կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-07-30 19:30
Տարածաշրջան

Պոլսո հայ համայնքը պատրաստվում է դիմել Ստամբուլի նահանգապետարան

Պոլսո հայ համայնքը պատրաստվում է դիմել Ստամբուլի նահանգապետարան

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան Նախաձեռնարկ մարմինը երէկ իր հերթական նիստը գումարեց Գումգաբուի մէջ։ Պատրիարքարանի դահլիճի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ժողովը՝ գլխաւորութեամբ Նախաձեռնարկ մարմնի ատենապետ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլուի։ Շուրջ չորս ժամ տեւեց Նախաձեռնարկ մարմնի ժողովը, որու ընթացքին օրակարգի նիւթերը ենթարկուեցան մանրամասն քննարկման։ Սա Նախաձեռնարկ մարմնի երկրորդ նիստն էր։

Երէկուան ժողովի լոյսին տակ այս առաւօտ կարճ հեռախօսա-զըրոյցներ ունեցանք ատենապետ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլուի եւ Նախաձեռնարկ մարմնի բանբեր իրաւաբան Սարօ Պենկլեանի հետ, որոնք բարի եղան մեզի փոխանցել ամփոփ տեղեկութիւններ։ Այսպէս, Նախաձեռնարկ մարմինը երէկ դարձեալ վերահաստատած է իր մտադրութիւնը, որպէսզի նոր պատրիարքի ընտրութիւնը կազմակերպուի առանց ժամանակ կորսնցնելու։ Ներկայիս նախատեսուած ժամկէտն է դեկտեմբեր ամիսը։ Երէկուան քննարկումներուն ժամանակ ժողովականները դարձեալ ուշադրութեան առարկայ դարձուցած են մեր եկեղեցիներու ընտրացուցակներու արդիականացման ու կատարելագործման մարտահրաւէրը։ Սա արդար ընտրութեան մը նախապայմանը կը համարուի եւ Նախաձեռնարկ մարմինը մտադիր է յառաջիկայ շրջանին այս հարցը միշտ արծարծուած պահել եւ մեր ժողովուրդի զգայնութիւնը հրաւիրել այս կենսական կէտին վրայ։

Յամենայնդէպս, այս կարեւոր խնդիրներուն առընթեր Նախաձեռնարկ մարմինը երէկ օրակարգի վրայ ունեցած է ուրիշ հիմնական նիւթ մը։ Այսպէս, ժողովականները երէկ որոշեցին Իսթանպուլի կուսակալութեան մօտ պատկան իշխանութիւններու միջոցաւ կատարել դիմում մը, որով պիտի պահանջուի պատրիարքական ընտրութեան համար կանոնադրութիւն։ Այդ հիման վրայ արդէն կարելի պիտի ըլլայ առաւել յստակեցում մտցնել պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին։ Նախաձեռնարկ մարմինը կը նախատեսէ՝ կանոնադրութիւնը պահանջելու համար ներկայացուելիք պաշտօնական դիմում-նամակին մէջ մատնանշել նաեւ իր ժամկէտի հորիզոնը, որպէսզի մինչեւ տարեվերջ հնարաւոր դառնայ նոր պատրիարքի ընտրութիւնը։ Կանոնադրութիւն պահանջելու համար պետութեան ուղարկուելիք դիմում-նամակն ալ պիտի ստորագրուի Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի եւ Նախաձեռնարկ մարմնի դիւանի ատենապետ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլուի կողմէ։

Երէկուան ժողովի աւարտին Նախաձեռնարկ մարմնի անդամները կապ հաստատեցին Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի հետ եւ կարճ հանդիպում մը ունենալու համար պահանջ ներկայացուցին։ Այս խնդրանքին ընդառաջ՝ նորին սրբազնութիւնը նիստի աւարտին միացաւ ժողովականներուն, որոնք իրեն համար ամփոփեցին ծաւալուած քննարկումները։ Տեղի ունեցաւ կարծիքներու կարճ փոխանակում մը։ Այս խորհրդակցութեան հիման վրայ ալ արդէն սկիզբ տրուեցաւ հերթական պաշտօնական նամակի խմբագրման։

Պատրիարքական ընտրութեան կանոնադրութեան պահանջուելիք պաշտօնական նամակը այսօր կամ վաղը ամենաարագ ձեւով Գումգաբուէն պիտի ուղարկուի նահանգապետարան։ Ինչպէս եղած էր Նախաձեռնարկ մարմնի անդրանիկ նիստի գումարման եւ դիւանի ձեւաւորման զուգահեռ կատարուած պաշտօնական իրազեկման պարագային, այս փուլին ալ Պատրիարքարանէն պաշտօնեայ մը նամակը պիտի յանձնէ Իսթանպուլի կուսակալութեան պատկան բաժանմունքին։

Ժամանակ