կարևոր
2362 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-07-31 12:30
Քաղաքական

Խմբագրական. «Ճանաչում Յանուն Փրկութեան»-ը Կրնայ Դառնալ Համահայկական Օրակարգ

Խմբագրական. «Ճանաչում Յանուն Փրկութեան»-ը Կրնայ Դառնալ Համահայկական Օրակարգ

Արցախի ամբողջական պաշարումին դէմ մինչ այժմ կը դրսեւորուին յայտարարողական մակարդակի կոչեր, պահանջներ, ահազանգներ: Ազրպէյճան ոչ միայն իր ստորագրութեամբ ամրագրուած եռակողմ համաձայնութիւնները չի յարգեր, այլ նաեւ չ՛ենթարկուիր Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի թէ Միջազգային արդարադատութեան դատարանի որոշումներուն:

Պաքուն գիտակից է, որ ներկայ պայմաններուն մէջ անպատժելի է, հետեւաբար կը դիմէ սանձարձակ գործողութիւններու: Երեւանը յայտարարած է, որ Արցախը կը ճանչնայ իբրեւ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան մաս: Ասիկա իրաւական առաւելութիւն կու տայ Ազրպէյճանին Արցախի նկատմամբ շարժելու իբրեւ իր տարածքը, իսկ այնտեղ ապրող բնակչութիւնը` իբրեւ իր քաղաքացիները:

Մոսկուան, պահպանելու համար իր երաշխաւորելու եւ միջնորդելու իրաւունքը, Պաքուի նկատմամբ մէկ քայլ առջեւ մէկ քայլ ետ վարքագիծով կը շարժի: Նոր երաշխաւորութիւն եւ նոր միջնորդութիւն կը պահանջէ հաւաքական Արեւմուտքը, երբ անվերջ կը խօսի Արցախի ժողովուրդի անվտանգութեան եւ իրաւունքներու միջազգային, չէզոք նոր գործիքակազմի ներգրաւման մասին:

Երկուքուկէս տարի մնացած է ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան աւարտին. Անգարան ժամկէտը կը յիշեցնէ եւ կը յայտարարէ, որ կը յուսայ, որ Մոսկուան յարգէ իր համաձայնութիւնը: Մոսկուան դիւանագիտականօրէն կը պատասխանէ, որ Անգարայի յիշեցումը տեղին չէ, եւ կ՛արծարծէ Աղտամի մէջ թուրք զօրախումբի առկայութեան հարցը:

Մեզի համար մարդասիրական խնդիրը այլոց համար ազդեցութեան գօտիներու պայքար է: Մեզի համար Արցախի ինքնորոշման հարցը այլոց համար կարգավիճակի, իրաւունքներու պատրուակումով միջնորդութեան ղեկը պահպանելու օրակարգ է: Մեզի համար Արցախի ժողովուրդին անվտանգութեան անհրաժեշտութիւնը ուրիշներու համար այդ կարգախօսով խաղաղապահ առաքելութիւն պահպանելը կամ խաղաղապահ ուժերու այլ բաղադրութիւն ապահովելն է: Եւ այսպէս շարունակ:

Հետեւաբար քաղաքականօրէն սխալ է տրամաբանելը, որ եռակողմ համաձայնութիւն կը խախտի, զինադադար կ՛ոտնահարուի, անցակէտ կը տեղադրուի կամ Արցախ կը շրջափակուի ու կը պաշարուի, ուրեմն համաձայնութեան երաշխաւորը կտրուկ պիտի միջամտէ: Անցակէտի վրայ Կարմիր խաչի մեքենայէն Արցախի բնակիչ կ՛առեւանգուի եւ կը ձերբակալուի, ուրեմն Մարդու իրաւունքներու դատարանը անմիջապէս պիտի յաջողի ազատ արձակել խնդրոյ առարկայ անձը: Եւ այսպէս շարունակ:

Համաձայնութիւնները, նոյնիսկ պարտադիր միջազգային որոշումները չեն առարկայանար, որովհետեւ չկայ պատիժ: Չկայ միջազգային քրէականացում Պաքուի գործած յանցագործութիւններուն: Մինչեւ Արցախի շրջափակում եւս չկային պատժամիջոցներ, երբ Պաքուն պատերազմի իւրաքանչիւր փուլին ռազմական յանցագործութիւններու ստուար թղթածրար կը համալրէր` կացինահարումով, Թալիշի մէջ տարեցներ անդամահատելով, նահատակուած զինուորներու դիակները մասնատելով, անզէն բնակչութիւնը հրթիռակոծելով: Ռազմական յանցագործութիւններ, որոնք կու գային աւելնալու Սումկայիթի, Պաքուի եւ Կիրովապատի ցեղային զտումներուն:

