կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-11-17 10:40
Աշխարհ

Հայ Դատը Նեցուկ Կը Կանգնի Փորթանթինոյի Ընտրապայքարին

Հայ Դատը Նեցուկ Կը Կանգնի Փորթանթինոյի Ընտրապայքարին

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին ու անոր Պըրպենքի, Կլենտէյլի, Փասատինայի եւ Քրեսենթա հովիտի մասնաճիւղներուն ներկայացուցիչները 13 Նոյեմբերին հանդիպում մը ունեցան Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինոյի հետ, պաշտօնապէս յայտարարելով, թէ որոշած են նեցուկ կանգնիլ անոր վերընտրութեան պայքարին։

Փորթանթինօ կը ներկայացնէ Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի 25րդ ընտրատարածքը, որուն սահմաններուն մէջ կ՛իյնան՝ Պըրպենք, Կլենտէյլ, Լա Քընիատա Ֆլինթրիճ, Լա Քրեսենթա, Մոնթրոզ, Փասատինա, Սանլենտ-Թահանկա եւ այլ քաղաքներ ու տարածքներ։

Նշենք, որ Փորթանթինօ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ եղած է Դեկտեմբեր 2006էն մինչեւ Դեկտեմբեր 2012: Հայութեան նեցուկ կանգնելու կողքին (ան ամէն տարի համահեղինակը եղած է Հայոց Ցեղասպանութինը ճանչցող բանաձեւին), Փորթանթինօ նաեւ ջատագովը եղած է նահանգային իշխանութեանց բարեկարգման եւ անոնց թափանցիկ գործունէութիւնը ապահովելու ջանքերուն:

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեան յայտարարեց, թէ Ծերակոյտին մէջ եւս Փորթանթինօ շարունակած է հայանպաստ իր գործունէութիւնը, օգտակար հանդիսանալով ոչ միայն տեղւոյն հայ համայնքին, այլ նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն։

Փորթանթինօ իր քաղաքական ասպարէզի առաջին օրերէն սկսեալ նեցուկ կանգնած է Հայ Դատին եւ հասած է հայ համայնքի կարիքներուն՝ վերջին երկու տասնամեակներուն մօտէն գործակցելով Հայ Դատի յանձնախումբին հետ։ Ան Քալիֆորնիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի առեւտուրի, արուեստի ու մշակոյթի փոխանակման յատուկ յանձնախումբը կեանքի կոչած է, նպաստելով նահանգին եւ Հայաստանի ու Արցախի միջեւ յարաբերութիւններու սերտացման։ Իբրեւ նշեալ յանձնախումբի ատենապետ՝ ան քանի մը առիթներով Հայաստան եւ Արցախ այցելած է։ Ան յատկանշական աջակցութիւն ցուցաբերած է նաեւ նահանգային ներդրումները Թուրքիայէն ետ քաշելու բանաձեւին հաստատումը ապահովելու աշխատանքին։

Փորթանթինօ նաեւ նահանգային ամավարկին մէջ յաւելեալ 3 միլիոն տոլարի օժանդակութիւն ապահոված է Կլենտէյլի մէջ կառուցուելիք Հայ-ամերիկեան թանգարանին համար, ինչպէս նաեւ յաւելեալ գումարներ ապահոված է՝ իրականացնելու համար նահանգի վարժարաններուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդման բաժինը ընդարձակելու ծրագիրը, շարք մը այլ ծրագիրներու կողքին:

Յիշեցնենք, որ 2017ի Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկին ընթացքին, Փորթանթիոյին յանձնուած էր «Տարուան Օրէնսդիրը» մրցանակը։

Փորթանթինօ ողջունեց Հայ Դատի յանձնախումբին այս որոշումը՝ դրուատելով անոր կամաւորներուն տարած արդիւնաբեր աշխատանքը:

Իրենց կարգին, Պըրպենքի, Կլենտէյլի, Փասատինայի եւ Քրեսենթա հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբերու ատենապետները, յաջորդաբար՝ Սարգիս Սիմոնեան, Լուսի Պետրոսեան, Շողիկ Եփրեմեան եւ Ալիս Չալեան Մանուկեան դրուատեցին Փորթանթինոյի հայանպաստ քայլերը, խոստանալով գործնապէս աջակցիլ անոր ընտրապայքարին:

asbarez.com