Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Պաշտօնական Ուաշինկթընը Ազրպէյճանի ուղղութեամբ կատարած յայտարարութիւններուն ոչ միայն ոճային փոփոխութիւն ներառած է, այլ նաեւ բովանդակային: Այս վարկածը սուր կերպով ընդգծուեցաւ, երբ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը, խօսելով համաձայնագիրի «մօտալուտ» ըլլալուն մասին, հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգները ոչինչ կը պարտադրեն Հայաստանին: Աւելի՛ն. շատ անբովանդակ ձեւով խօսեցաւ Ղարաբաղի ազգութեամբ հայերու իրաւունքներուն մասին:
Ոչ շատ առաջ Միացեալ Նահանգները հասցէական եւ պահանջներով յատկանշուող յայտարարութիւններ կը հրապարակէին Ազրպէյճանի նկատմամբ: Հիմա յստակ է, որ արտաքին քաղաքականութեան մէջ կայ ակներեւ փոփոխութիւն:
Կանխահաս չէ հաւանաբար նկատելը, որ ասոր դիմաց Մոսկուան է, որ հասցէականութիւն կը ներառէ իր յայտարարութեան մէջ: Արցախի շփման գիծը խախտած ըլլալու մեղադրանքը կայ Ռուսիոյ պաշտօնական յայտարարութեան մէջ ուղղուած Պաքուին:
Ետ-առաջ այս խաղը պարզապէս շրջանին մէջ ռուսական գործօնին կը վերաբերի: Արցախի մէջ շփման գիծ խախտելը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ հարուածել խաղաղապահ առաքելութիւն ստանձնած Մոսկուայի հեղինակութիւնն ու ազդեցիկութիւնը: Հրադադարի եւ ընդհանրապէս համաձայնեցուած շփման գիծի խախտումը նոյեմբեր 9-ի գործնական չեղեալ նկատման քայլ է. այլ խօսքով, ռուսական երաշխաւորութեան եւ միջնորդութեան չեղեալ նկատումը:
Այս առաջադրանքը, կամ ընդհանրապէս ռուսական գործօնի տարածաշրջանէն դուրս մղումը կը հետապնդէ հաւաքական Արեւմուտքը: Պաքուն այս քայլով պարզապէս ջուր կը լեցնէ այդ ջաղացքին` փաստ տրամադրելով, որ ռուսական խաղաղապահութիւնը չի յաջողիր: Պարզ չեն տակաւին այլընտրանքային խաղաղապահութեան մասին Պաքուի մօտեցումները: Հոն ջրբաժան է նաեւ Արեւմուտքի հետ անպայման:
Համահունչ դիրքորոշում կար նաեւ Պայտընին Ալիեւին ուղղած գրաւոր ուղերձին մէջ, թէ Միացեալ Նահանգները հանդէս կու գան Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ կայուն խաղաղութեան օգտին: Միացեալ Նահանգներ կը վերահաստատէին իրենց աջակցութիւնը Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ կայուն խաղաղութեան, որ պիտի նպաստէ Հարաւային Կովկասի ապագայ սերունդներու անվտանգութեան ու բարգաւաճման:
Աւելի շեշտակի էր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան փոխբանբերին յայտարարութիւնը Արցախի մէջ Պաքուի կատարած ոտնձգութիւններուն առիթով: Պարզապէս մտահոգութիւն փոխանցուած է զինուորական տեղաշարժերուն նկատմամբ: Չկայ հասցէականութիւն. մանաւանդ պահանջ` շփման գիծը վերականգնելու:
Տակաւի՛ն. Ուաշինկթընի նախաձեռնած յանուն ժողովրդավարութեան վեհաժողովի հռչակագիրը ոչ մէկ ակնարկ կը կատարէր հայաստանեան ինքնիշխան տարածքներու դէմ Ազրպէյճանի կատարած ներխուժումին կամ Բերձորի միջանցքի բացումին: Այս պահանջները նախապէս հասցէականութեան ընդգծումով հնչած էին Միացեալ Նահանգներու տարբեր ատեաններէն: Արձանագրելով հանդերձ, որ ՄԱԿ-ի կանոնագրութեան հիմնարար սկզբունքներով` բոլոր պետութիւնները իրենց միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ պէտք է զերծ մնան որեւէ պետութեան տարածքային ամբողջականութեան կամ քաղաքական անկախութեան դէմ ուժի սպառնալիքէն կամ կիրարկումէն եւ իրենց միջազգային վէճերը պէտք է կարգաւորեն խաղաղ միջոցներով, հռչակագիրը կը շրջանցէր Ազրպէյճանի ներխուժումն ու ցեղային զտում առաջադրող քաղաքականութիւնը դատապարտելը: Առանց մոռնալու, «Ուքրանիոյ դէմ Ռուսիոյ կատարած յարձակումը եւ անոր սարսափելի հետեւանքները»:
Յատկապէս Թուրքիոյ երկրաշարժէն ետք, Մոսկուա-Անգարա յարաբերութիւնները նախկին մերձեցման տեսքով չեն: Անգարան Ֆինլանտայի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան բանակցութիւնները սկսելու համաձայնութիւն տուած է: Դադրած է արեւմտեան ապրանքներու Թուրքիոյ ճամբով Ռուսիա ուղարկելը: Թրքական օդակայաններուն մէջ վառելանիւթ չեն տրամադրեր արդէն ռուսական եւ պիելոռուսական օդանաւերուն:
Այս հանգամանքները նկատի պէտք է ունենալ հայ-ազրպէյճանական հակամարտութիւններուն նկատմամբ Ուաշինկթընի հրապարակած յայտարարութիւններու բովանդակային եւ ոճային փոփոխութիւններուն շարժառիթները քննարկելու ընթացքին:
«Ա.»
aztagdaily.com