կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-10-09 13:15
Սփյուռք

Ակնարկ. Քրտական Գործօնը` Ամերիկեան Լքումին Եւ Ռուսական Լռութեան Միջեւ

Ակնարկ. Քրտական Գործօնը` Ամերիկեան Լքումին Եւ Ռուսական Լռութեան Միջեւ

Ուաշինկթընի պաշտօնական յայտարարութիւնը, թէ ամերիկեան բանակը հիւսիսային Սուրիոյ մէջ թրքական զինուորական գործողութեան ո՛չ մասնակցելու եւ ո՛չ աջակցելու որոշում ունի, գործնապէս թրքական ներխուժումի կամ անվտանգութեան գօտիի ձեւաւորման գործընթացի կանաչ լոյս տալն է:

Մինչեւ այդ յայտարարութիւնը, քաղաքական գետնի վրայ պաշտօնական Դամասկոսը ձեռնարկած էր նոր Սահմանադրութեան մշակման խորհրդակցութիւններու:

– Ուշագրաւ երեւոյթը այն էր, որ նոր Սահմանադրութեան յօդուածները միջազգային ընտանիքի ներկայացուցիչներուն հետ համաձայնեցնելու որոշումը գործնական դրսեւորում կ՛ունենար:

Այս բոլորի նախօրէին, Ռուսիոյ դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարը կը յայտարարէր, որ սուրիական պատերազմը աւարտած կարելի է նկատել:

– Հիմա, Ուաշինկթըն իր ուժերը սուրիական տարածքներէն հեռացնելու մասին կը խօսի:

– Թէեւ պէտք է արձանագրել, որ ըստ էութեան, տեղափոխումի մասին է խօսքը, աւելի քան ամբողջական հեռացման, գէթ այս փուլին:

Թրքական ներխուժումը սակայն միայն ամերիկեան կանաչ լոյսին հետ կապ չունի քաղաքական ընկալումներով: Այսօր ընդհանրապէս տարածաշրջանին եւ յատկապէս Սուրիոյ մէջ կը գործէ Մոսկուա-Անգարա-Թեհրան մերձեցման հիման վրայ ռազմավարական առանցք, ինչ որ կ՛ենթադրէ ներխուժման գործողութեան համաձայնեցում ռազմավարական երկու գործընկերներուն հետ:

Կը թուի սակայն, որ այդ համաձայնութիւնը միանշանակ չէ: Իրանի արտաքին գործոց նախարարը կը յայտարարէր, որ Թեհրանը Անգարային փոխանցած է, որ Թուրքիոյ անվտանգութիւնը ապահովելու միակ միջոցը Ատանայի համաձայնութեան հիմամբ իր զինեալ ուժերը Սուրիոյ հետ սահմանին կուտակելն է: Այլ խօսքով, անհամաձայնութիւն` թրքական ներխուժումին:

Եթէ Թեհրանի անհամաձայնութիւնը բացայայտ է, Մոսկուայինը լռելեայն է: Անշուշտ պատահական չէ հիւսիսային Իրաք Լաւրովի կատարած այցելութիւնը: Քիւրտերը հրապարակաւ օժանդակութիւն կը խնդրեն Մոսկուայէն, որ գէթ այս պահու դրութեամբ չէ բացայայտած իր դիրքորոշումը:

Տեղական առումով սուրիական կառավարական ուժերը Անգարայի ներխուժման դէմ կանգնելու պատրաստակամութիւնը ունին, այդուհանդերձ իրենց գործնական մասնակցութիւնը բնականաբար կախեալ է Մոսկուայէն: Մինչ Սուրիական ազատ բանակը արդէն իսկ յայտարարած է, թէ պատրաստ է միանալու թրքական զինեալ ուժերուն` իրականացնելու համար անվտանգութեան գօտիի ստեղծման գործողութիւնը:

Այս բոլորին մէջ կայ տեսութիւն, որ եթէ ոչ անպայման աշխարհագրականօրէն իր առաջադրած, այդուհանդերձ Ուաշինկթըն Անգարա քաղաքական առեւտուրի իբրեւ արդիւնք որոշակի սահմանափակուածութեամբ գօտիի մը ստեղծումը կրնայ ապահովել Անգարան: Այլապէս, զինեալ ընդհարումներու նոր արարներու շարք մը կը սկսի թուրք-քրտական պատերազմի տեսքով, ինչ որ Սուրիոյ եւ ընդհանրապէս տարածաշրջանի խաղաթուղթերը կրնայ հիմնովին խառնել:

Այս պահու դրութեամբ զինուորական իրադրութիւններու հետագայ ընթացքը շատ պարզ չէ: Յստակ է սակայն, որ ամերիկեան լքումով քրտական գործօնը ռուսականէն կախեալ ըլլալու նախադրեալներ գոյացած են: Թէ՛ սուրիական կառավարական ուժերու մասնակցութեան հարցը եւ թէ՛ Անգարան զսպելու բեւեռը Մոսկուան է: Այս խաղաթուղթը տակաւին չէ օգտագործած Մոսկուան:

Չի բացառուիր նաեւ, որ ազդեցութեան գօտիներու բաժանման ընդհանուր համաձայնութեան մը շրջագիծին մէջ քիւրտերը հերթական անգամ շահագործուին գերտէրութիւններու կողմէ: Ի վերջոյ որքան ալ մերձեցումներով գործեն Մոսկուան եւ Անգարան, այնուամենայնիւ Սուրիոյ մէջ մեծ առաւելութիւններ ձեռք ձգելը Թուրքիոյ կողմէ յամենայն դէպս չի բխիր Ռուսիոյ դաշնութեան շահերէն:

«Ա.»
aztagdaily.com