կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-01-22 17:35
Հասարակություն

Ի՞նչու մենք հպարտ Դաշնակցականներ ենք. Մուրադ Փափազեանի ելոյթը Նիդերլանդներում

Ի՞նչու մենք հպարտ Դաշնակցականներ ենք. Մուրադ Փափազեանի ելոյթը Նիդերլանդներում

Հունվարի 18-ին Նիդերլանդների Ալմելո քաղաքում,  նախաձեռնությամբ ՀՅԴ Նիդերլանդների «Արամ Մանուկյան» կոմիտեի, տեղի է ունեցել ՀՅԴ հիմնադրության 129-ամյակի հանդիսավոր տոնակատարությունը, որի ընթացքում ելույթով հանդես է եկել ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ Մուրադ Փափազյանը: Yerkir.am-ը ներկայացնում է ՀՅԴ Բյուրոյի անդամի խոսքն ամբողջությամբ: 

Ի՞նչու մենք հպարտ Դաշնակցականներ ենք: 

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադրութենէն 129 տարի ետք, արդարացի հարցում մը կրնայ տրուիլ ոմանց կողմէ. ի՞նչի կը ծառայէ այսօր Դաշնակցութիւնը, Հայաստանի, Ղարաբաղի թէ Սփիւռքի մէջ: 

Դաշնակցութեան հիմնադիրները` Քրիստափոր Միքայէլեան, Ստեփան Զօրեան եւ Սիմոն Զաւարեան, իրենց շուրջ ունենալով բազմաթիւ մտաւորականներ, անմիջական պէտքը զգացին 1890-ին հիմը դնելու յեղափոխական կուսակցութեան մը, որպէսզի կազմակերպեն ազգային եւ ընկերային պայքար մը միաժամանակ Օսմանեան եւ ցարական Ռուսաստանի կայսրութիւններու հայութեան համար: 

Ազգայնական եւ նոյն ատեն յառաջդիմական, ինքնապաշտպանական եւ դրական ազգայնականութիւն մը անշուշտ, որ կը յատկանշուի մեծապետական տիրապետութեանց տակ գտնուող ժողովուրդներու մօտ, ինքնութեան պահպանման ի խնդիր: Եւ պէտք էր դիմադրել երկու հսկայական ուժերու, օսմանեան եւ ռուսական: Առաջինին նպատակը ուղղակի բնաջնջել էր հայութիւնը, երկրորդը նպատակ ունէր իրեն հպատակեցնելու հայութիւնը: Եւ այս երկու կայսրութեանց տրամադրութեանց դիմաց պայքարի դրօշ բարձրացուցած ու ՈՉ ըսող ուժը` Դաշնակցութիւնը, պէտք էր քանդել ուրեմն: 

Եւ անոնք երկուքն ալ փորձեցին: Այլ ուժեր եւս փորձեցին պատմութեան ընթացքին, բայց ահաւասիկ այսօր, սիրելի ներկաներ, մենք դեռ կանք, դեռ հոս ենք, ներկայ ենք, աշխուժ ենք եւ կը շարունակենք գործել վճռականօրէն, որովհետեւ մեր պայքարին արմատները, մեր պայքարին նպատակը յստակ է: 

Վճռական ենք, հաստատ կամք ունինք, անխախտ համոզում ունինք, որովհետեւ անկախ ենք, որովհետեւ ունինք ամենէն արժէքաւոր բանը` քաղաքական անկախութիւնը, բան մը, որ հազուագիւտ երեւոյթ է այսօրուայ քաղաքական աշխարհին մէջ, քաղաքական կուսակցութիւններու համար: 

Ոչ մէկ ուժ կրցած է, ոչ մէկ ուժ կրնայ եւ ոչ մէկ ուժ պիտի կարենայ ազդել մեր վրայ, պարզապէս որովհետեւ մենք անկախ ենք եւ ինքնուրոյն: 

Ահա ճիշդ այս է պատճառը նաեւ, որ ոչ մէկ արտաքին ուժ յաջողած է ջնջել ՀՅԴ-ն, պարզապէս որովհետեւ Դաշնակցութիւնը հարազատ ծնունդն է իր ժողովուրդին, ճառագայթումն է հայ ժողովուրդին, որովհետեւ ՀՅԴ-ն կը ծառայէ իր ժողովուրդին եւ չի ծառայեցներ զայն, որովհետեւ ՀՅԴ-ն կը ծառայէ Հայ Դատին եւ չի շահարկեր զայն:

Ազգին ու հայրենիքին ծառայութիւնն է Դաշնակցութեան ու դաշնակցականին երդումը: 

Եւ այսպէս ընթացած է մեր կուսակցութեան 129 ամեայ ճանապարհը, միշտ իր գոյութիւնը պայմանաւորելով ազգին իր օգտակարութեամբ:

Օգտակար, պիտանի ըլլալ, ծառայել, կամ անհետանալ:

Ա՛յս է առօրեայ մեր մարտահրաւէրը: 

Իր հիմնադրութեան առաջին իսկ օրէն յեղափոխական էութեամբ Դաշնակցութիւնը այսօր եւս կը շարունակէ մնալ յեղափոխական կուսակցութիւն, առանց ձեւականութեան ու ձեւակերպութեան, միշտ ճիշդ որոշումներ տալով ու որդեգրելով: Եւ ճիշդ որոշումները ոչ տալը հեշտ է ու դիւրին, ոչ ալ մանաւանդ զանոնք գործադրելը: 

Դաշնակցութիւնը յեղափոխական եղած է, է՛ եւ կը մնայ յեղափոխական, ոչ թէ իբրեւ տոկմա կամ իբրեւ սոսկական հոսանքի մը կամ ներշնչողի մը հետեւող, այլ ազգին համար իբրեւ յեղափոխական անհրաժեշտութիւն:

Որովհետեւ մեր պայքարին իմաստն իսկ այդ է, որովհետեւ անհաւասար ուժերու ներկայութիւնը, մեր մրցակիցներուն եւ թշնամիներուն ուժը, որ կը մարմնաւորէ ֆաշիզմը, անարդարութիւնը, բռնատիրութիւնը եւ ցեղապաշտութիւնը, կը պարտաւորեցնէ մեզի` դիմադրութեան, մշակութային, քաղաքական, բայց երբեմն նաեւ զինուած դիմադրութեան, ինչպէս Արցախի մէջ: Առանձին, ինքնուրոյն առանց ոեւէ մէկուն օգնութեան: 

Եւ որովհետեւ յեղափոխական խմորով ներշնչուած է, Դաշնակցութիւնը երեք դարաշրջան ապրած է: 19-րդ, 20-րդ եւ 21-րդ դարերու ընթացքին, Դաշնակցութիւնը իր ամբողջ կարելիութիւնները ի սպաս դրած է Հայ Դատին եւ հայ ժողովուրդի շահերուն:

Ամբողջ պատմութեան ընթացքին Դաշնակցութիւնը ի գին ամէն վտանգի ինքզինք նուիրած է ազգին ու հայրենիքին, ի հարկին զոհելով իր լաւագոյն տղերքը` Վանէն մինչեւ Սասուն, Կարսէն մինչեւ Շուշի, Մարտակերտ ու մինչեւ Լիզպոն: 

Այո՛, կա՛մ ըլլալ օգտակար, կա՛մ անհետանալ: 

Օգտակար` 19-րդ դարու վերջաւորութեան հայ յեղափոխութիւնը կազմակերպելով: 

Օգտակար` 20-րդ դարու սկիզբը հայկական հարցը միջազգայնացնելով, յատկապէս Փրօ Արմենիայի ստեղծումով Եւրոպայի մէջ: 

Օգտակար` 1918-ին Առաջին Հանրապետութիւն ստեղծելով եւ ղեկավարելով: 

Օգտակար` Ցեղասպանութեան կազմակերպիչները պատժելով, Նեմեսիսի գործողութիւնը կազմակերպելով: 

Օգտակար` ամբողջ Սփիւռքը կազմակերպելով, պետութեան մը վայել աշխատանքով, որ կը շարունակուի մինչեւ այսօր: Երիտասարդական-ուսանողական միութիւններ, մարզական ` ՀՄԸՄ, բարեսիրական ` ՀՕՄ, մշակութային` Համազգային, Հայ Դատ, հայ դպրոց, հայ մամուլ, եկեղեցի, ակումբ եւ մասամբ նորին: 

