Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Մեծի Տանն Կիլիկիո Կաթողիկոս Արամ Ա-ն տարեմուտի ուղերձով է հանդես եկել՝ անդրադառնալով ինչպես Սփյուռի հայկական համայնքների կյանքին ու անցնող տարում եղած խնդիրներին, այնպես էլ՝ Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ ստեղծված ծանր իրադրությանը։
«Նոր Տարուան սեմին, քրիստոնէական սիրով ու հայրապետական օրհնութեամբ կ’ողջունենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները։
Նոր Տարին մարդը, անհատապէս թէ հաւաքաբար, ինքնահայեցողութեան ու ինքնաքննութեան հրաւիրող պահ է։ Եկէք պահ մը մեր հայեացքները սեւեռենք հայ կեանքին վրայ։
Ինչպէս համայն մարդկութիւնը, նոյնպէս մեր ժողովուրդը կը շարունակէ ապրիլ համաճարակին ստեղծած դժուար պայմաններուն մէջ։ Սփիւռքի բոլոր գաղութները, առաւել կամ նուազ չափով, կը դիմագրաւեն այլազան մտահոգութիւններ։ Այս ծիրէն ներս, յատկապէս Լիբանանի հայութիւնը կ’ապրի ծանր օրեր՝ տնտեսական աննախընթաց տագնապին հետեւանքով։ Հակառակ ներկայ դառն պայմաններուն, մենք պիտի շարունակենք վերանորոգ հաւատքով ու վճռակամութեամբ, վերականգնումի մեր հաւաքական երթը՝ միշտ ըլլալով մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ ու անոնց կողքին։
Արդարեւ, 2022 տարին հռչակած ենք Սփիւռքի Տարի։ Կը հրաւիրեմ մեր բոլոր կառոյցները, մամուլը, մտաւորականները եւ գաղութները՝ իրապաշտ մօտեցումով ու համապարփակ հայեացքով եւ այս առիթով հրապարակած Մեր Հայրապետական Գիրը ունենալով որպէս ուղեցոյց, նախ, ինքնարժեւորումի ենթարկելու եւ ապա վերակազմակերպումի առաջնորդելու Սփիւռքը։ Սա հրամայական ու անյետաձգելի առաջնահերթութիւն է։
Դառնանք Հայաստանին։ Մեր հայրենիքը կը շարունակէ անորոշութեան ու յուսահատութեան ալիքներու մէջ օրօրուիլ։ Մէկ կողմէն՝ ներ-Հայաստանեան քաղաքական լարուած մթնոլորտը կը ջլատէ մեր հաւաքական ուժը։ Միւս կողմէն՝ թշնամին յաղթապանծ դիրքերէ պայմաններ կը դնէ Հայաստանին՝ անտեսելով Հայաստանին հողային ամբողջականութիւնը ու գերիշխանութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ միջազգային օրէնքը։
Այո՛, մենք փոքր երկիր ենք. հարկ է իրատես մօտեցում ունենալ տարածաշրջանի ներկայ աշխարհաքաղաքական պայմաններու հոլովոյթին նկատմամբ։ Սակայն, այդ չի նշանակեր, որ Հայաստանը ըսելիք պիտի չունենայ իր ազգային շահերուն առնչուած եւ իր ներկան ու ապագան ճշդող խնդիրներուն գծով։
Այո՛, տարածաշրջանէն ներս համապարփակ ու մնայուն խաղաղութեան հաստատման համաձայն ենք. բայց ո՛չ պարտուողական ու զիջողական դիրքերէ։
Այո՛, տարածաշրջանէն ներս տնտեսական զարգացումներու նպաստող ծրագիրներու համաձայն ենք. բայց ո՛չ ի հեճուկս Հայաստանի ու Արցախի գերիշխանութեան, անկախութեան, անվտանգութեան ու հողային ամբողջականութեան։
Այսօր, Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ համադրուած փան-թուրանական ռազմավարութիւն մը կը փորձուի ի գործ դրուիլ Հայաստանի եւ ամբողջ շրջանին նկատմամբ։ Ըլլանք զգօն ու հեռատես։ Արդարեւ, ոեւէ համաձայնագրի ստորագրութիւն Ազրպէյճանի հետ, ուր Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան մէջ ներառուած է Արցախը, նոյնպէս, ոեւէ համաձայնութիւն Թուրքիոյ հետ, որ կ’ընդունի Թուրքիոյ բացայայտ նախապայմանները, փաստօրէն Հայաստանի կողմէ խախտում պիտի ըլլայ Անկախութեան Հռչակագրին եւ Սահմանադրութեան սկզբունքներուն։ Նման վտանգալից քայլերու նկատմամբ Սփիւռքը չի կրնար անտարբեր մնալ։ Համահայկական խնդիրներու քննարկման մէջ Սփիւռքը իր գործօն մասնակցութիւնը պէտք է ունենայ՝ ինչպէս յաճախ շեշտած ենք։ Մեր թշնամիները ու բարեկամները պէտք է իմանան, որ Հայաստանը անտէր չէ, որբ չէ, ողջ Սփիւռքը իր կողքին է, հայութիւնը մէկ ու անբաժանելի ամբողջութիւն է։
Ինչ-ինչ պատճառներով ճակատամարտ մը կորսնցուցինք, բայց ոչ՝ պատերազմը։ Ի խնդիր Հայաստանի ու Արցախի անկախութեան ամրապնդման եւ մեր ազգային իրաւունքներու վերահաստատման համահայկական պայքարը կը շարունակուի…։
Համահայկական պայքարը պէ՛տք է շարունակուի՝
– հայոց բանակը վերակազմակերպելով ու զայն արդիական զէնքերով օժտելով։
– մեր սահմանները պաշտպանելով, ի պահանջել հարկին ժողովրդային դիմադրութեան դիմելով։
– մարտունակ ոգիով բանակցութիւններ վարելով։
– համախմբուելով հայրենիքի գերագոյն ու ընդհանրական շահերուն շուրջ։
Եկէ՛ք վերանորոգենք մեր ազգային ուխտը, եւ առաւել հաւատքով ու կամքով գօտեպնդուած ողջունենք զիրար ըսելով՝ Շնորհաւոր Նոր Տարի։ Թող Աստուած օրհնէ մեր ազգին բոլոր զաւակները եւ ամէն տեսակի չարէ ու չարիքէ հեռու պահէ մեր ազգն ու հայրենիքը»,- նշված է Մեծի Տանն Կիլիկիո Կաթողիկոս Արամ Ա-ի ուղերձում։