Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ, Մայիս 8-11 գումարուեցաւ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի յանձնախումբերու և գրասենեակներու համաժողովը։
Խորհրդաժողովին մասնակցեցան Հայ Դատի աւելի քան 25 յանձնախումբերէն և գրասենեակներէն, եւՀ.Յ.Դ. կուսակցական մարմիններէն մօտ 65 ներկայացուցիչներ։
Խորհրդաժողովի օրակարգին հիմնական կէտերն էին.
Խորհրդաժողովը քննարկեց Հայ Դատի աշխատանքներու ընթացքը 2015-ի Յունուարէն առ այսօր։
ՀայԴատի աշխարհասփիւռ գրասենեակներն ու յանձնախումբերը, աւարտելով իրենց գումարած քառօրեայ խորհրդաժողովը, կը յայտարարեն.
- Իրենց ամբողջական ու անվերապահ աջակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ու ժողովուրդին՝ ընդգծելով, որ յաւելեալ վճռակամութեամբ պիտի շարունակեն Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչման, բարգաւաճման ու անվտանգութեան ապահովման ուղղված իրենցջանքերը:
- Կը դատապարտեն Ազրպէյճանի կողմէ մայիս 1994-ի զինադադարի եռակողմ համաձայնութեան շարունակական խախտումներն ու ապրիլի 2-ին շղթայազերծած յարձակումը եւ անընդունելի նկատելով անոնց առնչութիամբ ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խումբի համանախագահներուն ու ընդհանրապէս միջազգային ընտանիքին՝նախայարձակն ու անոր զոհին նոյն նժարին վրայ դնող յայտարարութիւնները՝ կը պահանջէ որդեգրումը յստակ ու արդար գնահատանքի, ինչըկրնայ միայն նպաստել ղարաբաղեան հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման:
- Կը վերանորոգեն Հայոց Ցեղասպանութեանմիջազգային ճանաչման, փոխհատուցման ու հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան նկատմամբ իրենց յանձնառութիւնը:
- Իրենց աջակցութիւնը կը յայտնեն Հայաստանի Հանրապետութեանբարգաւաճման, անվտանգութեան ապահովման ու միջազգային հեղինակութեան զարգացման ջանքերուն:
- Իրենց զորակցութիւնը կը յայտնեն Ջաւախքի հայութեան՝ իր քաղաքական, կրթական-մշակութային և հոգեւոր իրաւունքներու պաշտպանութեան և ընկերային-տնտեսական վիճակի բարելաւման ուղղութեամբ քայլերուն։
- Առաւել թափով պիտի շարունակեն քաղաքական յարաբերութիւններու ճամբով անվտանգութեան եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ՝ Սուրիոյ եւ Հայաստանի մէջ գտնուող սուրիահայութեան մարդասիրական միջազգային աջակցութիւն ապահովելու նպատակով աշխատանքները։
Հայ Դատի գրասենեակներ եւ յանձնախումբեր
Ստեփանակերտ, 11 մայիս 2016