Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Հայաստանի մէջ կատարուած վերջին հարցախոյզերուն համաձայն, վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի ժողովրդականութիւնը կը շարունակէ անկում կրել: Դրական երեւոյթ մը, որ կրնայ ցուցանիշ ըլլալ, թէ Հայաստանի ժողովուրդը կ՛արթննայ իր թմբիրէն, կը սթափի իր անտեղի հիփնոսացումէն եւ ատոր իբրեւ հետեւանք` իր զոմպիացուած իրավիճակէն:
Հայաստանաբնակ ժողովուրդը 44-օրեայ պատերազմի աղէտէն եւ անոր յաջորդած իրերայաջորդ սկանտալներէն եւ Սիւնիքի ու Գեղարքունիքի մէջ զարգացումներէն ետք սկսած է գիտակցիլ, որ Դանիոյ թագաւորութեան մէջ փտած բան մը կայ, որ` Փաշինեանը «փրկիչ»-ը չէ, այլ` «կեղծ Քրիստոս» մը, աղէտաբեր մը, որ կրնայ իր մաշկը փոխել, սակայն` ոչ իր էութիւնը:
Արցախեան Բ. պատերազմը յաւերժօրէն խարանեց անոր ճակատը. ան խորհրդանիշ է ու մարմնաւորում` ձախողութեան, պարտութեան, Լիբանանէն աւելի մեծ տարածքի կորուստի, հողատուութեան եւ հազարաւոր կեանքերու կորուստի:
Աւելի՛ն. Փաշինեան իր գործերով եւ խօսքերով փաստեց, որ իրեն համար անարժէք է հայրենի հողը, ուստի եւ, ըստ իրեն, չ՛արժեր տարուան կէսը ձիւնածածկ եղող լեռներու համար կամ Սեւ լիճի 30 առ հարիւրին համար պայքարիլ: Դժբախտաբար թշնամին իրաւամբ կը գիտակցի այդ «անկարեւոր» տարածքներուն ռազմավարական արժէքին ու մեծ ախորժակով ու հաճոյքով կուլ կու տայ զանոնք:
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատարը աշխարհի վրայ միակ քաղաքական գործիչն է, որ կը հաւատայ եւ հրապարակաւ կը յայտարարէ, թէ պարտութիւնն ու ատոր հետեւանքները հպարտալի են… Արդեօք խորհրդարանական ընտրութիւններուն եթէ պարտութիւն կրէ, դարձեալ հպարտ պիտի զգա՞յ:
Կը մնայ տեսնել, թէ նիկոլապաշտներուն ու տակաւին չկողմնորոշուածներուն սթափումը որքա՛ն թափ ու կշռոյթ պիտի ստանայ եւ ըստ այնմ ազդէ 20 յունիսին նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքին վրայ: 20 յունիսին կայանալիքը սովորական ընտրութիւններ չեն: Փաշինեանի եւ Հայաստանի ապագան զիրար կը հակասեն. եթէ առաջինին համար «ապագայ կայ», ապա կը նշանակէ, որ երկրորդինը մեծ հարցականի տակ է. ուստի պետութեան, պետականութեան ու սերունդներու ապագան ապահովելու համար հարկ է ունենալ «առանց Նիկոլի Հայաստան»:
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
aztagdaily.com
© 2024 Yerkir.am Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են։