կարևոր
2338 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-05-24 15:07
Քաղաքական

Այսօրուան Ճակատները Սարդարապատը, Ղարաքիլիսէն, Բաշ Ապարանը Չեն, Այլ՝ 19 Բաղրամեան Պողոտան…

Այսօրուան Ճակատները Սարդարապատը, Ղարաքիլիսէն, Բաշ Ապարանը Չեն, Այլ՝ 19 Բաղրամեան Պողոտան…

«Կան դէպքեր…երբ օրէնքն ու իրաւունքը գործադրելով` մենք յանցաւորներ կը դառնանք, մանաւանդ այնպիսի ծանր ու անբնական ժամանակներում, երբ դէպքերը տեղի են ունենում գահավէժ արագութեամբ եւ ստեղծում դրութիւններ, որոնք օրէնքը չէր կարող նախատեսել»:

Արամ Մանուկեան (1879-1919)

 

Որքա՛ն այժմէական է Ա. Մանուկեանի վերոյիշեալ հաստատումը, որ պէտք է կարմիր գիրերով արձանագրել, շեշտել, եւ այդ գոյնին նման արիւն հոսեցնել՝ ի խնդիր հայրենիքի պաշտպանութեան, ի խնդիր թշնամիին դէմ ճակատումի:

Փաստօրէն, Հայաստանի առաջին անկախութենէն ուղիղ 105 տարի ետք, դժբախտաբար հոն հասած ենք։ Մայրաքաղաք Երեւանի սիրտը։ Թշնամին հոն հասած է եւ կան հայորդիներ, որոնք չեն անդրադառնար, չեն տեսներ, իրենք զիրենք մատնած են խլութեան ու կուրութեան, հայրենալքումը հասած է ինքնալքումի։

Այո՛. գլխաւոր ճակատամարտը 19 Բաղրամեան Պողոտայի վրայ գտնուող Ազգային ժողովին մէջ պէտք է մղել եւ հայրենիքը ձերբազատել անհայրենիք իշխանաւորներէն։ Ճակատամարտը հոն զէնքով պիտի չըլլայ, այլ Օրէնքի ու Սահմանադրութեան տառին ու ոգիին հաւատարմութեան վերականգնումով:

Դժուար է ընդունիլ իշխանաւորներուն կողմէ ժողովուրդին «հրամցուող» վիճակը, իրարու յաջորդող կորուստները, որոնք օրէ օր նորութիւններով կը շեշտուին իշխանաւորներուն կողմէ: Նորագոյնը, բայց ո՛չ միակը՝ եղաւ Նիկոլ Փաշինեանի երկարաշունչ մամլոյ ասուլիսը եւ Արցախը պաշտօնապէս Ատրպէյճանին յանձնելը: Ահաւոր բան է նմանօրինակ իրավիճակ ներկայացնելը։ Այդ իրողական ինքնադատապարտումին մասին կարելի է երկար խօսիլ, սակայն այսօր բաւականանք միայն այս նշումով:

Սակայն իրապաշտ ըլլանք եւ այդ մօտեցումով արձանագրենք մեր մտածումները, նկատողութիւնները, մանաւանդ մայիսեան այս յիշատակելի օրերուն։

Մեր ականջներուն եւ յուշերուն մէջ շարունակ պիտի հնչեն առաջին հանրապետութեան կերտիչներուն կամքը, խիզախութիւնն ու պատգամները։ Անոնք կը յորդորէին վառ պահել միասնականութեան ոգին, որ մարմնաւորուած էր Սարդարապատի մէջ, Գործը, որուն ճամբով ոչինչէն կերտեցին պետականութիւն, պահպանեցին հայրենիքի անկախութիւնը, ճգնեցան բարելաւել ժողովուրդին ընկերային վիճակը եւ, ամէնէն կարեւորը՝ շարունակ հզօրացուցին հայկական բանակը։ Անոնց նպատակն էր հետապնդել ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի իրականացման որոշումը:

Այսօրուան գահավէժ վիճակին մէջ իսկ, հայրենիքի մէջ ու Սփիւռքի տարածքին կարելի չէ արմատախիլ ընել Մայիս 28-եան կարգախօսը: Հայ ժողովուրդը ամէն տեղ կառչած պիտի մնայ իր ազգային համոզումներուն, իտէալներուն եւ սկզբունքներուն:

Ազգային ժողովի պատերէն անդին, միաժամանակ Կոռնիձորի եւ Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած քայլարշաւները կը փաստեն, թէ հայորդին կը հաւատայ ազատ ապրելու իրաւունքին, անկախութեան եւ ժողովրդավարութեան, կը յայտարարէ ամբողջ աշխարհին, թէ Արցախը չէ պատկանած եւ չի կրնար պատկանիլ Ատրպէյճանին, չի կրնար ետդարձ ընել ինքնորոշման իրաւունքէն՝ Ատրպէյճանէն անկախ ըլլալու իրաւունքէն: Իսկ Արցախի բոլոր հողերուն ու իրաւունքներուն վերականգնումը միայն սկզբնակէտն է անդրանիկ հանրապետութենէն մեզի հասած կտակին իրականացման:

Բիւրաւորներ պէտք է միանան Կոռնիձորով սկսած քայլարշաւին, որուն յաջորդ հասցէն պէտք է ըլլայ 19 Բաղրամեան Պողոտան։

Ահազանգը հնչած է։ Արցախը կարելի չէ ձգել այս լքուած վիճակին մէջ։ Արցախցին չի կրնար ենթարկուիլ այն ճակատագրին, որուն մատնուեցաւ Արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ հայութիւնը՝ 1915-ի Ապրիլ 24-ի վաղորդայնին։ Հիմա, տժգոյնը Շուշին չէ, ո՛չ ալ արցախցին, ո՛չ ալ 44-օրեայ պատերազմին զոհուած եւ սրբադասուած նահատակներուն միացած քաջարի զինուորներն ու անոնց հարազատները։ Տժգոյնը՝ ազգային ժողովի աթոռներուն վրայ բազմած ՔՊ-ական մեծամասնութիւնն է, որ հաշիւ ունի տալիք: Հայրենիք յանձնող խմբակն ու անոր ինքնագլուխ եւ եսակեդրոն ղեկավարը պէտք է քաջատեղեակ ըլլան, թէ իրենք գնայուն են, իսկ մնայունը՝ մայիսեան անհաւասար, «հնար գտնող խենթեր»-ու մարտնչումներով շահուած ու պահպանուած հայրենիքն է, ազգային շահերուն հանդէպ գուրգուրանքն է, արիւնով ու քրտինքով կերտուած պետութիւնն ու պետականութիւնը:

Կ’արժէ Արամ Մանուկեանի մէկ այլ խօսքով եզրակացնել․ «Ամէն ոք իր մասին է մտածում: Իր երկրի սահմաններից այն կողմ եթէ նայող կայ, նայում է միայն յանուն իր շահերի: Եթէ ընդհանուր ուժերով ճակատ պահելու խօսք է լինում, դա խօսք է, զուրկ` իրական հիմքից ու անկեղծութիւնից: Հայերով ո՛չ ոք չի հետաքրքրւում` շօշափելի օգնութիւն հասցնելու մտքով: Դրա հակառակը` կայ դաւադրական վերաբերմունք: Մենակ ենք եւ պէտք է ապաւինենք միա՛յն մեր ուժերին` թէ՛ ճակատը պաշտպանելու եւ թէ՛ երկրի ներսը կարգ հաստատելու»:

«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական