կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-01-09 20:40
Հասարակություն

... ԲԱՅՑ ՉՄԵՂԱԴՐԵՆՔ ՍՈՐՈՍԻՆ

... ԲԱՅՑ ՉՄԵՂԱԴՐԵՆՔ ՍՈՐՈՍԻՆ

Հայրենիքի տարածքին եւ յատկապէս Երեւանի ու անոր շրջակայքին կը կազմալուծուի մեր պատմութեան յիշողութիւնը, մաշումի կ՚ենթարկուին մեր արժեհամակարգի հիմերը, կը խաթարուի մեր ազգային առաքելութիւնը, կ՚ոտնահարուին մեր հաւաքական ու հայրենական շահերը... եւ կը կատարուին շատ ու շատ այլ խորթացումներ։ Այս բոլորի համար կը մեղադրենք հայրենիքէն ներս Սորոսին ու սորոսանման դերակատարներուն դրամական եւ գաղափարական ներդրումները։

Բայց այս բոլորի համար չմեղադրենք Սորոսը եւ իրեն նմանները։ Անոնք չեն կրնար յաջողիլ եթէ այդպիսի արարքներ կատարելու պատրաստակամութիւն գոյութիւն չունի մեր մէջ։ Պէտք է հաստատել, դժբախտաբար, որ նման պատրաստակամութիւն եւ տրամադրութիւն գոյութիւն ունին, հիմնական բաղադրիչներն եմ մեր քաղաքական մշակոյթին։

Սորոսն ու իր նմանները ծնունդ չտուին այդ ախտերուն։ Մեր պատմութեան յիշողութիւնը եւ արժեհամակարգի հիմերը վաղուց խորթացած ու խաթարուած էին։ Պոլշեւիզմը աւերներ գործեց մեր հոգեմտաւոր  էութեան մէջ։ Վերանկախացած հայրենիքի առաջին ղեկավարութեան սերունդը շարունակեց այդ էութեան աւելի սնանկացման։ 1921-էն ի վեր Հայաստանի ղեկին տիրապետող ղեկավարութեան նոմենկլատուրան վերարտադրեց ինքզինք։

Սորոսն ու իր նմանները եկան ու պարարտ հող գտան տասնամեակներէ ի վեր արմատացող մեր խորթացած էութեան իրականութեան մէջ։ Մարդիկ՝ շահագործելու, հարստանալու, իշխանութիւնը պահելու կամ իշխանութեան հասնելու համար ունէին պատրաստութիւնը եւ պատրաստակամութիւնը ենթարկուելու սորոսներուն, ինչպէս նախապէս եօթանասուն տարի շարունակ ըրած էին պոլշեւիզմի ճամբով։

Ճամբաներուն դիմագիծը եւ անունը կրնայ փոխուիլ, բայց խաթարուած էութիւնը կը մնայ նոյնը։ Ուստի, ներկայ կացութենէն փրկութիւնը այդ ճամբաներու մեղադրումին եւ վերացումին մէջ չի կայանար, այլ ՝ անէացման մէջ այն խաթարուած էութեան, որ կը շարունակէ գոյատեւել Հայաստանը ղեկավարող շրջանակներու եւ մարդոց մօտ։

Սեդօ Պոյաճեան

Յունուար 9, 2020

Լոս Անճելըս