Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Ուրբաթ՝ Հոկտեմբեր 8, 2021-ին, Արեւմտեան Ամերիկայի Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Վարիչ Մարմինի և Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչներուն միջեւ կայացաւ հանդիպում մը Կլէնտէյլի մէջ, այժմէական նիւթերու շուրջ: Այս հանդիպման ՍԴՀԿ-ի կողմէ կը մասնակցէին՝ Վազգէն Խոտանեան (Ատենապետ), Գաբրիէլ Մոլոյեան և Միհրան Խաչատուրեան: ՀՅԴ-ի կողմէ՝ Տարօն Տէր Խաչատուրեան (Ատենապետ), Զարեհ Աճեմեան և Գարեգին Խանճեան:
Հանդիպման ընթացքին բնականաբար քննարկուեցան կազմակերպական և գաղութային հարցեր, յա՛տկապէս Արեւմտեան ԱՄՆ-ի մէջ օրըստօրէ ուռճացող հայութեան թիւի և անոր քաղաքական արտացոլացումներուն կարեւորութեան ու հայութեան պահանջատիրական պայքարի այժմէականութեան լոյսին տակ: Նաեւ արծարծուեցան հայրենիքի դիմագրաւած ծանր պայմանները եւ սփիւռքի վերջին տասնամեակներու իրավիճակը, ինչպէս նաեւ 44-օրեայ Արցախեան պատերազմն ու անոր հետեւանքները: Քննարկուեցան հայրենիքի ներքին քաղաքական իրավիճակը ու անոր դարմանման մեջ երկու կուսակցութեանց ջանքերը, ինչպէս նաեւ սփիւռքի դերակատարութիւնը անոնց մէջ:
Ժողովականները վերահատատեցին փոխադարձ յարգանքի և վստահութեամբ ցարդ ձեռք բերուած արդիւնաւէտութիւնը յաւելեալ աշխատանքով հաստատելու կարեւորութիւնը: Աւելին, ժողովականները շեշտեցին յառաջընթաց արձանագրելու և ազգային բնագաւարէն ներս տեղատուութեանց առաջքը առնելու անհրաժեշտութիւնն ու հրամայականը: Հանդիպման աւարտին համաձայնութիւն գոյացաւ մօտիկ ապագային աւելիով ամրապնդել միջ-կուսակցական համագործակցութիւնը ի սպաս մեր գաղութի կարիքներուն և մեր ազգային դատին: