կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-04-29 20:47
Հասարակություն

«Ասպարէզ»-ի խմբագիրներուն կոչը՝ ընթերցողներուն

«Ասպարէզ»-ի խմբագիրներուն կոչը՝ ընթերցողներուն

Արդէն վեց շաբաթ է որ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին օրըստօրէ սրող տագնապին պատճառով «Ասպարէզ»ը՝ տնօրէնութեան որոշումով, ամբողջովին կանգնեցուցած է իր ամէնօրեայ գրասենեակային աշխատանքները եւ անցած հեռակայ դրութեամբ գործելու ձեւին: Այս աննախընթաց իրավիճակին պատճառով, «Ասպարէզ»ը հարկադրաբար որոշեց դադրեցնել իր տպագիր օրինակին հրատարակութիւնը:

Այդուհանդերձ, անցնող վեց շաբաթներու ժամանակամիջոցին, «Ասպարէզ»ը շարունակեց ամէնօրեայ երկլեզու լրատուութեան գործը առցանց՝ «Ասպարէզ»ի կայքին եւ ելեկտրոնային նամակներու միջոցաւ: Աշխատեցանք օրը օրին եւ ժամը ժամուն մեր ընթերցողներուն ուշադրութեան յանձնել համաճարակի տագնապին վերաբերող քաղաքային, գաւառային, նահանգային եւ դաշնակցային պետական մարմիներու ցուցմունքները եւ որոշումները:

Ջանացինք օրին մեր ընթերցողներուն փոխանցել Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի այլ գաղթօճախներու մէջ համաճարակի տագնապին զարգացումները: Անդրադարձանք Արցախի համապետական ընտրութիւններուն ընթացքին: Ներկայացուցինք տագնապալի այս օրերուն կարիքաւոր հայորդիներու օժանդակութեան համար մեր համայնքին մէջ ստեղծուած Աշխատանքային յանձնախումբի աշխատանքները: Համապարփակ լրատուութեամբ ներկայացուցինք Հայաստանի եւ աշխարհի տարածքին Ապրիլեան ոգեկոչական ձեռնարկները, ինչպէս նաեւ առցանց հարթակներու վրայ ուղղակի սփռումով փոխանցեցինք Սուրբ Զատկուան տօնին առիթով Արեւմտեան թեմի առաջնորդին մատուցած պատարագը: Այս բոլորը կարելի եղաւ իրագործել տնային ինքնամեկուսացումի դժուար պայմաններուն մէջ, շնորհիւ մեր անձնակազմին նուիրումին ու տարած տքնաջան աշխատաններուն: Միաժամանակ, չենք ուզեր մոռնալ եւ երախտապարտօրէն կը յիշենք մեր աշխատակիցները, որոնք իրենց մնայուն յօդուածագրութեամբ մեծապէս ճոխացուցին «Ասպարէզ»ի «էջերը»:

Մեզի համար մեծապէս քաջալերիչ էր նաեւ տեսնել մեր ընթերցողներուն զօրակցութիւնը «Ասպարէզ»ին, տագնապալի այս օրերուն: Քաջալերիչ էր տեսնել մեր բաժանորդներուն յանձնառութիւնը ոչ միայն օրին կատարելու բաժանորդութեան իրենց վճարումները, այլեւ՝ յաւելեալ գումարներով նուիրատուութիւն կատարելու, որպէսզի «Ասպարէզ»ը շարունակէ իր առաքելութիւնը: Անոնց բարի եւ քաջալերական գրութիւնները ու հեռաձայնի պատգամները իսկապէս գօտեպնդիչ են ամէն առումով:

Կասկած չունինք, անշուշտ, որ բոլորս դատապարտուած ենք կրելու այս համաճարակին ահաւոր հետեւանքները, առնուազն մինչեւ մօտաւոր ապագայ: Ներկայ պայմաններուն պատճառով , դժբախտաբար, կարելի չեղաւ հրատարակել Ապրիլեան մեր բացառիկը: Իսկ տարբեր հաստատութիւններու հետ մեր ծանուցումներու պայմանագիրները առկախուեցան հասկնալի պատճառներով: Ներկայի իրերու դրութենէն մեկնելով՝ այնպէս կը թուի, որ տնային ինքնամեկուսացումը պիտի շարունակուի եւս քանի մը շաբաթներ, եթէ ոչ աւելի, լուրջ դժուարութեան առջեւ դնելով 112 տարուան «Ասպարէզ» հաստատութիւնը:

Այսօր, այս առիթով կ՛ուզենք անգամ մը եւս վստահեցնել մեր ընթերցողներուն, ծանուցողներուն եւ զօրակցողներուն, որ «Ասպարէզ»ը ամէն ժամանակէ աւելի յանձնառու է շարունակելու լարտուուական իր գործը:

Այսօր, կը դիմենք ձեզի, որ ձեր զօրակցական նուիրատուութիւններով կարելի դարձնէք յաղթահարել այս դժուար պայմանները, առիթ ընծայելով 112ամեայ այս հաստատութեան՝ շարունակելու իր առաքելութիւնը: Հաճեցէք սեղմել այս կոճակը կատարելու համար ձեր մէկ անգամուան կամ ամսական նուիրատուութիւնը:

Առողջութիւն եւ ապահովութիւն կը մաղթենք բոլորիդ:

Արման Պաղտոյեան

Արա Խաչատրեան