Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետ Ճեքի Սփիր Ներկայացուցիչներու տան մէջ ելոյթ ունենալով՝ շեշտեց Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական կարգերու ամրապնդման նպաստելու համար յաւելեալ 40 միլիոն տոլարի աջակցութիւն տրամադրելու՝ ներկայացուած առաջարկին ի նպաստ քուէարկելու կարեւորութիւնը, գրում է Asbarez.com-ը։
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու 2020ի ամավարկին արտաքին օժանդակութիւններու բաժինին իբրեւ յաւելուած ներկայացուած այդ առաջարկը Սփիրի կողքին ներկայացուցած էին նաեւ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի միւս համաատենապետը՝ Ֆրենք Փալոն եւ նոյն մարմինին փոխատենապետը՝ Էտըմ Շիֆ։
Իր ելոյթին մէջ, Սփիր դրուատեց Հայաստանի մէջ իրականացուած Թաւշեայ յեղափոխութեան իրագործումները, պատմական այս հանգրուանին Հայաստանի կողքին կանգնելու հրամայականը լուսարձակի տակ առնելով։ «Մեր կարելին պէտք է ընենք այս նոր ժողովրդավարութեան նեցուկ կանգնելու համար», ըսաւ Սփիր։
Ներկայացուցիչներու տան Յատկացումներու յանձնախումբի ատենապետ Նիթա Լօուի եւս ողջունեց Հայաստանի մէջ վերջին մէկ տարուան ընթացքին արձանագրուած դրական զարգացումները, խոստանալով աջակցիլ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական կարգերու ամրապնդման ջանքերուն։
Սակայն, նոյն յանձնախումբին բարձրաստիճան հանրապետական անդամ Հել Ռաճըրզ դէմ արտայայտուեցաւ Սփիրի առաջարկին։
Միւս կողմէ, Կեդրոնական Քալիֆորնիայէն քոնկրեսական Թի. Ճէյ. Քոքս Ներկայացուցիչներու տան մէջ նոյն օրը ունեցած իր ելոյթին ընթացքին շեշտեց Արցախի Հանրապետութեան ուղղակի աջակցութիւն տրամադրելու եւ յատկապէս անոր ականազերծման ջանքերուն նեցուկ կանգնելու կարեւորութիւնը։
Ան այս նպատակով, Սփիրի առաջարկին կողքին ներկայացուց 2020ի պետական ամավարկով Արցախին 1.5 միլիոն տոլարի ուղղակի աջակցութիւն տրամադրելու առաջարկ մը, որուն նեցուկ կը կանգնին քոնկրեսականներ Փալոն, Սփիր եւ Շիֆ։
Յիշեցնենք, որ Մարտ ամսուան ընթացքին, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը մօտէն գործակցած էր Քոնկրեսի Հայկական համախմբումին հետ, նշեալ առաջարկները ներկայացնելու համար Ներկայացուցիչներու տան, անոնք ցարդ առաւել քան 35 քոնկրեսականներու աջակցութիւնը կը վայելեն։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունեց Սփիրի եւ Քոքսի այս յայտարարութիւնները։