կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-04-16 16:46
Սփյուռք

Արցախի Տրամադրուելիք Ամերիկեան Օժանդակութիւնը Փրկելու Կոչ

Արցախի Տրամադրուելիք Ամերիկեան Օժանդակութիւնը Փրկելու Կոչ

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ ըրաւ ամերիկահայերուն, որ դիմեն իրենց շրջանի ծերակուտականներուն՝ անոնցմէ խնդրելով, որ ստորագրեն Արցախի Հանրապետութեան տրամադրուելիք ամերիկեան օժանդակութեան առաջարկը փրկելու նպատակով ծերակուտական Պապ Մենենտեզի հեղինակած նամակին տակ։ Դիմումները կարելի է կատարել www.anca.org/sign կայքէջին միջոցաւ։

Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը կը փորձէ յառաջիկայ տարեշրջանի պետական ամավարկէն հանել Արցախի վերապահուած նպաստը, որուն կ՛ընդդիմանայ նաեւ Պաքուն։

Ծերակուտական Մենենտեզ նամակին մէջ կը շեշտէ, որ Արցախին յատկացուի առնուազն 1․5 միլիոն տոլար, իբրեւ մարդասիրական աջակցութիւն, որմէ մաս մը պիտի տրամադրուի նաեւ ականազերծման եւ վերականգնողական կեդրոններուն։ Ծերակուտականներ Ճեք Ռիտ եւ Ռիչըրտ Պլումընթալ արդէն ստորագրած են նամակին տակ։

Մենետեզի նամակը կարելի է կարդալ կայքէջին վրայ։

Նշենք, որ Հայ Դատը Փետրուարին ներկայացուցած էր 2021ի պետական ամավարկին մէջ իր առաջնահերթութիւնները՝ կոչ ընելով քոնկրեսականներուն, որ նկատի ունենան հետեւեալները.

– Առնուազն 10 միլիոն տոլարի աջակցութիւն Արցախին մարդասիրական կենսական նպաստներ տրամադրելու ջանքերուն եւ ամբողջացնելու համար «Հէյլօ Թրասթ»ի կողմէ այնտեղ շարունակուող ականազերծման աշխատանքերը.

– Առնուազն 90 միլիոն տոլարի աջակցութիւն Հայաստանին՝ ամրապնդելու համար Միացեալ Նահանգներու հետ քաղաքական, տնտեսական եւ ռազմական գործակցութիւնը.

– Արգիլումը Ատրպէյճանին որեւէ տնտեսական աջակցութեան, մինչեւ այն ատեն, որ Պաքուի կողմէ Արցախի եւ Հայաստանի դէմ սպառնալիքները կը շարունակուին։

asbarez.com