|
Փոխարժեքներ
18 11 2025
|
||
|---|---|---|
| USD | ⚊ | $ 381.72 |
| EUR | ⚊ | € 442.6 |
| RUB | ⚊ | ₽ 4.7045 |
| GBP | ⚊ | £ 502.04 |
| GEL | ⚊ | ₾ 140.99 |
«Գանձասար», Հալեպ-Մօտաւորապէս երկու շաբաթէ ի վեր Սուրիոյ համարեա՛ բոլոր նահանգներուն մէջ ԱՄՆ-ի կողմէն Սուրիոյ տնտեսութիւնը քայքայել միտող արգելքներու եւ անբարեխիղճ պատժամիջոցներու հետեւանքով վառելանիւթի եւ յատկապէս պէնզինի սուր տագնապը բնակչութեան առօրեան կը ջլատէ:
Ըստ պետական աղբիւրներու, Սուրիոյ ճգնաժամին հետեւանքով քարիւղի արդիւնահանման ծաւալները աննախադէպ նահանջ արձանագրած են: Ուստի Սուրիոյ կառավարութիւնը պետական եւ անձնական փոխադրամիջոցներուն յատուկ որոշակի յատկացումներով պէնզինի տրամադրման քանակը ժամանակաւորապէս նուազեցուցած է:
Հարիւրաւոր մեթր երկարող մեքենաներուն կարգի սպասման աննախադէպ շարքը ակնառու երեւոյթ է պէնզինի կայարաններուն դիմաց: Քաղաքներուն մէջ երուզեռը նկատելիօրէն նուազած է: Վարորդները 20 լիթր պէնզին ապահովելու յոյսով կը ստիպուին ամբողջ օրը կարգի սպասել:
Սակայն երէկ «Շամ» լրատու գործակալութիւնը յայտնեց, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը ճգնաժամի լուծման համար վերականգնած է Պանիասի քարիւղի վերամշակման գործարանը, վերաշխուժացնելով սուրիական շուկային քարիւղային նիւթերու, յատկապէս պենզինի ու տիզելի տրամադրումը: Քարիւղամթերքի պահեստաւորման եւ բաշխման սուրիական ընկերութեան տնօրէն Մուսթաֆա Հասանով «Շամ FM»-ի յայտնած է, որ գործարանը այսօր կամ ամէնէն ուշ Կիրակի օր սուրիական շուկան պէնզին եւ տիզելային վառելանիւթ պիտի սկսի մատակարարել, ընդլայնելով բաշխումներուն քանակը բոլոր նահանգներուն մէջ:
Պետական մարմինները կը զգուշացնեն բնակչութիւնը թելադրելով արկածներէ խուսափելու համար պէնզինը չամբարել կերպընկալէ տակառներու մէջ: