Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Երեւանի մէջ կայացած միջազգային գիտաժողովը` Մոսկուայի եւ Կարսի պայմանագիրներու 100-ամեակին առիթով, բազմակիօրէն կարեւոր ուղերձներ կը փոխանցէր: Նախ պէտք է նշել միջազգայնօրէն գիտական միտքի` պատմական, իրաւական եւ քաղաքական առումներով լայն ընդգրկուածութիւնը: Հայաստանէն եւ սփիւռքէն ներկայացուած մասնագէտներուն առընթեր, ներկայ էին Միացեալ Նահանգներէն, Ռուսիայէն, Եգիպտոսէն եւ Յունաստանէն հայկական հարցերուն իրազեկ փորձագէտներ, որոնք ուշագրաւ զեկուցումներով իրենց մասնակցութիւնը բերին գիտաժողովին: Գիտական աշխարհագրութիւնը ունէր քաղաքական նշանակութիւն` նկատի ունենալով գիտնականներուն աշխատանքային միջավայրերուն սերտ առնչութիւնը տարածաշրջանի իրադարձութիւններուն հետ:
Որքան ալ պատմական իրադարձութիւններուն յատկացուած ըլլային զեկուցումներու թեմաները, այդուհանդերձ, բոլորը այժմէական զուգահեռներով արծարծեցին հրատապ խնդիրներ:
Մոսկուան եւ Կարսը հիմնականին մէջ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանագծումին կը վերաբերին: Իսկ իրադրութիւններուն հետեւողը գիտէ, թէ որքա՛ն այժմէական նշանակութիւն ունի այսօր Անգարայի կողմէ իբրեւ նախապայման առաջ մղուող այս գործընթացի մեկնարկը:
Այս տեսակէտէն շատ աղերսումներ լոյսին եկան Արցախի ուղղութեամբ, յատկապէս` յետպատերազմեան շրջանին Անգարայի եւ Պաքուի կողմէ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումի առաջադրանքով Արցախի հարցը թաղելու բոլոր փորձերը:
Աւելի քան ուշագրաւ էին այն բոլոր իրաւագիտական մօտեցումները, որոնք ի սկզբանէ անվաւեր կը հռչակեն ինչպէս Մոսկուայի, այնպէս նաեւ Կարսի դաշնագիրը: Յատուկ շեշտադրումով ընդգծուեցաւ իրաւաքաղաքական ճիշդ եզրաբանութեան օգտագործման անհրաժեշտութիւնը` անօրինական կամ անվաւեր հռչակելու համար զոյգ (հակա) փաստաթուղթերը: Գիտաժողովը քննարկեց յատկապէս յետպատերազմեան ներկայ ժամանակահատուածին եւ տարածաշրջանի նոր գոյավիճակի հաստատման գործընթացներու լոյսին տակ հայկական կողմին որդեգրելիք նոր ռազմավարական եւ մարտավարական քայլերու մշակման հնարաւորութիւնները եւ այդ բոլորին իրականացման ձգտող հայ դիւանագիտութեան հայեցակարգային կէտերը:
Ընկալելի էր առաջադրանքին մեթոտաբանական մօտեցումը: Գիտականօրէն լոյսին բերել պատմական իրադրութիւնները, կարեւորագոյն մանրամասնութիւնները եւ անոնց հիման վրայ կատարել վերլուծումը: Վերլուծում` ընդգծելու համար պատմութենէն քաղելիք դասերը:
Առաջին անգամը չէ, որ տարածաշրջանային գոյավիճակի փոփոխութեան նպատակով իրականացուած ռազմաքաղաքական դասաւորումները կը հարուածեն մեր հայրենիքն ու մեր ժողովուրդը: Այդ հարուածին հետեւանքները յաղթահարելու համար պէտք է կարենալ ճիշդ կարդալ պատմութիւնը: Իրազեկուիլ իւրաքանչիւր գլխաւոր խաղցողի առած քայլերու բուն շարժառիթներուն մասին եւ փորձել հնարաւորինս նուազագոյն վնասով դուրս գալ նոր գոյացող համաձայնութիւններէն կամ նոր արձանագրուող բախումներէն:
Այս գիտաժողովը այդ ընդգծումները կատարեց ամենամասնագիտական եղանակով:
Գիտութիւններու ազգային ակադեմիան պետական կառոյց է եւ կը վարէ, բնականաբար, պետական մակարդակի ակադեմական քաղաքականութիւն:
Պետական համապատասխան գերատեսչութիւններուն պարտականութիւնն է նկատի ունենալ գիտական ուսումնասիրութիւններու եզրակացութիւնները եւ անոնց հիմնադրոյթներուն հիման վրայ մշակել անվտանգային, պաշտպանական թէ դիւանագիտական քաղաքականութիւն:
ՀՅԴ Հայ դատի կեդրոնական խորհուրդը, «Արեւմտահայոց հարցերի ուսումնասիրութեան կեդրոն»-ը եւ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիան` իր պատմութեան եւ արեւելագիտութեան հիմնարկներով, քաղաքականօրէն շատ զգայուն այս փուլին այս գիտաժողովով պետութեան հրամցուցին կարեւոր թղթածրար մը:
Այդ թղթածրարը կը ներառէ հայաստանեան, սփիւռքեան եւ միջազգային կարեւորագոյն կեդրոններու հայեացքները, դիտարկումներն ու վերլուծումները` տարածաշրջանային այն խնդիրներուն, որոնք սերտօրէն կ՛աղերսուին հայկական գործօնին հետ. աւելի՛ն, կապ ունին մեր հայրենիքին հետ` գոյաբանօրէն:
Այս մեթոտաբանութիւնը պէտք է աշխատի լիարժէք: Եւ այս գիտահետազօտական աշխատասիրութիւններու եզրայանգումները պէտք է լուսաւորեն մեր համազգային նոր ճանապարհային քարտէսը:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
aztagdaily.com