Պաքուն սակայն ինչո՛ւ հետզհետէ կը ծայրայեղացնէ իր ճնշամիջոցները: Այսօր խորքին մէջ, թէկուզ քաղաքական դիրքորոշումներով եւ յայտարարողականութեամբ, Ազրպէյճանը մեկուսացուած է իր այս քայլերուն դիմաց: Բոլորը, սկսեալ Ռուսիայէն, անցնելով Եւրոպա եւ Միացեալ Նահանգներ, կը պահանջեն Արցախի ապաշրջափակումը:

Պաքուն կը գիտակցի, որ նման ճնշամիջոցներով, փակելով, սովամահութեան վտանգ ստեղծելով, սնունդի մուտքը արգելափակելով եւ առողջապահական ելեւմուտքը կասեցնելով մարդասիրական աղէտի բոլոր տուեալները ապահոված կ՛ըլլայ եւ իրաւական հիմնաւորում տուած Արցախին հանդէս գալու «ճանաչում յանուն փրկութեան» առաջադրանքով:

Փաստօրէն Արցախի Ազգային ժողովը միջազգային այս բոլոր իրաւաչափութիւններուն հիմնաւորումով կը ներկայանայ միջազգային հանրութեան` ճանաչում պահանջելով:

Պաքուն, պատերազմը յաղթած ըլլալով հանդերձ, առ այս պահը չէ յաջողած իրականացնել իր անմիջական պահանջները: Ո՛չ զանգեզուրեան միջանցքը բացուած է, ո՛չ իր նախասիրած քարտէսներով սահմանազատում կատարուած է, ո՛չ ալ իր կողմէ ճշդուած խաղաղութեան համաձայնագիրը ստորագրուած է:

Հակամարտութեան միջնորդութեան եւ երաշխաւորութեան այս սուր հակամարտութեան մէջ օրակարգերը տեղէն չեն շարժիր, որովհետեւ հակոտնեայ են մօտեցումները: Թէ՛ Միացեալ Նահանգները եւ Եւրոպան կը պահանջեն Արցախի ապաշրջափակումը, թէ՛ ալ Ռուսիան: Ռուսիան, որ ստանձնած է պարտաւորութիւն Հայաստան-Արցախ ազատ տեղաշարժ ապահովելու, կը ձգտի ի՛ր ներդրումով հանգուցալուծում ապահովել, մինչ Արեւմուտքը կ՛ուզէ ցոյց տալ Ռուսիոյ անկարողութիւնը եւ կ՛առաջադրէ նոր միջնորդութիւն հարցի լուծման համար:

Ահա թէ ինչո՛ւ Երեւանը պէտք չէ աճապարեր ճանչնալու, թէկուզ բանաւոր, Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը: Աշխարհաքաղաքական այս անհամաձայնութեան մէջ Երեւանի արագացուած համաձայնութիւնը ոչ միայն անտեղի էր, այլ նաեւ տարածաշրջանի ընդհանուր միտումին հակառակ ուղղութեամբ արձանագրուած քայլ:

Հիմա բոլոր կողմերը` Ռուսիայէն մինչեւ Միացեալ Նահանգներ, անցնելով Եւրոպայէն, կը պահանջեն Պաքուէն վերջ տալ պաշարումին: Պաքուն առանձին է իր այս դիրքին մէջ: Գուցէ աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսելը` թուրքեւազրպէյճանական դաշինքը առանձին է: Քաղաքական մեկուսացումի մէջ է Ազրպէյճանը իր այս քայլով:

Հայկական դիւանագիտութեան անյետաձգելի խնդիրն է պահանջել պատժամիջոցներու որդեգրում` ցեղային զտումի քաղաքականութիւն կիրարկող Պաքուի դէմ: Պատժամիջոցներու պահանջ, ընկերացած «Ճանաչում յանուն փրկութեան» առաջադրանքին: Պահն է հանգամանօրէն յայտարարելու, որ Արցախը չի կրնար մաս կազմել իր դէմ ցեղային զտումի քաղաքականութիւն ազդարարած Ազրպէյճանին:

Առաջնային համահայկական օրակարգը` «Ճանաչում յանուն փրկութեան» է: Արցախի Ազգային ժողովի յայտարարութիւնը հրապարակած է այդ օրակարգի միջազգային բոլոր իրաւաչափական հիմնաւորումները:

aztagdaily.com