Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Հանրապետութեան Նախագահութեան Հաղորդակցութեան Վարչութիւնը ըստ մշակած ՝՝Անատօլուի ծածուկ մնացած յուշարձանները լոյս աշխարհ կու գան՝՝ ծրագրին, որպէս առաջին միջոցառում, որոշած էր լուսանկարներու ցուցահանդէս մը սարքել՝ ձօնուած Վանայ Լիճի Աղթամար Կղզիի Ս. Խաչ երբեմնի հայրապետանիստ Տաճարի։
Ցուցահանդէսի բացումը տեղի ունեցաւ 23 Յուլիս 2019, Երեքշաբթի, ժամը 19.00-ին, Թօփգաբուի Պալատի համալիրի մէջ գտնուող Այա Իրինի երբեմնի եկեղեցւոյ մուտքին իսկ ցուցահանդէսը տեղի ունեցաւ նոյն եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ։
Յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ, հրաւիրուած էին Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան, Պատկ. Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, Աթոռոյ Դիւանապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան եւ Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան։ Հրաւիրուած էին նաեւ համայնքային հաստատութեանց ներկայացուցիչներ։
Ներկայ էին նաեւ Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքի ներկայացուցիչ Հոգշ. Տ. Տիմիթրի Վարդապետ, Հրեայ համայնքի հոգեւոր պետ Ռաւ Իցհաք Հալէվա։
Բացումէն ետք, ներկաներ առաջնորդուեցան շէնքին կամարներուն տակ, ուր մասնաւոր ոտքերու վրայ ցուցադրուած էին արուեստագէտ լուսանկարիչ Իզզէթ Քէրիպարի նկարները։
Նախ Հաղորդակցութեան Վարչութեան պատասխանատուներէն մէկը հանդէս գալով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն։ Ապա կարդաց Հանրապետութեան Նախագահ Ռէճէպ Թայյիպ Էրտօղանի ուղերձը։ Նախագահը իր ուղերձին մէջ կ՚ըսէր, որ տէր կանգնած են դարաւոր սոյն աղօթատեղիին եւ այժմ աւելի փառաւոր կ՚ընդունի այցելուները։ Եւ նոյնպէս պիտի շարունակուին Անատօլուի ծածուկ մնացած յուշարձաններու նորոգութիւնն ու ծանօթացումը։
Ցուցադրուեցաւ յատկապէս պատրաստուած տեսաերիզը, որ կը ծանօթացնէր Աղթամարի Ս. Խաչ երբեմնի տաճարը։ Նոյն տեսաերիզը պատրաստուած էր թրքերէնով։ Թարգմանուած էր նաեւ անգլերէնի։ Պատրաստութեան ընթացքի մէջ էին զանազան այլ լեզուներով տարբերակները։
Ապա խօսք տրուեցաւ Պատրիարքական Տեղապահ Սրբազան Հօր, որ շեշտեց Աղթամարի Ս. Խաչ Տաճարի պատմական վկայութիւնը եւ ժողովուրդներու միջեւ կամուրջ հանդիսանալու հանգամանքը։ Նորին Սրբազնութիւնը յատկապէս շնորհաւորեց ու շնորհակալութիւն յայտնեց լուսանկարիչ Իզզէթ Քէրիպարի, որ ներկաներէն իւրաքանչիւրին աչքը եղած էր Վանի մէջ։
Արտայայտուեցաւ նաեւ Վանի Կուսակալ Մէհմէտ Էմին Պիլմէզ, որ իր ուրախութիւնն ու զգացած պատիւը արտայայտեց նման աշխատանքի մը Վանէն սկսելուն պատճառաւ։ Ըսաւ որ Վանի մէջ կան դեռ այլ յուշարձաններ։ Այցելուներ առիթ պիտի ունենան զանոնք եւս տեսնելու եւ տպաւորուելու պատմական Վան քաղաքով։