Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը, իր հայրենական եւ Սփիւռքեան կառոյցներով, շարքերով եւ համակիրներով տեւաբար կը կանգնի հայրենիքի ու ժողովուրդի մէջքին։ Պաշտպանական գործով թէ մարդասիրական օգնութեամբ, այս կազմակերպութիւնը ի՛ր եւ իր համակիրներու մասնակցութեամբ անսակարկօրէն կը ծառայէ Հայաստանին ու հայութեան։ Ան հո՛ն է, երբ հայրենիքը վտանգուած է։ Ան հո՛ն է, երբ ժողովուրդը լքուած է իր բախտին։ Միայն վերջին ամիսներու փաստերը աղաղակող վկայութիւն են այս մասին։ Հայաստանի մէջ «օգնիր հայրենակիցիդ» ծրագրով օժանդակած է աւելի քան 2,600 հայրենի ընտանիքներու հետեւեալ մարզերու մէջ. - Վայոց Ձոր՝ 155 ընտանիք, Տաւուշ՝ 285 ընտանիք, Գեղարքունիք՝ 306 ընտանիք, Շիրակ՝ 354 ընտանիք, Կոտայք՝ 85 ընտանիք, Լոռի՝ 482 ընտանիք, Արագածոտն՝ 265 ընտանիք, Սիւնիք՝ 300 ընտանիք, Երեւան՝ 170 ընտանիք, Երեւանի Հայրենադարձներ՝ 265, եւ աշխատանքը կը շարունակուի։ Լիբանանի եւ Սուրիոյ գաղութներուն տրամադրած է ու կը շարունակէ տրամադրել հարիւր հազարաւոր տոլարներ, մթերք եւ դեղորայք։ Եւ այս բոլորը, երբ Դաշնակցութիւնը իշխանութիւն չէ։ Եթէ Դաշնակցութիւնը իշխանութիւն ըլլար...։
Սեդօ Պոյաճեան