Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Ընտրութիւնը կայացած է: Շատոնց նախատեսուած էր, որ կանխահաս արտակարգ ընտրութիւնը կ՛առաջնորդէ սխալ ու վնասակար արդիւնքներու: Ըսուած էր, որ ժամանակաւոր ու չէզոք կառավարութիւն մը պէտք է հանդարտեցնէ մթնոլորտը, մարէ կիրքերը ու խաղաղած, բանականութեամբ առաջնորդուող հանրութիւնը հրաւիրէ ընտրութիւն կատարելու: Այս պահանջը թարգմանուեցաւ իբրեւ աթոռակռիւ: Արտակարգ կանխահաս ընտրութիւն կատարելու համար սահմանադրական բեմագրութիւնը գործադրուեցաւ, ու օրէնքով ճշդուած կարճատեւ ընտրապայքարէ մը ետք, ժողովուրդը հրաւիրուեցաւ ընտրութիւն կատարելու: Ժամանակաւոր կառավարութիւն պահանջողներու նախատեսութիւնը իրականացաւ: Զարմանալ պէտք չէ ի տես ազգային ուժերու պարտութեան: Անձնատուական պարտութիւն կրած, Արցախի երեք քառորդը զիջած, հինգ հազար երիտասարդներու մահուան պատճառ դարձած, աւելի քան տասը հազար վիրաւորներու ու հաշմանդամներու պատասխանատուութիւնը ունեցող, ռազմագերիները ազատելու ու սահմանները պաշտպանելու անկարող իշխանութիւնը վստահութեան քուէի արժանացաւ:
Երբ բողոքները քննուին, երբ Սահմանադրական դատարանը, որուն պիտի դիմեն ընդդիմադիր երկու դաշինքները, իր վերջնական որոշումը կայացնէ, պիտի կազմաւորուի երեք ուժերու մասնակցութեամբ նոր Ազգային ժողովը:
Բազմատեսակ բացատրութիւններ կը հրամցուին հասկնալու համար ընտրապայքարի վերջին օրերուն հրապարակուած նախատեսութիւններուն տրամագծօրէն հակասող արդիւնքը: Տարրական տրամաբանութիւնը, մտաւորականութեան ու առհասարակ ժողովրդային ընտրանիին դիրքորոշումը, դժգոհութեան ահագնացող ալիքը տարբեր արդիւնք կը նախանշէին: Ո՞ւր է ուրեմն գաղտնիքը իր իսկ շահերուն ու սպասումներուն հակասող ընտրութեան:
Գաղտնիքը սկզբնական նախատեսութեան մէջ է: Ո՛չ, ժողովուրդը ապազգային չէ դարձած, ժողովուրդը իր իրաւունքներէն չէ հրաժարած: Ան այժմ կողմնորոշուելու դժուարութիւն ունի, որովհետեւ ստացած ծանր հարուածէն ետք, ենթակայ է հոգեբանական տեղատուութեան, չ՛ուզեր պայքարիլ: Ժամանակ կը շահի իր ազգային կողմնորոշումը ճշդելու համար, կը վախնայ փոփոխութեան բերելիք նոր զոհողութիւններէն: Ժողովուրդը առժամապէս եղածը պահպանել կ՛ուզէ, իր ընելիքը աւելի բարենպաստ պայմաններու տակ որոշելու համար:
Փաստ կ՛ուզէ՞ք. ժողովուրդի կարեւոր հատուած մը, 270.000 ընտրող, արդէն կողմնորոշուած է: Փաշինեանի ստացած ձայներուն կարեւոր մէկ մասը, մեծամասնութիւնը, սպասողական ձայներ են, որոնց տէրերը ժամանակի թաւալումին հետ պիտի գիտակցին իրենց սխալին ու միանան ազգային արժէքներ դաւանող ընդդիմութեան, որուն գոյութիւնը ժամանակաւոր է:
Ազգային ուժերը, բաղդատաբար նախորդ ընտրութեան, յառաջդիմած են: Յառաջդիմութիւնը հսկայաքայլ է. ատիկա հրաւէր է վերցնելու նետուած ձեռնոցը եւ շարունակելու պայքարը մինչեւ վերջնական յաղթանակ` կազմութիւնը ազգային արժէքներու յենած իշխանութիւն:
Ո՛չ պէտք է գանգատիլ, ո՛չ ալ իշխանութեան ի նպաստ քուէարկողները դատապարտել: Մենք ծառայ ենք ժողովուրդին ու հպատակ իր կամքին: Մեզի պատուիրակուած պայքարի նորոգուած ճակատը մեր յարատեւ պայքարին նորօրեայ դրսեւորումն է: Ֆրանսական առած մը կ՛ըսէ, որ «Դժբախտ ճակատագիրը պէտք է կամաւոր սրտով դիմագրաւել»: Կամաւոր սրտով լծուինք ժողովուրդը իր ներկայ ստրկութենէն ազատագրելու գործին: Այն ժողովուրդին, որուն պատճառած բազում ցաւերն ու դառնութիւնները դիմագրաւած ենք հեռաւոր ու մօտաւոր անցեալին, բայց շարունակած ենք պաշտպանել զայն ու սիրել անխառն սիրով:
Մեր նպատակը իշխանութիւն դառնալը չէ: Իշխանութիւնը միջոց է, ոչ` նպատակ: Նպատակը Հայաստանի ու հայութեան ազատագրումն է, որուն համար ծառայութիւնը գերագոյն երջանկութիւն է ազգային ապրումներով առաջնորդուող ամէն հայ անհատի:
Անգամ մը եւս կրկնենք նախորդ շաբթուան մեր նշանաբանը. Հայաստան` ամէն բանէ վեր:
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
aztagdaily.com