Օգտակար` Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի մեր իտէալը վառ պահելով գաղութներուն մէջ, սերունդներուն մօտ, Եռագոյնը բարձր պահելով` խորհրդային կարգերու ու անոնց սփիւռքեան հետեւորդներու կամքին հակառակ, անկախութեան գաղափարին հաւատալով: 

Օգտակար` հողային պահանջատիրութեան իր ծրագիրով: 

Օգտակար` աւելի քան 50 տարիէ ի վեր Հայ Դատի քաղաքական, դիւանագիտական մասնագիտական աշխատանք հետապնդելով աշխարհով մէկ, իր կազմակերպուած յանձնախումբերով եւ գրասենեակներով, որոնք ունեցան հսկայական յաջողութիւններ, վերջինը` Միացեալ Նահանգներու Սենատի որոշումը: Հայաստանի անկախ պետութեան բացակայութեան, Դաշնակցութիւնը հայ ժողովուրդի դիւանագիտական ներկայացուցիչը դարձած էր միջազգային ընտանիքին համար: 

Օգտակար` երբ Հայ Դատի պայքարը փոխադրեց նոր փուլ մը, ցուցական արարքներով հարուածելով թրքական պետութեան դիւանագիտական ներկայացուցիչներ` արեւմտեան երկիրներու տարբեր քաղաքներու մէջ, քանդելու համար լռութեան պատը եւ յաջողեցաւ քանդել զայն: 

Օգտակար` ազերիական յորդաներու դէմ Ղարաբաղի ազատագրական պայքարին առաջին օրէն նախաձեռնող ու մասնակից դառնալով, որ աւարտեցաւ փառաւոր յաղթանակով: 

Օգտակար` միջին արեւելքի հայկական գաղութներուն ֆիզիքական անվտանգութիւնը ապահովելով: Վերջին օրինակը Հալէպի մթջ: Բայց յատկապէս Լիբանանի մէջ Դաշնակցութիւնը կարգին ու լուրջ ինքնապաշտպանութիւն կազմակերպեց քաղաքացիական պատերազմի օրերուն, մեր ժողովուրդի բոլոր հատուածներուն անվտանգութիւնը եւ արժանապատւութիւնը ապահովելով եւ պահելով: Ասիկա Դաշնակցութեան էութեան մաս կը կազմէ, դաշնակցականին կազմաւորումը այսպէս է: Ծառայել ազգին, ի հարկին կեանքի գնով: 

Դաշնակցութիւնը օգտակար է նաեւ ու մանաւանդ Հայաստանի մէջ ու Հայաստանի համար: 

Ան միակ համահայկական կուսակցութիւնն է, միակը` աւելի քան 30 երկիրներու մէջ իբրեւ քաղաքական կազմակերպուած ու նկատառելի կառոյցներով օժտուած ուժ, որ իրար կապող օղակ կը հանդիսանայ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք միասնական հայաշխարհին համար: 

Իսկ գիտենք բոլորս, թէ որքան էական ու սուղ կ‘արժէ մեզի համար այդ կենսական միասնութիւնը: 

Այո, օգտակար է Հայաստանի մէջ Դաշնակցութիւնը, իբրեւ յառաջդիմական ուժ, որ իր էութեամբ ու ծրագիրով, իսկ կրած է ու կը կրէ ընկերային հիմնարար արժէքներ, ինչպէս` աղքատութեան դէմ պայքար, ուսումի, բժշկութեան եւ աշխատանքի իրաւունք անխտիր բոլորին, կաշառակերութեան դէմ պայքար, կենսամակարդակի բարձրացման մշտական պահանջ, եւ մասամբ նորին: 

Այս կէտերը 2018-ի ժողովրդային շարժման առաջնորդող տուեալներ էին նաեւ, եւ անոնք որոնք շնորհիւ փողոցի շարժումին, ապա նաեւ քուէատուփերու ճամբով հասան իշխանութեան, պարտին իրականացնել զայն:

Նախկին իշխանութեան մէջ, ՀՅԴ մաս կազմելով անոր, փորձեց ներսէն ազդել քաղաքական գործընթացներուն եւ համակարգին վրայ: 

