստանին ու Արցախին։

Այս առիթով Կեդրոնական Վարչութիւնը խոնարհեցաւ յիշատակին դիմաց այն բոլոր ՀՄԸՄականներուն, որոնք Արցախեան վերջին պատերազմին գերագոյն զոհաբերութեան օրինակներ հանդիսացան։

Յատուկ օրակարգով լիագումարը անդրադարձաւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանի վաղաժամ մահուան առիթով ստեղծուած ֆոնտին եւ նպատակայարմար նկատեց ֆոնտին եկամուտները յատկացնել ՀՄԸՄ-ի Բիւրականի բանակավայրի բարգաւաճման ծրագիրներուն եւ, առ այդ, միաձայնութեամբ որոշեց բանակավայրը կոչել «ՀՄԸՄ-ի Գառնիկ Մկրտիչեան սկաուտական բանակավայր»։ Կեդրոնական Վարչութիւնը նաեւ ցաւով արձանագրեց իր կազմի անդամներէն եղբ. Արմանտօ Թորգոմեանի անակնկալ մահը Արժանթինի մէջ։

Լիագումարին առանձին նիստ մը յատկացուեցաւ միութեան քարոզչական-տեղեկատուական մարզի արդիականացման ծրագիրներուն (կայքէջ, ընկերային ցանցեր, «Մարզիկ» պաշտօնաթերթ, Database)։ Քննարկուեցաւ նաեւ այս քառամեակին ստեղծուած քարոզչական յանձնախումբին բեղուն գործունէութիւնը, որուն նշանակալի նորութիւնը կը հանդիսանայ 6 եւ 13 Նոյեմբերին տեղի ունենալիք համա-ՀՄԸՄական քարոզչական առցանց Ա. սեմինարը, որ առաջին անգամ ըլլալով պիտի համախմբէ միութեան այս մարզի պատասխանատուները եւ ՀՄԸՄական մասնագէտները։

Իբրեւ յառաջիկայի ծրագիրներ, Կեդրոնական Վարչութիւնը իր սկզբունքային համաձայնութիւնը յայտնեց 2022-ին միջ-դիւանական խորհրդաժողով եւ համա-ՀՄԸՄական մարզախաղեր կատարելու, իսկ 2023-ին՝ երիտասարդական համագումար եւ համա-ՀՄԸՄական բանակում իրականացնելու։

Լիագումար նիստերու կողքին, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը իր մասնակցութիւնը բերաւ նոյն օրերուն տեղի ունեցող ՀՅԴ ուղեկից միութիւններու Կեդրոնական Վարչութիւններու երկօրեայ առցանց խորհրդաժողովին։ Կեդրոնական Վարչութիւնը այցելեց ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի Արմաւիրի նորակառոյց «Էմիլ Մաղաքեան» կեդրոն եւ ոգեկոչական ձեռնարկներու շարքով մը՝ Հրազդանի, Պռօշեանի, Բիւրականի եւ Եռաբլուրի մէջ նշեց Արցախեան պատերազմի նահատակները ընդհանրապէս եւ ՀՄԸՄական անձնազոհները յատկապէս։

Կեդրոնական Վարչութիւնը կազմակերպեց նաեւ ՀՄԸՄ-ի Բիւրականի «Գառնիկ Մկրտիչեան սկաուտական բանակավայր»ին անուանակոչութեան արարողութիւնը։

Կ’արժէ նշել, որ Երեւանի մէջ իր լիագումար նիստերը կատարող Կեդրոնական Վարչութեան այցելեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան եւ խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցաւ միութիւնն ու հայութիւնը յուզող համահայկական նիւթերու շուրջ։

                                     Հ.Մ.Ը.Մ. ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Երեւան, 4 Նոյեմբեր 2021