կարևոր
1909 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-09-23 14:57
Քաղաքական

Փաշինեան եւ Պայրամով կը դաշունահարեն… Միրզոյեանը

Փաշինեան եւ Պայրամով կը դաշունահարեն… Միրզոյեանը

Նիկոլ Փաշինեանի ազգադաւութեան, հայրենիքը կորուստի տանող ԳՈՐԾԵՐՈՒՆ վրայ նոր փաստ մըն ալ գումարուեցաւ վերջին օրերուն, Արցախի չորրորդ պատերազմի փուլին:

Ազերիական յարձակումէն երկու օր ետք, երբ ուժասպառ ու սովամահ եղող Արցախի ներկայացուցիչները պարտադրուած էին բանակցութեան նստելու Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներուն հետ, Մ.Ա.Կ.-ի Ապահովութեան խորհուրդը, Հայաստանի եւ Ֆրանսայի պահանջով, նիստ գումարեց, քննարկելու համար Արցախի մէջ ստեղծուած ճգնաժամային վիճակը: Ատրպէյճանը դատապարտող եւ վայրագութեան վերջ տալու կոչերը սարքեցին «խօսքի ապուր»-ի համադամներով հարուստ սեղան: «Պատկառելի պատկե՜ր»: Նիստէն դարձեալ որեւէ բանաձեւ չծնաւ: Արցախը փաստօրէն կը մնայ անպաշտպան: Մամուլը տեղեկագրեց այդ բոլորը:

Եկէ՛ք, նախ առանձնացնենք Հայաստանի ներկայացուցիչին՝ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի դատապարտանքը: Հազուադէպ խստութեամբ՝ ան յայտարարեց, որ Ատրպէյճան «կ’աշխատի ցեղային զտումի ծրագիրը աւարտին հասցնել», հայրերու դէմ վայրագութեան արարքները եւ ամէն տեսակի ծանր զէնքերով յարձակումները համատարած են, ժողովուրդը սովի ու սարսափի մատնուած է, կան 200 զոհ, 400 վիրաւոր, եղածը հակամարտութիւն չէ, այլ հայերու բնաջնջման սպառնալիքը բացայայտ է:

Կա՞յ հայ մը, որ պիտի չձայնակցէր Միրզոյեանի «ցասման ողկոյզ»-ին եւ ետ պիտի կանգնէր ամենածանր ամբաստանութիւնները հնչեցնելէ Ալիեւի ոճրախումբին հասցէին: Պատասխանը՝ անվարան ո՛չ է: Բա՜յց…

Մի՜ աճապարէք: Կայ հայանուն մը, որ պատրաստ է կռնակէն դաշունահարելու ի՛ր իսկ արտաքին գործոց նախարարը: Ան կը կոչուի Նիկոլ Փաշինեան (եւ թող ո՛չ ոք ժպրհի ըսելու, որ Միրզոյեան կը խօսէր իր պոսին ցուցմունքներուն համաձայն): Ան կը կրկնէ ու կը կրկնէ, թէ Արցախի հայերը անմիջական սպառնալիքի տակ չեն: Եթէ նման յայտարարութիւններով ան իբրեւ թէ կը փորձէ խուճապ կանխարգիլել (իսկ խուճապը իր խօսքերով պիտի չստեղծուէր, այդ գործը ըրին ազերիական ռմբակոծումները), անդին, աշխարհը եւ յատկապէս Ատրպէյճան պատրաստ են ոճրագործին շնորհուած իրողական չքմեղանքը տարբեր ականջով լսելու:

Եւ ի՞նչ պատահեցաւ: Նոյն նիստին, Ատրպէյճանի ներկայացուցիչ Ճէյհուն Պայրամով «փաստագրեց», որ Միրզոյեան կը ստէ, որովհետեւ անոր պոսը՝ Փաշինեան կը պնդէ, որ Արցախի հայերը սպառնալքի տակ չեն: Պայրամով սուտ կը հանէ ո՛չ միայն Միրզոյեանը, այլ նաեւ բոլոր անոնք՝ որոնք բարձրաղաղակ կը դատապարտեն (մի՛շտ մնալով խօսքի սահմաններուն մէջ) ազերիական ոճիրները, սկսելով Արցախի պաշարումէն մինչեւ յարձակումն ու ջարդերը…

***

Ատրպէյճան եւ անոր անվերապահօրէն զօրակցող Թուրքիա Փաշինեանէն եւ անոր վարչախումբէն աւելի լաւ նուէր կրնայի՞ն երեւակայել: Աւելո՞րդ է անգամ մը եւս դնել այն հարցումը, թէ Երեւանի ղեկին նստողը Հայաստանի՞, թէ՞ թուրք-ազերիական շահերու պաշտպանն է:

Ո՞վ Պայրամովի ձեռքէն պիտի խլէ Փաշինեանի շնորհած՝ «շահող խաղաքարտ»-ը:

Չէ՞ որ նոյնինքն Փաշինեան 180 աստիճանի շրջադարձութիւն ըրած է եւ «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ»-ը վերածած՝ «Արցախը Ատրպէյճանի կը պատկանի»-ի: Չէ՞ որ սա նաեւ անվիճելի խաղաքարտ տուած է Հայաստանի բարեկամներուն եւ թշնամիներուն, բնական դաշնակիցներուն, որպէսզի ըսեն, թէ Արցախը Ատրպէյճանի կը պատկանի (եւ ի սկզբանէ շատերուն հաշիւին կու գայ որ այդպէս ըլլայ):

Ազգադաւութիւնը, դաւաճանութիւնը քանի՞ գոյն ու ձեւ կ’ունենայ: Հայրենասէր մը քանի՞ մատ պէտք է ունենայ, որպէսզի կարենայ փաշինեանասէրներու աչքը կոխել այս իրականութիւնը…