Այսօր ընդդիմութեան մէջ, ՀՅԴ իր կառուցողական առաջարկներով կը փորձէ, որ պետութիւնը ամրապնդէ երկրին ու համակարգին ժողովրդավարութիւնը, ի վերջոյ ստեղծելով կառուցային հաւասարակշռուած համակարգ: 

Ընդդիմութեան մէջ Դաշնակցութիւնը երբեք չեղաւ ծայրայեղ, իսկ իշխանութեան մէջ եղաւ միշտ բծախնդիր ու պահանջկոտ իր իսկ մազ կազմած կառավարութիւններուն նկատմամբ, որոնց մէջ ալ միշտ փոքրամասնութիւն կը կազմէր եւ բնաւ չունէր ու չունեցաւ ամբողջական իշխանութիւն: 

Մենք երբեք երկիրն ու ժողովուրդը չառաջնորդեցինք դէպի արկածախնդրութիւն, դէպի անել, ընդհակառակը, հետամուտ եղանք բոլոր կողմերու եւ ուժերու համախմբման: 

Սիրելի ներկաներ,

լաւ գիտէք, որ Դաշնակցութիւնը միշտ պատրաստ ու ներկայ է Հայ Դատի պատնէշին վրայ, ձեզի հետ միասին, ձեր աջակցութեամբ:

Ձեզմով է, մեր համակիրներով է, որ մենք ամուր ենք բոլոր ճակատներուն վրայ:

Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչման համար մեր պայքարը անզիջող է: Մենք ամուր կանգնած ենք Արցախի ժողովուրդին կողքին, 30 տարիներէ ի վեր: Ժողովուրդին ու դատին նկատմամբ մեր ցուցաբերած հաւատարմութիւնը եւ վճռականութիւնը բանալին է երկար տեւողութեան վրայ պայքարի մեր յաղթանակին: 

Յանուն մեր իրաւունքին եւ յանուն արդարութեան, մենք երբեք պիտի չդադրինք Արցախի պաշտպանութիւնը կատարելէն, աշխարհի չորս ծագերուն: 

Արցախը առաջնահերթութիւններուն առաջնահերթութիւնն է այսօր մեզի համար: 

Եթէ Արցախը իյնայ, Հայաստանն է, որ պիտի տկարանայ ու վտանգուի: 

Արցախի պայքարին զուգահեռ, սակայն, չենք դադրիր հարկաւ հակաթուրքիա մեր պայքարէն,

ցեղասպանութեան ճանաչման մեր արշաւէն,

հողային մեր պահանջատիրութենէն,

Հայաստանի պետականութեան ամրապնդման միտող մեր աշխատանքներէն,

Սփիւռքի առաւել կազմակերպումէն ու պահպանումէն, որովհետեւ ինչպէս Էլենա Պոնէր կ‘ըսէր, Սփիւռքը Հայաստանի քարիւղն է: 

Ահա թէ ինչու՛, սիրելի ընկերներ եւ բարեկամներ, այս պայքարը կենսական է ապագային համար: Որովհետեւ լաւ գիտենք, եւ նոր չէ, որ Թուրքիան որքան վճռական է քանդելու ամէն ինչ, որ յաջողած ենք: Այս թշնամութեան դիմաց մենք եւս պատրաստ ենք ու կը պայքարինք, մենք աւելի վճռական ենք ու կազմակերպուած, մենք ալ միասնական ենք: Դաշնակցութիւնը միշտ ալ համոզուած է այդ միասնականութեան, որուն այլընտրանք չկայ: 

Ուրեմն այո, սիրելի ներկաներ, Դաշնակցութիւնը օգտակար է ազգին համար, պէտք ու պիտանի է հայրենիքին համար ինչպէս երէկ, նաեւ այսօր ու վաղը: 

Եւ մենք հպարտ ենք անդամ կամ համակիրը ըլլալու այս կուսակցութեան: 

Մենք հպարտ Դաշնակցականներ ենք:

Կեցցէ հայ ժողովուրդը 

Կեցցեն Հայաստանն ու Արցախը 

Կեցցէ Դաշնակցութիւնը