կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-07-26 13:40
Հասարակություն

Վարչապետ Հարիրի Ընդունեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետը

Վարչապետ Հարիրի Ընդունեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետը

aztagdaily.com - ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ, վարչապետարանին մէջ:

Հանդիպումին ընթացքին Մկրտիչեան ներկայացուց ՀՄԸՄ-ի աշխարհասփիւռ կառոյցն ու գործունէութիւնը:

Վարչապետ Սաատ Հարիրի իր դրական տպաւորութիւնները ներկայացուց եւ դրուատիքով արտայայտուեցաւ ՀՄԸՄ-ի գործունէութեան մասին:

Մկրտիչեան շնորհակալութիւն յայտնեց վարչապետին ՀՄԸՄ֊Ֆրանս (Փարիզ) մեկուսի շրջանին իր կատարած նիւթաբարոյական ու տարիներու վրայ երկարող օժանդակութեան եւ ներդրումին համար:

Վարչապետ Սաատ Հարիրի շնորհաւորական խօսքով անդրադարձաւ միութեան 100-ամեակի տօնակատարութիւններուն` համագործակցութեան շարունակական պատրաստակամութեամբ: