կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-04-30 15:50
Հասարակություն

Սիրիայի հայ համայնքը, հաղթահարելով դժվարություններն ու դիմակայելով վտանգներին, շարունակեց և շարունակում է իր ազգային աշխույժ կյանքը

Սիրիայի հայ համայնքը, հաղթահարելով դժվարություններն ու դիմակայելով վտանգներին, շարունակեց և շարունակում է իր ազգային աշխույժ կյանքը

Սուրիոյ հայ համայնքը սուրիական տագնապին եւ ահաբեկչութեան դէմ Սուրիոյ պատերազմի տարիներուն իր գոյութիւնը պահեց շնորհիւ իր կազմակերպուածութեան, վարած քաղաքականութեան ու յանձնառու հայ երիտասարդներու նուիրական ծառայութեան, նոյնիսկ նահատակութեան։

Համայնքը, որպէս Սուրիոյ ժողովուրդին մէկ մասնիկը, կրելով պատերազմի ծանր հետեւանքներն ու դէմ դնելով այլազան վտանգներուն, պահեց իր ներքին ամրութիւնն ու հաւասարակշռուած մօտեցումները՝ նուազագոյն վնասներով դուրս գալու պատերազմէն։

Սուրիոյ հայութեան մասին մերթ ընդ մերթ կը հրապարակուին այնպիսի լուրեր, որոնք ոչ միայն հաւաստի տեղեկութիւններ չեն, այլեւ սուրիահայութեան հետ ոչ մէկ առնչութիւն ունին։ Սուրիահայութիւնը ունի իր պաշտօնական բանբերներն ու թերթը, որոնց ճամբով կ՚արտացոլան հայ համայնքին աշխատանքներն ու մօտեցումները, հաղորդագրութիւններն ու կոչերը։

Մեր համայնքի զաւակները, Սուրիոյ բոլոր շրջաններուն մէջ կը շարունակեն ազգային, միութենական կառոյցներուն շուրջ համախմբուած իրենց կեանքը։ Աւելին. ինչպէս Հալէպի այնպէս ալ Գամիշլիի, Դամասկոսի, Քեսապի, Լաթաքիոյ մէջ եւ այլուր, նուիրեալ ու արի հայ երիտասարդները ամէն միջոցի դիմած են ու կը դիմեն պաշտպանելու մեր ազգային կառոյցներն ու տիրութիւն ընելու ժողովուրդին, երբեմն իրենց կեանքին իսկ գնով։

Հայութիւնը, Սուրիոյ ողջ տարածքին, յաղթահարելով դժուարութիւններն ու դիմակայելով վտանգները, շարունակեց ու կը շարունակէ իր ազգային աշխոյժ կեանքը ու լծուած է վերականգնումի աշխատանքին՝ հաւատալով, որ սուրիական տագնապը պիտի լուծուի քաղաքական բանակցութիւններու ճամբով, Սուրիա ներխուժած օտար ուժերուն դուրս բերումով ու Սուրիոյ գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան ամրագրումով։

«Գանձասար», Հալեպ, Սիրիա