կարևոր
0 դիտում, 7 տարի առաջ - 2017-10-12 12:36
Հասարակություն

Տարերային ահազանգներ. «Ասպարէզ»

Տարերային ահազանգներ. «Ասպարէզ»

Այս տարի նախորդ տարիներէն քիչ մը աւելի, եւ ամէն տարի վստահաբար աւելի ու աւելի կը համոզուինք, որ մեր միջավայրը, բնութիւնը արագ կշռոյթով դէպի քայքայում ու կործանում կը սլանայ, իսկ այդ աղիտալի հեռանկարին պատասխանատուն մե՛նք ենք, բոլորս եւ իւրաքանչիւրս:

Մե՛նք ենք, որովհետեւ տակաւին մեզմէ շատերս մեր անմիջական բակէն, ինչպէս կ՛ըսեն՝ մեր քիթէն անդին չենք ուզեր տեսնել, մեր հանգիստէն ու գրպանէն բացի ուրիշ ոչ մէկ բանի մասին կ՛ուզենք մտածել, «Աշխարհը թող քանդուի, միայն մեր տունն ու տեղը թող անվնաս մնայ»ի տրամադրութեամբ կը վարենք մեր կեանքը, մեր առօրեան:

Այդպէս կարելի չէ՛: Մարդկային ընտանիքը աշխարհով մէկ իրարու կապուած է, եւ մեր մոլորակին ճակատագիրը, անոր պահպանումը, անոր փրկութիւնը այլեւս բոլորիս պատասխանատուութիւնն է: Եթէ ամէն օր մեր դրան մօտեցող մրրիկները, փոթորիկները, ողողումները, հեղեղներն ու հրդեհները, հողասահանքներն ու երկրաշարժները մինչեւ հիմա չեն համոզած մեզ, թէ իւրաքանչիւրս պարտի զգայնութեամբ, նոյնիսկ չափազա՛նց զգայնութեամբ վերաբերիլ բնութեան հետ, ապա փորձենք մեր բաժին զգուշաւորութիւնը չզլանալ ու խնայել ամէն ինչ, որ կրնայ փոքր իսկ վնաս պատճառել միջավայրին: Այսինքն՝ խնայենք ջուրը, ելեկտրականութիւնը, մաքուր պահենք օդը, չաղտոտենք բնութիւնը, խուսափինք թունաւոր նիւթերէն, թիկունք կանգնինք քաղաքական այն թեկնածուներուն, որոնք նոյն զգայնութիւնը կը ցուցաբերեն, թիկունք կանգնինք այնպիսի օրինագիծերու, որոնք կը պաշտպանեն բնութիւնն ու միջավայրը:

Չզգաստացողները ուղղակի տարերքի քմահաճոյքին թողած պիտի ըլլան իրենց թոռներուն եւ նոյնիսկ զաւակներուն ճակատագիրը:

Ունկնդիր ըլլանք տարերային աղէտներուն հնչեցուցած ահազանգներուն:

asbarez.com