***

Փաշինեանի այս ու նմանօրինակ յայտարարութիւնները այլապէս դաշոյնի նոր հարուած մը կը հասցնեն Արցախի այն պատուիրակութեան, որուն գլխուն զէնք դրած են ու տարած՝ բանակցութիւններու: Տեսականօրէն եւ արդա՛րօրէն ճիշդ է, որ ճնշումի տակ բանակցութիւն-համաձայնութիւն լիարժէք չեն կրնար ըլլալ, սակայն երբ դիմացինդ թուրք-ազերին է ու ետին ունի Փաշինեանի շնորհած «սպիտակ քարտեր»ը շահագործողները…:

Այլ խօսքով, ա՛յն պահուն, երբ Հայաստանէի իշխանութենէն ու աշխարհէն թողլքուած Արցախի զինաթափումը սկսած է, շուտով կրնայ յաջորդել «Ատրպէյճանի կազմին մէջ ներգրաւուելու» գործընթացը (այսինքն՝ հայաթափումի նախագիծը), Արցախի պատուիրակութիւնը ահաւասիկ գործնապէս կը զրկուի խուսանաւելու նուազագոյն կարելիութենէն ալ:

Փաստօրէն, ո՞վ պիտի ուզէր մտնել բանակցողներուն կօշիկներուն մէջ, երբ անոնցմէ կը խլուի վերջին ենթադրեալ յենարանն ալ: Եւ տակաւին կան «հանճարներ», որոնք արցախցիները, այս ու այն կուսակցութիւնը կամ անհատները կը մեղադրեն՝ զիջումի երթալու յանցանքով, արցախցիները կ’այպանեն, որ 44-օրեայ պատերազմին հետեւանքով՝ լքեցին իրենց տուները եւ ապաստանեցան Հայաստան: Յիշողութեան հետ իմաստութեան ու հայրենիք հասկացութեան վերջին նշոյլն անգամ կորսնցուցածները պէտք է յիշեն, թէ Շուշին, Հատրութը, Քարվաճառը, Բերձորը, Աղաւնոն եւ այլ շէներ հայաթափուեցան նոյն իշխանաւորներուն շահադիտական մեքենայութիւններով…: Նախկին նախարարի մը բառերով, լաւ է որ ասոնք լռե՛ն:

***

Թուրք-ազերիին ջաղացքին ջուր լեցնելու գործողութիւնները կը շարունակուին… Երեւանի հրապարակներուն վրայ:

Արցախի պաշտպան կանգնելու, նոյնինքն Հայաստանէն նոր կորուստներ կանխարգիլելու կամքով հրապարակ եկած ցուցարարներն ու զանոնք գլխաւորող ընդդիմադիր դէմքեր բռնարարքներու, խոշտանգումի եւ ձերբակալութեան կը մատնուին՝ իշխանաւորը վահանակներով պաշտպանող եռաշարք ոստիկանական ուժերուն կողմէ: Ընդդիմադիր պարագլուխներու «չէզոքացում»ը իշխանաւորներուն համար կենաց-մահու հարց է:

Պատկերասփռուող տեսարաններու մէջ երեւցող ՀԱՅ ՈՍՏԻԿԱՆՆԵՐԸ հուժկու են. կ’ըսես՝ եթէ ազերիներուն դէմ ելլեն, կրնան զանոնք «հում-հում ուտել», սակայն… ո՜չ. անոնց պարտականութիւնն է պաշտպանել թուրք-ազերիին հետ բանիւ եւ գործով գործակցող Փաշինեանն ու «ուսապարկերը», որոնցմէ մէկը կը սպառնայ, թէ՝ ոստիկանները կրնան կրակել ընդվզում արտայայտող ցուցարարներու վրայ:

…1915-ին ալ, իթթիհատական թուրքերը հայութիւնը ջլատելու համար, առաջին հերթին չէզոքացուցին առաջնորդող դէմքերը: Այդ օրերուն ալ թուրքին հետ գործակցող դաւաճաններ եւ շահամոլներ կային, սակայն պատմութեան մէջ չէ պատահած, որ ժողովուրդի մը պետական առաջնորդները թշնամիին հետ ձեռք-ձեռքի տան՝ սեփական ժողովուրդի ցեղասպանութեան համար: Եւ թող ո՛չ ոք ըսէ, թէ այս մարդիկը մասնակից չեն: Երբ սեփական ներկայացուցիչիդ արձակած ամբաստանութիւնները ասֆալթին կը փռես կրկին ու կրկին, սա ալ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ արարք կը դառնայ:

Ազգային կոմիտէէն կը սպասուի անյապաղ ԳՈՐԾԻ ԱՆՑՆԻԼ: Ատանայի ողբն ու Գետաշէնի կորուստը երգերով հնչեցնելը չի բաւեր: Ժողովուրդը, ամբողջ ժողովուրդը, նա՛եւ Սփիւռքը կոչուած են արագ թափ տալու սկսած շարժումին եւ եթէ պէտք է՝ աւելներով զինուած՝ մաքրագործեն հայու պետական տաճարը:

Իշխանաւորները արդէն բռնած են նահանջի ճամբան. Եռաբլուր այցելող ՔՊ-ականները վռնտուեցան նահատակներու ծնողներուն կողմէ: վարչապետը «վարպետօրէն» ժամ մը կանուխ սկսաւ Ուրբաթ, 22 Սեպտեմբերի նիստը, որպէսզի Ազգային կոմիտէին կոչին ընդառաջող ցուցարարներ չկարենան խափանել նիստը: «Մուկ ու կատուի խաղ»-ը ակներեւ է. մուկերը ապաստանելու ծակ պիտի չգտնեն:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
22 Սեպտեմբեր 2023