Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ 23 նահանգներէ 75 քոնկրեսականներ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Քոնկրեսի Հայկական համախմբումին կողմէ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին գործողութեանց յատկացումներու ենթայանձնախումբի դեմոկրատ ատենապետ Նիթա Լոուիին եւ յանձնախումբին բարձրաստիճան հանրապետական անդամ Հել Ռաճըրզին յղուած նամակին, որուն մէջ կոչ կ՛ըլլայ, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան 2021ի ամավարկին մէջ առնուազն 100 միլիոն տոլարի աջակցութիւն նկատի առնուի Հայաստանին եւ Արցախին, ներառեալ՝ Արցախի ականազերծման ամբողջացման համար հարկաւոր նիւթական զօրակցութիւն։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունեց քոնկրեսականներուն ցուցաբերած զօրակցութիւնը, որ աւելի կարեւոր կը դառնայ այն միջոցին, երբ նախագահ Թրամփի վարչակազմը կ՛առաջարկէ դադրեցնել կեանքեր փրկող Արցախի ականազերծման ծրագիրին տրամադրուող նիւթական աջակցութիւնը։
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց յատկապէս Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համատենապետներ Ֆրենք Փալոնին եւ Ճեքի Սփիրին, ինչպէս նաեւ փոխատենապետ Էտըմ Շիֆին, որոնք նշեալ նամակը հեղինակելու կողքին, կարեւոր աշխատանք տարած են քոնկրեսական զօրակցութիւն ապահովելու համար։
Քոնկրեսականները կ՛առաջարկեն հետեւեալները.
– 1.5 միլիոն տոլարի աջակցութիւն Արցախի ականազերծման եւ մարդասիրական կենսական նպաստներ տրամադրելու ջանքերուն համար.
– 100 միլիոն տոլարի աջակցութիւն Հայաստանին՝ ամրապնդելու համար Միացեալ Նահանգներու հետ քաղաքական, տնտեսական եւ ռազմական գործակցութիւնը.
– Արցախի դէմ արտաքին գործոց նախարարութեան հաստատած ճամբորդական եւ հաղորդակցութեան յարաբերութիւններու արգելքներու վերացում.
– Արգիլում Ատրպէյճանին որեւէ ռազմական աջակցութեան, մինչեւ այն ատեն, որ Պաքուի կողմէ Արցախի եւ Հայաստանի դէմ սպառնալիքները կը շարունակուին:
Քոնկրեսականներուն ամբողջական ցանկը կարելի է տեսնել կայքէջին վրայ։
asbarez.com